Որոնել

Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքը Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքը 

Բարթողոմէոս Ա տիեզերական պատրիարքին շնորհաւորագիրը  LaCiviltà Cattolica պարբերաթերթին  170 րդ ամեակի առիթով։

La Civiltà Cattolica պարբերականը աշխարհին մէջ ներդաշնակ, իմաստուն և յստակ քրիստոնէական և աստուածաբանական ձայն է, որ տպաւորիչ ճշգրտութեամբ կը բացայայտէ ժամանակի մեծ խնդիրներու չափերը և այն ուղղութիւնը, որով պէտք է որոնել անոնց լուծումը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

La Civiltà Cattolica պարբերաթերթին 170 ամեակի առիթով, Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական պատրիարքը շնորհաւորագիր յղեց Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Անթոնիօ Սփատարոյին։

Ունկնդրէ լուրը

Շնորհաւորագիրին մէջ տիեզերական պատրիարքը նշեց, թէ «վկայութիւն» եզրը պատշաճ կերպով կամփոփէ  պարբերականի երկար ներկայութիւնը, որ միշտ ճրագը զետեղած է աշտարակի վրայ։ (Մատթ 5,15)։ Պատրիարքը ապա նկատել կու տայ որ պարբերականի ինքնութեան մաս կազմած  են ՝բացարձակ հաւատարմութիւնը Հռոմի եկեղեցւոյ ծառայութեան, սուր զգայնութիւնը ժամանակի նշաններու հանդէպ,  բացութիւն աշխարհի հանդէպ, կողմնորոշում դէպի այն ինչ որ պէտք է, մարդու կենսական կարիքներուն եւ իրերի խորութեան ներքոյ։

Պատրիարքը նշեց նաեւ, թէ Civiltà Cattolica պարբերականը ի յայտ կը դնէ քրիստոնէական հաւատքի ներդրումը մշակոյթի մէջ, քրիստոնէութեան երկխօսութեան կարևորութիւնը փիլիսոփայութեան և տարբեր գաղափարական հոսանքներու, կրօններու գիտութեան հետ, հաստատելով որ Յիսուսեան հայրերու ներկայութիւնը ու գործունէութիւնը աշխարհի մէջ, տարբեր մշակոյթներուն մօտէն ճանաչումը, կրօններու համակարգուած ուսումնասիրութիւնը,  ընկերային  տուեալներուն  վերլուծութիւնը ու գնահատումը, որպէս անոնց մերձեցման անփոխարինելի սահման, անոնք կ՝ապահովուեն, պարբերականի յօդուածներու վաւերականութիւնը եւ տեսակէտերու հարստութիւնը։

«La Civiltà Cattolica պարբերականը աշխարհին մէջ ներդաշնակ, իմաստուն և յստակ քրիստոնէական և աստուածաբանական ձայն է, որ տպաւորիչ ճշգրտութեամբ կը  բացայայտէ ժամանակի մեծ խնդիրներու չափերը և այն ուղղութիւնը, որով պէտք է որոնել անոնց  լուծումը:» գրած է Տիեզերական Պատրիարքը շնորհաւորագիրին աւարտին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2020, 11:47