Որոնել

Լատինաց Պատրիարք Փիցապալլա Լատինաց Պատրիարք Փիցապալլա 

Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքը. «Անհրաժեշտ է հովուական ծառայութեան խթանումը։»

Լատինաց Պատրիարքը ապա խրախուսեց հաւատացեալները «վստահելու Յիսուսի կողմէ յայտնուած եւ ճանչցուած Աստուծոյ, որպէսզի կարենանք յոյս ու մխիթարութիւն գտնել։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 4 դեկտեմբերին, Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարք, Փիերպաթիսթա Փիցապալլա մուտք գործեց Երուսաղեմի Յիսուսի Սուրբ Գերեզման։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ մատուցած Հայրապետական սուրբ Պատարագի առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ Աստուծմէ ուժ ու քաջութիւն հայցեց իր կեանքը միշտ նուիրելու սուրբ Երկրի եկեղեցւոյ, զայն սիրելու եւ հայրական ու համբերատար հոգիով զայն առաջնորդելու համար։ Ըսաւ Լատինաց Պատրիարքը իր քարոզին մէջ ապա վերյիշեց 30 տարի Սուրբ երկրի մէջ կատարած ուղեւորութիւնը՝ նախ իբրեւ քահանայ ապա իբրեւ սուրբ Երկրի պահակ, որ իրեն թոյլ տուաւ աւելի լաւ ճանչնալու Երուսաղեմի եկեղեցին։ըսաւ Պատրիարք Փիցապալլա։

Ան ապա քաջալերեց միասնաբար ընդանալու «դէպի Աստուած,որ կը ճանչնանք, դէպի ապագայ,որ  անյայտ է, յատուկէն մեր ապրած ժամանակաշրջանին ուր ամենուրեք վախ եւ անձկութիւն կը տիրէ։ ըսաւ Ան։

Լատինաց Պատրիարքը ապա խրախուսեց հաւատացեալները.«վստահելու Յիսուսի կողմէ յայտնուած եւ ճանչցուած Աստուծոյ, որպէսզի կարենանք յոյս ու մխիթարութիւն գտնել, Ան յորդորեց մտաբերել մեր հասարակաց ու անձնական պատմութիւնները որպէսզի յիշենք Աստուծոյ հետ փորձարկած հաւատարմութիւնը։

Պատրիարք Փիցապալլա քաջալերեց վստահիլ Աստուծոյ ընդգծելով, որ կարիքը կայ հովուական ծառայութեան խթանման, որ գիտէ նկատի առնել տարբեր տարածաշրջաններն ու մշակոյթները եւ գիտէ միութիւն գտնել բոլորին միջեւ։

Սուրբ Երկրի Լատինաց Պատրիարքը քարոզը աւարտեց խնդրելով հաւատացեալներէն, որ աղօթեն իր առաքելութեան եւ Երուսաղէմի եկեղեցւոյ համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2020, 11:21