Որոնել

Ով որ ինքզինք բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, իսկ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, ան պիտի բարձրանայ Ով որ ինքզինք բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, իսկ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, ան պիտի բարձրանայ

Կիրակնօրեայ Աւետարանական խորհրդածութիւն։ 8-րդ Կիրակի Յիսնակաց - Ո՞վ է ամէնէն մեծը

Խոնարհ ըլլալը առաջին քայլն է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութեան մէջ. Աստուած իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն եւ հակառակ կը կենայ հպարտներուն ու ամբարտաւաններուն
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Նոր տարուայ առաջին կիրակին` Քրիստոս կու գայ կամաց մը հանդարտեցնելու առաքեալներու միջեւ տեղի ունեցած վէճը. Թերեւս կը գուշակեն թէ Յիսուս պիտի մեկնի վերջնականապէս, որովհետեւ կը խօսի մատնիչի մը մասին, որ զինք Հրէաներու ձեռքը պիտի յանձնէ, կը խօսի չարչարանքներու մասին, իր մահուան մասին… իսկ իր երթալէն վերջ` ո՞վ պիտի ըլլայ պետը իրենց խումբին, արդեօ՞ք տարիքով ամէնէն մեծը, կամ ամենա-հեղինակաւոր անձը, ամէնէն աւելի ուսեալը, կամ ամէնէն աւելի սիրուածը Յիսուսէն. Ամէնքն ալ պատճառ մը ունին կամ կը գտնեն Քրիստոսի յաջորդելու համար, իր կառուցած նոր ընկերութեան, Եկեղեցւոյ մէջ։ Ասոր համար, իրարու հետ կը վիճին եւ անհամաձայն կը գտնուին, նոյնիսկ կռուելու աստիճան, որով իրենց ձայները կը բարձրանան եւ Յիսուս կ՛անդրադառնայ պատահածին վրայ։

Դժբախտաբար իրեն հետեւողները, իր անմիջական աշակերտները, իրեն ամէնէն մօտիկ ու մտերիմ եղող անձերը տակաւին չեն հասկցած իր պատգամը. Անոնք մնացած են դեռ մարդկային հասարակ ու տգէտ մակարդակի վրայ եւ երկնքի արքայութեան քարոզութենէն շատ բան չեն հասկցած։ Կը փնտռեն փառք ու պատիւ ինչպէս որեւէ մահկանացու անձ եւ դեռ բոլորովին խակ են ու տհաս Յիսուսի իսկական աշակերտները հանդիսանալու։

Յիսուս վստահաբար իր սրտին մէջ կը զգայ արդար զայրոյթը, նման ուսուցիչի մը որ տարիներ ամբողջ դաստիարակած է իր աշակխրտները եւ կ՛անդրադառնայ յանկարծ որ անոնք տակաւին բան չեն հասկցած իր սորվեցուցածէն։ Սակայն Աստուածային Վարդապետը համբերող է եւ շատ լաւ կը ճանչնայ մարդկային տկարութիւնները. Փոխանակ յանդիմանելու եւ պախարակելու զիրենք, կը բացատրէ թէ իր արքայութեան մէջ` ամէն բան հակառակ է մարդկային ըմբռումներուն. Ինչպէս որ աղքատը երանելի է, սգաւորը՝ երրջանիկ, հալածուածը` յարգելի, նոյնպէս ալ փոքրիկը՝ ամէնէն մեծն է եւ խոնարհը` ամէնէն առաջին կարգը պիտի գրաւէ. Այս նոր ընկերութեան մէջ զոր ինք հիմնեց, իր Եկեղեցին, այլեւս ի զօրու պիտի չըլլան աշխարհիկ օրէնքները, ուր հզօրները կ՛իշխեն եւ տկարները կ՛ենթարկուին. Հոն` մեծը պիտի ըլլայ ամէնէն պզտիկը եւ առաջնորդը պիտի ըլլայ ամէնուն ծառան։ Այս է նոր օրէնքը. Ուստի աւելորդ է վիճաբանիլ թէ ով ամէնէն մեծն է կամ թէ ով պիտի կարգուի առաջնորդ իր մեկնումէն ետք. Ինք անձամբ պիտի հոգայ եւ որոշէ իր յաջորդը։

Ուրիշ տեղ մը Յիսուս ըսած է. Ով որ ինքզինք բարձրացնէ, պիտի խոնարհի, իսկ ով որ ինքզինք խոնարհեցնէ, ան պիտի բարձրանայ։ Ինչպէ՞ս կարելի է իրագործել ասիկա, գաղտնիք մըն է մեզի համար, սակայն Աստուած գիտէ վարձատրել իրեն հետեւողները. Կը խոստանայ առաքեալներուն բազմիլ 12 աթոռներու վրայ, իր կողքին, դատելու համար Իսրայէլի 12 ցեղերը։ Ասկէ աւելի բարձր պատիւ կարելի չէր խոստանալ իրեն հետեւողներուն. Եւ սակայն Յիսուս գիտէր անոնցմէ իւրաքանչիւրին տկարութիւնները եւ թէ մանաւանդ անոնցմէ մին պիտի մատնէր զինք, ուրիշ մը պիտի ուրանար եւ բոլորը` պիտի փախչէին ու հեռանային իր մօտէն նեղութեան ժամանակ։

Խոնարհ ըլլալը առաջին քայլն է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութեան մէջ. Աստուած իր շնորհքը կու տայ խոնարհներուն եւ հակառակ կը կենայ հպարտներուն ու ամբարտաւաններուն, ըսած է դարձեալ Յիսուս. Ուստի ըլլանք սրտով խոնարհ եւ հեզ, նման Յիսուսի, եւ ապահով պիտի ըլլանք թէ Տէրը մեզ պիտի բարձրացնէ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/01/2021, 08:26