Պելճիքայի եպիսկոպոսները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայաստանի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Պելճիքայի եպիսկոպոսները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, յայտնելով իրենց աղօթքն ու զօրակցութիւնը Ղաբարաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։
Պէլճիքայի եպիսկոպոսները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող բռնութիւններուն գծով, յայտնելով իրենց խոր ցաւը պատերազմի զոհերուն, որոնց մեծամասնութիւնը քաղաքացիներ են, նշած են եպիսկոպոսները իրենց յայտարարութեան մէջ է ուր ընդգծած են նաեւ, թէ հակամարտութեան հետեւանքները ոչ միայն նիւթական վնասներ են այլեւ կան նաեւ հոգեական վէրքեր։
Պէլճիքայի եպիսկոպոսները ապա նշած են, թէ իրենք կը միանան Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ շաբաթ կատարած աղօթքներուն, Ղարաբաղի մէջ մշտական խաղաղութիւն հաստատման համար, յոյս յայտնելով որ «զինադադարը եւ վերջերս կնքուած խաղաղութեան համաձայնութիւնը ունենան իբրեւ կոչում , ոչ միայն բռնութիւններուն աւարտը այլեւ քրիստոնեաներուն համար հնարաւորութիւն ապրելու խաղաղութեան մէջ իրենց նախնիներուն հողերուն վրայ։ Նշած են Պելճիքայի եպիսկոպոսները իրենց զօրակցական յայտարարութեան մէջ։