Որոնել

Արհիապատիւ Նշան Արքպ. Գարաքէհէեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։

«Դուն եղար հոգիներու բժիշկ, լսելով մեղքերը ու չարչարուած մարդոց տալով արձակումը» ըսաւ ի մէջ այլոց Գերապայծառ Մինասեանը հաստատելով, որ «այսօր Քրիստոս ու Անոր Սուրբ Մայրը՝ որուն նուիրեցիր ամենօրեայ սուրբ վարդարանի աղօթքը քեզ կ՛ընկալեն երկնքի մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ

Չորեքշաբթի 17 փետրուար 2021ի առաւօտեան, Գիւմրիի սրբոց նահատակաց աթոռանիստ մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ յուղարկաւորութեան  արարողութիւն զոր նախագահեց Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Արքպ. Մինասեանը վասն Հոգւոյն Հանգստեան Արհիապատիւ Նշան Արքպ. Գարաքէհէեանի։

Սրբազան Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ մօտ  Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Խօսէ Պեթանգուրը ինչպէս նաեւ թեմին բոլոր հոգեւորականները, Մխիթարեան միաբանութեան հայրերը, Անարատ Յղութեան միաբանութեան հայ Քոյրերը, սրբոց հրեշտակապետաց նորընծայարանի սաները իրենց մեծաւորներուն հետ, հանգուցեալի հարազատները եւ հաւատացեալներու հոծ  բազմութիւն մը:

Գերապայծառ Մինասեանի քարոզը

Սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Գերապայծառ Մինասեան յիշելով Սուրբ Պօղոսին խօսքերը  «Պատերազմեցայ բարի պատերազմը, աւարտեցի ընթացքս, պահեցի հաւատքս» հաստատեց՝ թէ հայր Նշան Արքեպիսկոպոսը նոյնը կատարեց. Պատերազմեցաւ բարի պատերազմը ու այժմ մեկնեցաւ առ Հայր։

«Դուն եղար հոգիներու բժիշկ, լսելով մեղքերը ու չարչարուած մարդոց տալով արձակումը» ըսաւ ի մէջ  այլոց Գերապայծառ Մինասեանը  հաստատելով,  որ «այսօր Քրիստոս ու Անոր Սուրբ Մայրը՝ որուն նուիրեցիր ամենօրեայ սուրբ վարդարանի աղօթքը քեզ կ՛ընկալեն երկնքի մէջ»։

Հայր Նշան, Սրբազան հայր, շարունակէ քու բարեխօսութիւնդ Հօր Աստուծոյ դիմաց, մեզի համար, մեր հայրենիքին, մեր համայնքի հաւատացեալներուն, մեր Միաբանութեան եւ բոլոր կղերին համար, աստուածային օրհնութիւնը, նախախնամութիւնը ու մնայուն ներկայութիւնը հայցելով մեր կեանքին մէջ» ըսաւ Գերապայծառ Մինասեան իր քարոզի աւարտին։

Պապական նուիրակի խօսքը

Արարողութեան ընթացքին իր սրտի խօսքը արտասնեց նաեւՊապական Նուիրակ գերապայծառ Պեթանգուրը, որ ներկաներուն փոխանցեց իր եւ Ֆրանչիկսոս Պապին ցաւակցութիւնները, յիշելով հանգուցեալ գերապայծառ հօր՝ 2 Յուլիս  1966ին  քահանայական ձեռնադրութեան  թուականը ու այդ թուականէն սկսեալ անոր առաքելութեան հանգրուանները, որոնք յատկանշուեցան ուրախութիւններով բայց նաեւ այն գիտակցութեամբ,  թէ կարելի չէ հիմնուիլ մեր  անձնական ուժերուն վրայ, այլ միայն Աստուծոյ հաւատարմութեան վրայ, զոր կանչուած ենք բացայայտել եւ ընկալել մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան մէջ»։

«Ամէն մէկ քահանայի ու մասնաւորապէս եպիսկոպոսի կեանքի ուղեւորութեան մէջ ի յայտ կու գայ այն ճշմարտութիւնը, թէ մենք պէտք է մերկանանք ամէն մէկ ինքնաբաւարարութեան հայցադիմումէն, որպէսզի Յիսուս՝ Տէրը ըլլայ ան, որ ամէն ինչ կը լիացնէ իր շնորհքով» ըսաւ ապա Գերապայծառ Պեթանգուր մատնանշելով՝  թէ ինչպէս Գերապայծառ Նշանի վերջին տարիներու հիւանդութիւնը զինք ուղղեց հաստատ կերպով ընթանալու, «դէպի այն բանին, որ պէտք է ներգրաւէ մեր բոլորի ուշադրութիւնը. Վերջին ճամբորդութեան խորհուրդը, այն անցքը ուր իրապէս պէտք է լքենք մեր երկրային կեանքին պատկանող ամէն ստացուածք յաւիտենապէս դառնալու Յիսուսին աշակերտները, Անոր զատկական անցքին մէջ»  ըսաւ գերապայծառ Պեթանգուրը դիտել տալով նաեւ թէ յատուկ նշանակութիւն ունի, որ Հայր Նշանին անցքը տեղի ունեցաւ քառասնորդացի նախօրեակին, Սուրբ Զատկուան համար պատրաստութեան շրջանը, Կեանքի Տիրոջ հետ միասին մտնելու համար այն թագաւորութեան մէջ, որ մայրամուտ չի ճանչնար։

