Կարդինալ Սանտրի «թող Սուրբ Մարունի բարեխօսութեամբ լուսաւորուի բոլոր անոնց միտքերը, որոնք կ՛ որոշեն Լիբանանին բարիքը։»
Երեքշաբթի, 9 փետրուարին, Մար Մարունի տօնին առիթով, Հռոմի քահանայապետական Մարոնիներու վարժարանի եկեղեցիէն ներս, Սուրբ Պատարագ մատուցուեցաւ, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Լեոնարտօ Սանտրին։
Այս առթիւ արտասանած պատգամին մէջ ծիրանաւորը յիշեց Լիբանանը ուր 5 -րդ դարուն սուրբ Մարունը կեանք տուաւ , հոգեւորական, կրօնաւորական նոր միաբանութեան մը։ Կարդինալ Սանտրի անդրադարձաւ նաեւ անցեալ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ տեղի ունեցած պայթումին, Լիբանանցի ժողովուրդի ջանքերուն որոնք կը գտնուին տնտեսական քաղաքական եւ ընկերային ծանր պայմաններու տակ։
Արեւելեան եկեղեցիներու կառավարիչը, ապա Մար Մարուն սուրբին յանձնեց Մարոնիներու եկեղեցին, լիբանան ու աշխարհի մէջ տարածուած բոլոր Լիբանանցիները։
Ան Սուրբ Մարունի բարեխօսութիւնը հայցեց համաճարակի տառապանքի աւաrտին համար, եւ ունենալու անմեղ ու մաքուր սիրտ մը, որպէսզի հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն միշտ անդրադառնանք, որ արժէքաւոր քարը, Յիսուս Քրիստոսը, երբեք չէ խլուած մեզմէ եւ բոլորս երբեք չենք ուզեր hեռանալ Քրիստոսէ։