Որոնել

Աղթամարի Կղզին  Աղթամարի Կղզին  

Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Երիտասարդը դէմ առ դէմ: Երջանկութիւն եւ ժամավաճառութիւն

Կեանքի փորձով հարուստ անձ մը կ՛ըսէր. «Ուրիշին երջանկութեան հանդէպ անտարբերութիւնս պատճառ դարձաւ, որ իսկական երջանկութիւնը գտնեմ»:

Մարդ էակը իր աչքերը աշխարհին կը բանայ, անգիտակցաբար երջանկութեան փնտռտուքին նուիրելով իր անձը: Գիտակից տարիները կամ չափահասութիւնը առաւել եւս կը շեշտեն անոր մէջ սոյն փնտռտուքին կարեւորութիւնը, զինք մղելով վազելու անոր ետեւէն: Լաւ ընտանիք ունենալը, զաւակներուն համար կեանքի լաւ պայմաններ ստեղծելու փափաքը, զանոնք բարձրագոյն կրթութեամբ իրենց ապագային նուիրելը եւ այլ բազմաթիւ իղձեր, երջանկութեան հասնելու բացայայտ ձգտումներ են:

Երջանկութիւնը որսալու սոյն նշանառութիւնը բնական եւ արդար ցանկութիւն է, որովհետեւ մարդ էակը չէ ծնած տառապելու համար: Այլապէս ինչո՞ւ Արարիչը կեանքով պիտի պատուէր իր նմանութիւնը եղող էակը, որուն իբրեւ մեծագոյն պարգեւ կու տայ կեանքը: Ուրեմն, կեանքը մեծագոյն պարգեւն է զոր մարդը ստացած է Աստուծմէ, իսկ անոր շարունակականութիւնը՝ զաւակներու ծնունդով, նոր պարգեւներու ստացում է պարզապէս: Բժշկական գիտութեան յառաջդիմութենէն առաջ, երբ ապագայ ծնողներ չէին կրնար գիտնալ ծնելիք երեխային ո՛չ սեռը, ո՛չ ալ առողջական դրութիւնը, յանկարծակիի կու գային, երբ ծննդաբերութեան պահուն տխեղծ, հաշմանդամ կամ կոյր երեխան իրենց գիրկը կը դնէր դայեակը, ըսելով. «Աստուծոյ պարգեւն է այս»: Անցեալ դարու զոյգերն եւս չէի՞ն մտածեր, որ իրենք երջանիկ ըլլալու համար ծնած են. անոնք ալ չէի՞ն ակնկալեր, որ ամուսնութիւնը առաւել պատճառ պիտի դառնար իրենց երջանկութեան. անոնք ալ չէի՞ն երազեր, որ առողջ ու գեղեցիկ զաւակներ պիտի ունենային: Սակայն, անոնցմէ շատեր դժբախտացան, իրենց երջանկութեան երազները անցեալին մէջ թաղելով: Նոյն աստուածավախ մօտեցումը այսօր եւս ունին հաւատաւոր ծնողներ, որոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն նման երեխաներու նկատմամբ, իրենց տան մէջ մեծցնելով զանոնք:

Արկածները ուրիշ պատճառներ են, որ մարդոց կողմէ ըղձալի երջանկութիւնը անրջային մառախուղին մէջ մնայ եւ կորսնցնէ իր նախկին փայլքը: Մարդոց աչքերուն մէջ փայլող նախկին երջանկութիւնը յանկարծ կրնայ նսեմանալ, մթագնիլ եւ նոյնիսկ չքանալ, երբ անակնկալ արկած մը յեղաշրջէ իրենց կեանքը: Ստացուած ֆիզիքական թերութիւն մը՝ տեսողութեան կամ լսողութեան կորուստ, հաշմանդամութիւն եւ այլ մարմնական թերութիւններ կրնան ո՛չ միայն ձեւափոխել մարդու արտաքին երեւոյթը, այլեւ ազդել անոր հոգեկան դրուածքին վրայ եւ մանաւանդ հետագայ արդիւնաւորութեան: Այն աշխատանքը, որ ան պատրաստ էր կատարելու մեծ արիութեամբ, ստացած ֆիզիքական թերութեան պատճառով կրնայ հրաժարիլ զայն իրականացնելէ, քաջ գիտնալով, որ կատարեալ պիտի չըլլայ իր գործին արդիւնքը:

Երջանկութիւնը հետզհետէ կրնայ հեռանալ մեզմէ, երբ յանդգնինք զայն փնտռել մեր կարելիութեան սահմաններէն դուրս: Թագաւորը իրեն յատուկ երջանկութիւն պիտի հետապնդէ, սովորական քաղաքացին՝ իրեն յատուկ: Իր չափերուն եւ կարողութիւններուն անտեղեակ մարդը ինչքան ալ վազէ երջանկութեան ետեւէն, բնաւ պիտի չյաջողի հասնիլ անոր: Երջանկութիւնը մեծ ոստումներով կը հեռանայ անոր քովէն, որ կը փորձէ անարժանաբար եւ անպայման հասնիլ իրեն:

