Որոնել

Մանուկ Յիսուսի արձանի օրհնութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ Մանուկ Յիսուսի արձանի օրհնութիւնը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ։ 

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը. «Յոյսն ու մխիթարութիւն որոնենք Յիսուսի Ծնունդի աւետիսին մէջ։

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժամանակաւոր քարտուղարին Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին պատգամը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ժամանակաւոր քարտուղար, վերապատուելի Իուան Սուքա, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին պատգամը նուիրեց համաճարակի հետեւանքով մարդկութեան ապրած պատմական դժուար ժամանակաշրջանին։

Ունկնդրէ լուրը

Պատգամին մէջ վերապատուելին նշեց, թէ ցաւով եւ տխրութեամբ բնորոշուած ներկայ ժամանակաշրջանին, Յիսուսի սուրբ Ծնունդի տօնակատարութիւնը առիթ կ՝ընծայէ վերագտնելու մխիթարութիւն ու յոյս եւ հաւատքի աչքերով տեսնելու կեանքի ու սիրոյ յաղթանակը։

Ինչպէս Յիսուսի Ծնունդի օրերուն, վախի եւ յուսալքումի պատճառները անթիւ էին, նաեւ պատմութեան խաւար օրերուն, քրիստոնեաները միշտ իրենց յոյսն ու մխիթարութիւնը գտան Բեթղեհէմին մէջ ծնած Փրկիչին աւետիսին մէջ։

Այս տարի ընտանիքներու եւ եկեղեցիներու մէջ Յիսուսի սուրբ Ծնունդի տօնը  պիտի նշուի յարգելով ֆիզիքական եւ ընկերային հեռաւորութեան պայմանները՝ պաշտպանուելու համար համաճարակէն։ «Պիտի ողբանք ամբողջ աշխարհի մէջ անթիւ մեռեալներու համար ու մեր երախտագիտութիւնը պիտի յայտնենք անձնուիրութեամբ՝ հիւանդներուն խնամք տանող անձերուն։» Գրած է վերապատուելի Սաուքա դիտել տալով, որ  հակառակ այս տխուր իրավիճակին հրեշտակներու ձայնը պիտի հնչէ երկինքին մէջ, ուրախութեամբ հռչակելով Քրիստոսի գալուստը ու մենք որպէս հաւատացեալները ականատես պիտի ըլլանք Աստուծոյ «այո»ին՝ կեանքի հանդէպ ու նոր կեանքի արեւածագին, որ կը յաղթէ մահուան ու յուսալքումի դէմ։

«Մարդեղացումը Աստուծոյ վճռակամ «Այո»ն է մարդկութեան եւ արարչագործութեան։» գրած է եկեղեցիներուն համաշխարհային խորհուրդի ժամանակաւոր քարտուղարը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2020, 13:08