Ան ապա խօսքը աւարտեց մաղթելով՝ որ «Տէրը Գերապայծառ Նշանին պարգեւէ շնորհքը վայլելու Յարուցեալ Քրիստոսին դիմագիծի գեղեցկութիւնը՝ լսելու համար անոր ձայնը որ կ՛ըսէ «եկուր ինծի հաւատարիմ եւ բարի ծառայ, մտիր Տիրոջդ ուրախութեան մէջ»

Նշենք թէ Սուրբ Պատարագի աւարտին առաջնորդարանի մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհացը։

Յիշատակն Արդարոյն Օրհնութեամբ Եղիցի

Տեղեկութիւնները Գերյ. Հ. Գառնիկ Ծ. Յովսէփեանէն

 

Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեանի
Նշան Արքեպիսկոպոս Գարաքէհէեանի

 

«Ես եմ Յարութիւն և կեանք»

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերը, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութիւնը, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդութիւնը, սրտի խոր կսկիծով և յուզումով կը գուժեն Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Ատանայի Հայոց, Արհի. Հ. Նշան Արք. Գարաքէհէեանի վախճանումը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, Երկուշաբթի, 15 Փետրուար 2021-ին:

Կենսագրութիւն

Նշան Եպս. Գարաքէհէեան աւազանի անուով Եղիա, ծնած է 1932թ. Ապրիլ 17-ին՝ Յունաստանի Բիրիա քաղաքը:

1948թ. մուտք գործած է Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Վանքի փոքր ընծայարանը և Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մատրան մէջ, ինքզինքը նուիրած է Աստուծոյ:

1955թ. կ'առաքուի Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարան և մինջեւ 1961թ․ Հռոմի Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանին մէջ կը ստանայ Փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսում:

1960թ. Յուլիս 2-ին կ’օծուի կուսակրօն քահանայ։

1961թ. Փոխտեսուչի և ուսումնապետի պաշտօն կը վարէ Զմմառու Տիրամօր Վանքի Ս. Միքայէլ փոքր ընծայարանին մէջ։

1963թ. կը նշանակուի Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ օգնական ժողովրդապետ, Պուրճ Համուտ, Լիբանան։

1968թ. Փոխ ժողովրդապետ՝ Ս. Եղիա - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ, Պէյրութ, Լիբանան։

1969թ. Տնօրէն՝ Զմմառեան Ճեմարանի, Լիբանան:

 1976թ. Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ վանքին Մեծաւոր։

1978թ. Ժողովրդապետ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Սան Փաոլօ, Պրազիլ։

1982թ. կ'անուանուի Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց՝ Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ:

1985-1986թթ. ներքին մատակարար՝ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին եւ օգնական ժողովրդապետ՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցւոյ, Աշրաֆիէ, Լիբանան:

1986-1987թթ. Ժողովրդապետ՝ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ, Զալքայ, Լիբանան:

1987-1988թթ. Ժողովրդապետ՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցւոյ, Աշրաֆիէ, Լիբանան։

1988թ. կը մեկնի Ֆրանսա, ուր կը նշանակուի ժողովրդապետ՝ Մարսիլիոյ եւ Հարաւային Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց։

1991-2015թթ. իրեն կը վստահուի նաեւ Պատրիարքական Փոխանորդի պաշտօնը Յունաստանի Կաթողիկէ Հայոց:

1993թ. կ'անուանուի Առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ՝ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Կաթողիկէ Հայոց։

2000-2015թթ. Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդոսը զինք կ'ընտրէ Իրանի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ իբր յաջորդ լուսահոգի Վարդան Եպս. Թէքէեանի:

2001թ. Յունուար 28-ին, եպիսկոպոս կը ձեռնադրուի՝ ձեռամբ Ներսէս – Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, Պէյրութի Ս. Եղիա - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։

2005թ. Ապրիլ 2-ին՝ երջանկայիշատակ Ս. Յովհաննէս – Պօղոս Բ. Քահանայապետի կողմէ կը նշանակուի Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ՝ Ատանայի Հայոց Արքեպիսկոպոսի տիտղոսով մինջեւ 2010 թուականը։

Վերջին տարիներուն՝ վաստակաշատ Գերապայծառը մնայուն կերպով բնակութիւն հաստատած էր Երեւանի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդական նստավայրին մէջ, ուր Եկեղեցւոյ Սուրբ Խորհուրդներով զօրացած՝ իր մահկանացուն կնքեց իր կեանքի 89-րդ և Քահանայութեան 61-րդ տարին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2021, 13:54