Որոնել

Համաճարակի զոհերուն համար աղօթք Համաճարակի զոհերուն համար աղօթք 

Եւրոպայի Եկեղեցւոյ աղօթքը համաճարակի զոհերուն համար։

Եւրոպայի եպիսկոպոսները աղօթքի յատուկ ձեռնարկ մը որդեգրած են Քովիտ19 ժահրի 770 հազար զոհերուն համար։ Ամէն մէկ երկիր քառասնորդացի մէկ օրուայ պատարագը պիտի նուիրէ անոնց յիշատակին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահները հրաւէր ուղղած են Եւրոպայի բոլոր եկեղեցիներուն առաջարկելով աղօթքի ցանց մը, պատարագներու շղթայ մը,  որ սկիզբ պիտի առնէ չորեքշաբթի 17 փետրուարին Լատինաց մօտ «Օր մոխրոցի» օրը ու պիտի շարունակուի բոլոր քառասնորդացի ընթացքին։ Ան կը կայանայ յատուկ յիշատակութեամբ բոլոր անոնց՝ որոնք Քովիտ 19 համաճարակի զոհը դարձան։ Անոնց թիւը աշխարհի մէջ գերազանցեց երկու միլիոնը եւ Եւրոպայի մէջ 770 հազարը։

Աղօթք բոլոր անոնց համար՝ որոնք տագնապի առաջնագիծի վրայ են

«Շատ մը առիթներով, Եւրոպայի եպիսկոպոսները իրենց ձայնը միացուցին Ֆրանչիսկոս Պապին ձայնին վերահաստատելու համար Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը բոլոր անոնց՝ որոնք կը պայքարին քորոնաժահրին դէմ, զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն, հիւանդներուն ու առողջապահական գործիչներուն, կամաւորներուն ու բոլոր անոնց, որոնք առաջնագիծի վրայ են, մարդկութեան դիմագրաւած այս նուրբ պահի ընթացքին» գրուած է Եւրոպայի Եպիսկոպոսներուն այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ, ուր ապա կը նշուի՝ թէ իրենք պարտականութիւն համարած են Պատարագի միջոցաւ յիշել համաճարակի բազմաթիւ զոհերը ու այս մէկը ընել քառասնորդացի շրջանին, առ նուազն մէկ պատարագ նուիրելով անոնց յիշատակին, ու նաեւ յիշել սգաւոր ընտանիքները ու բոլոր անոնք՝ որոնք այս պահուն  թիրախ են վիրուսին եւ որոնց կեանքը վտանգուած է։

Հաղորդութեան եւ յոյսի նշան

«Ձեռնարկը կ՛ուզէ հանդիսանալ հաղորդութեան եւ յոյսի նշան մը»  հաստատած է այս առթիւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի Նախագահը՝ կարդինալ Անճելօ Պանիասքոն դիտել տալով՝ որ «բոլորս միացած ենք մեր քրիստոնեայ հասարակութիւններուն շուրջ, մեր քահանաներուն, երախտապարտ ըլլալով բոլոր անոնց, որոնք կը շարունակեն նուիրուիլ կարիքաւոր անձերուն, խօսքով ու մասնաւորապէս աղօթքով թիկունք կանգնելու համար անոնց յանձնառումին, որպէսզի բոլորս միասին կարողանանք նայիլ աւելի լաւ ապագայի մը»։

Աղօթքի ցանցի յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ 17 փետրուարին Աւստրիոյ եւ Ալպանիայի մէջ ու վերջ պիտի գտնէ մէկ ապրիլին Հունգարիոյ մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2021, 11:00