Որոնել

Կարդինալ Սաքօ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ Կարդինալ Սաքօ Ֆրանչիսկոս Պապին մօտ 

Իրաք։ Կարդինալ Սաքօ. «Քահանայապետին այցէն կը սպասենք մխիթարութեան, յոյսի եւ խաղութեան պատգամ մը»։

Քահանայապետի Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մի քանի շաբաթներ առաջ Քաղդէացիներու պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Վատիկան Նիուզին կը յայտնէ իր եւ իրաքցիներուն մտավախութիւններն ու սպասումները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Իրաքի մէջ այսպէս կոչուած Իսլամական Պետութիւնը ողբերգական կերպով դարձեալ յայտնուեցաւ ի գործ դնելով տարբեր ահաբեկչական արարքներ, որոնցմէ վերջինը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ՝ Պաղտատի մէջ, որուն պատճառաւ զոհուեցան 32 անձ ու վիրաւորուեցան 100է աւելի քաղաքացիներ։

Բաբելոնի Քաղդէացիներու Պատրիարք Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ Ֆրանչիսկոս Պապին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնէն  մի քանի շաբաթներ առաջ Վատիկան Նիուզին հետ զրուցեց իրաքցի ժողովուրդին տառապանքի եւ յոյսերու մասին, ինչպէս նաեւ երկրի քրիստոնեայ համայնքի մասին։

Քահանայապետին այցը մխիթարութեան, յոյսի եւ խաղութեան պատգամ

«Քահանայապետին այցէն կը սպասենք մխիթարութեան, յոյսի եւ խաղութեան պատգամ» մը հաստատեց զրոյցի ընթացքին Կարդինալ Սաքօ, որ խօսելով անցեալ շաբթուայ անձնասպանական ահաբեկչական արարքի մասին նշեց՝ թէ «մտահոգութիւնը մեծ է ու, թէ մարդոց միջեւ տխրութիւն կը տիրէ», ի տես արարքին պատճառաւ զոհուածներուն համար, որոնք աղքատ խաւին պատկանող մարդիկ էին։

Իրաքի բնակիչները կը շարունակեն ապրիլ յոյսով

«Այս յարձակումները քաղաքական նպատակ ունին, անոնք պատգամ մըն են կառավարութեան ու նաեւ ԱՄՆ-ի նոր նախագահին» ըսաւ Կարդինալ Սաքօ դիտել տալով նաեւ, որ «հակառակ ամէն ինչի Իրաքի բնակիչները կը շարունակեն ապրիլ յոյսով, ու  հարց կու տան, թէ ե՞րբ պիտի հասնի այնքան սպասուած խաղաղութիւնը ու մարդու արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը»։

«Ասոր համար ժամանակ պէտք է եւ ժամանակէն առաջ քաղաքական գործիչներուն կողմէ բարի կամք պէտք է»  հաստատեց Քաղդէացիներու Պատրիարքը ընդգծելով՝ թէ «եթէ այդ մէկը պակսի խաղաղութիւնը կարելի չէ»։

Քրիստոնեաները մաս են Իրաքին մասնակից անոր ցաւերուն

Խօսելով Քրիստոնեաներու իրավիճակի մասին Կարդինալ Սաքօ ակնարկեց «Նինուէի յարութիւնը» աղօթքի եւ ծոմապահութեան ձեռնարկին, «որով, ըսաւ Ան, կ՛ուզենք ըսել թէ բոլորս Աստուծոյ զաւակներ ենք, համայն մարդկութեան Աստուծոյ զաւակները»։

Մենք, ըսաւ Պատրիարքը, մաս կը կազմենք Իրաքին, մինակ չենք, կ՛ապրինք բոլորի հետ։ Անոնց ցաւը մեր ցաւն է։ Մենք բոլորս եղբայրներ եւ քոյրեր ենք մեծ ընտանիքի մը, որուն անունն է Իրաք։

Աղօթել եւ հայցել Աստուծոյ օգնութիւնը

«Մենք պէտք է աղօթենք եւ հայցենք Աստուծոյ օգնութիւնը, որպէսզի փրկուինք եւ որպէսզի վերջ գտնէ համաճարակը» նշեց  ապա Կարդինալ Սաքօ ակնարկելով Իրաքի մէջ վարակումներու մեծ թիւին ու անոր հետեւանքով  երկրին ապրած դժուարութիւններուն։.

Հարցազրոյցի աւարտին Քաղդէացիներու Պատրիարքը մատնանշեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ Մարտ ամսուայ ընթացքին Իրաք կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ու այդ ճամբորդութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն, այցը որակելով «բոլորի համար արտակարգ իրադարձութիւն մը»։

Բաւ է պատերազմ, բաւ է բռնութիւն, փնտռեցէք  խաղաղութիւնը

Քահանայապետը պիտի գայ ըսելու. «Բաւ է, բաւ է պատերազմ, բաւ է բռնութիւն, փնտռեցէք  խաղաղութիւն, եղբայրութիւն եւ մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը» ըսաւ Կարդինալ Սաքօ, ակնարկելով՝ թէ իր կարծիքով Քահանայապետը իր հետ պիտի բերէ երկու բան, մխիթարութիւն եւ յոյս, երկու բաներ, որոնք մինչեւ այժմ ժխտուեցան։

Համայն Իրաքը կը սպասէ Պապին

«Քրիստոնեաներուս համար Քահանայապետին այցը մեծ նշանակութեամբ իրողութիւն մըն է, սակայն համայն Իրաքն է, որ կը սպասէ այդ հանդիպումին, նոյնիսկ իսլամները, այլ կրօնական իրականութիւնները ու նաեւ կառավարութեան Ղեկավարները» հաստատեց Քաղդէացիներու Պատրիարքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2021, 12:21