Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ 

Եկեղեցական Գիտելիքներ. Առաջին Կիրակի Յայտնութեան. (10-17 Յունուար 2021)

Հինգշաբթի 14 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 10 Յունուարին, տակաւին կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։ Ութօրէքի շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։

Կիրակի օր` կը տեսնենք Յիսուս, անմեղը` որ կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։

Երեք պատճառներ կան Քրիստոսի այս նախաձեռնութեան.

Նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։

Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։

Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։

Հինգշաբթի 14 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ: Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։

Շաբաթ 16 Յունուարին` տօնն է Պետրոսի, Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ իր օգնական` Աբիսողոմ Սարկաւագին։ Պետրոսը Աթանասի նախորդին նախորդն էր եւ հալածանքներու ընթացքին Աղեքսանդրիոյ հայրապետական աթոռին վրայ բարձրացաւ։ ան ամէն ջանք թափեց պաշտպանելու համար իրեն յանձնուած հօտը հալածանքներու ժամանակ։ Պայքարեցաւ նաեւ Մելիտոսի դէմ որ նոր աղանդի մը դուռը կը բանար Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային` Արիոսի դէմ։ Անգամ մը աքսորուեցաւ, Մելիտոսի պատճառաւ, ապա ետ դարձաւ իր թեմը որ անտէր մնացած էր կայսերական հալածանքներու պատճառաւ։

Երբ Մաքսիմիանոս հազարապետը Աղեքսանդրիա եկաւ, Պետրոս արդէն բանտարկուած էր, քրիստոնէութեան պատճառաւ. Հռովմայեցի զինուորականը ուզեց զինք բանտէն հանել եւ գլխատել տալ, սակայն բոլոր ժողովուրդը պատնէշի նման կայնեցաւ բանտին առջեւ եւ չթողուց որ սուրբը դուրս հանուի։ Այն ատեն, հայրապետը ինք ուղարկեց իր հաւատարիմ սարկաւագը` Աբիսողոմ, որպէսզի խորհուրդ տար Մաքսիմիանոսի գիշերով գալ բանտը եւ պատը ծակելով` զինք դուրս հանել եւ տանիլ նահատակութեան վայրը. Ինչ որ կատարեցհազարապետը եւ սուրբը իր արիւնի հեղումովը ընդունեցաւ նահատակութեան պսակը 311-ին։ Աբիսողոմ եւս իր կարգինխոստովանական մահով կնքեց իր կեանքը:

Տoնն է նաեւ Ս. Տրիփոն վկային, Ս. Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետին եւ յիշատակ Կոստանդիանոս թագաւորին, Ս. Գորդիոս վկային, Ս. Պողիկտոսի եւ Սուրբ Գրիգորիսի:

Կիրակի 17 Յունուարը` Յայտնութեան 2-րդ. Կիրակին է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2021, 07:42