Ո՛չ վարչակարգեր եւ ոչ ալ պետական իշխանութիւններ կրնան քմահաճօրէն Մարդկային կեանքի մէջ ընկերային խաւեր ստեղծել: Անոնք միշտ եղած են, աշխարհի վրայ մարդ էակի ստեղծումէն մինչեւ այսօր: Հաւասարութեան բարոյախօսական կանոնները կրնան ազդեցութիւն ունենալ բարձր խաւի մարդոց վրայ, զանոնք հրաւիրելով գթասրտութեան, կարեկցանքի եւ հոգատարութեան: Սակայն անկարելի է վերոյիշեալ խաւին ամբողջական վերացումը մարդկային ընկերութենէն: Այնպէս ինչպէս կարելի չէ ֆիզիքական նոյնութեամբ պատկերացնել համայն մարդկութիւնը, նոյնպէս ալ կարելի չէ՛ ամբողջական հաւասարութիւն ստեղծել մարդկային ընկերութեան մէջ:  Հարուստի, աղքատի եւ միջին դասակարգի խաւերը ամէն տեղ կան ու պիտի ըլլան:

Երջանկութիւնը նաեւ ի յայտ կու գայ ներդաշնակութեան մէջ, երբ վերոյիշեալ խաւերը կ՛ապրին առանց զիրար անարգելու, կը ճանչնան զիրար եւ կը համագործակցին: Խոնարհ խաւին ունեցած նախանձը, ինչպէս նաեւ բարձր խաւին անոնց նկատմամբ արտայայտած արգահատանքը յաճախ պատճառ կը դառնան, որ խոնարհ խաւը փորձէ հասնիլ այն վիճակին, որ ըստ իրեն, երջանկութիւնն իսկ է: Անշուշտ իննսուն տոկոսով նման մտածողութեամբ կազմաւորուած խոնարհ խաւը չի կրնար գիտնալ, որ երջանկութիւնը եւս յարաբերական երեւոյթ է, եւ բարձր խաւին համար ալ դեռ երջանկութեան հասնելու ճամբայ կայ, սակայն երբեմն միջոցները կը պակսին…։

Երջանկութիւնը կորսնցնելու դժբախտ այլ պարագայ մը եւս կայ, որ վերջնականապէս մեզ կր հեռացնէ իրմէ. ուրիշին երջանկութեամբ զբաղելու ժամավաճառութիւնն է այդ: Մեծ առաքինութիւն է ուրիշը երջանկացնելու համար մեր տրամադրած ժամանակը, սակայն ուրիշին երջանկութեամբ զբաղուիլը, անոր ինչքա՞ն երջանիկ ըլլալը քննարկումի նիւթ դարձնելը կամ անոր վայելած երջանկութեան հասնելու ձգտումը անիմաստ հեռանկարներ են, որոնք ինքնակործանման կ՛առաջնորդեն մարդը:

Երջանկութիւնը իւրաքանչիւր մարդու տան դռան առջեւ կանգնած է: Անիկա նոյնիսկ թագաւորին պալատին դարպասէն ներս երբ մերժէ մտնել, սովորական քաղաքացիները կամ թագաւորին հպատակները տեղեակ չեն ըլլար, կարծելով, որ թագաւորը աներեւակայելի երջանկութեամբ կ՛արբենայ: Իւրաքանչիւր մարդ իմաստութիւնը պիտի ունենայ, պարզապէս իր տան դռան առջեւ կանգնած երջանկութեան դիմաց դուռը բանալ եւ ներս հրաւիրել զայն: Սակայն, կը պատահի նաեւ, որ մարդը չի լսեր իր տան դռան առջեւ զինք կանչող երջանկութեան ձայնը, իր առանձնասենեակին մէջ նստած եւ ուրիշին երջանկութեամբ զբաղած ըլլալուն պատճառով…։

Իւրաքանչիւր մարդու կեանքը Աստուծմէ տրուած պարգեւ մը ըլլալով, տուեալ անձին սեփականութիւնն է: Դուն իրաւունք չունիս անոր մանրամասնութիւններով զբաղելու: Իւրաքանչիւրին իրաւունքն է ունենալ իր նախասիրութիւնները, աշխատելաոճը, ընկերները, ինչպէս նաեւ գաղտնիքները: Կեանքը սահմանափակ օրերու գումար է, զոր պէտք չէ վատնել ժամավաճառութեամբ, մանաւանդ ուրիշներուն կեանքը պրպտելու անիրաւ գործերով, ու նամանաւանդ ուրիշներուն երջանկութեամբ զբաղելու եւ զայն սեփականացնել ջանալու ապարդիւն աշխատանքով:

Մարդկային իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ իւրաքանչիւր անհատ իր անձին երջանկութեան համար աղբիւրներ յայտնաբերէ ազնիւ աշխատանքով: Այդ աղբիւրները անպայման նիւթական հարստութեան պէտք չէ առընչել: Ոմանք իրենց գիտակից եւ հնազանդ զաւակներուն մէջ կը տեսնեն իսկական երջանկութիւնը: Ուրիշներ իրենց իմացական կարողութիւնը ի սպաս դնելով հաւաքական կեանքի բարելաւման, երջանկութիւնը գտած ըլլալ կը դաւանին: Այսպէս, շարունակաբար իւրաքանչիւր մարդ երջանկութիւնը կրնայ յայտնաբերել «իր վերմակին համաձայն երկարելով ոտքերը»:

Կեանքի փորձով հարուստ անձ մը կ՛ըսէր. «Ուրիշին երջանկութեան հանդէպ անտարբերութիւնս պատճառ դարձաւ, որ իսկական երջանկութիւնը գտնեմ»: Խորունկ ճշմարտութեամբ լեցուն այս տողը կրնայ առաջնորդել քեզ գտնելու իսկական երջանկութիւնը, որ բազմաթիւ կարծեցեալ երջանկութիւններէ աւելի կ՛արժէ:

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2021, 08:08