Որոնել

Տատիվանք Տատիվանք 

«Արդարութիւն Արցախի համար». Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կոչը։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները մտավախութիւն յայտնած են կրօնի ազատութիւնը եւ ծիսակատարութիւնները ապահովելու բերումով ու մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ քրիստոնէական մշակութային ժառանգութեան համար,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը միջազգային հասարակութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերուն կոչ ուղղած է ի նպաստ հրադադարի պահպանումին։

«Արդարութիւն Արցախի համար» վերտառութեամբ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ Եկեղեցական վերոնշեալ կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է ժողովուրդներու միջեւ խթանել երկխօսութիւնը եւ համակեցութիւնը, կը հաստատէ թէ անցեալ 10 նոյեմբերի ստորագրուած համաձայնագիրը  մնայուն, կայուն եւ յստակ խաղաղութիւն չերաշխաւորեր։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները մտավախութիւն յայտնած են կրօնի ազատութիւնը եւ հաւատքի ապրումը ապահովելու բերումով ու մտահոգութիւն յայտնած են նաեւ քրիստոնէական ժառանգութեան համար, եկեղեցիներ, վանքեր, թանգարաններ ու կոթողներ որոնք արդեն թալանումի ենթարկուած են կամ վնասուած են ու կարող են նաեւ կործանումի մատնուիլ։

Ասոր համար Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն յանձնառու ըլլալու Արցախի համար, որ «իրաւունք ունի ինքնորոշման իրաւունքին ինչպէս որեւէ այլ ազգ եւ ժողովուրդ աշխարհի մէջ» կը գրէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը։

«Կը վերահաստատենք  ապա բոլոր կողմերու միջեւ անկեղծ երկխօսութեան կարեւորութիւնը ի նպաստ բոլոր անոնց՝ որոնք կ՛ապրին տարածաշրջանին մէջ»  կը նշէ միշտ  վերոնշեալ եկեղեցական կազմակերպութեան խորհուրդը այս մէկը նկատելով նաեւ նոր ճանապարհ երաշխաւորելու համար անհրաժեշտ քայլերը դէպի տարածաշրջանային նոր համակարգ մը, որ նպաստաւոր ըլլայ հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն համար։

Նշենք թէ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը հիմնադրուած է  1974ին ու անոր նպատակն է  նպաստել Մերձաւոր Արևելքի քրիստոնէական համայնքներու մերձեցման  ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ և սատարել  դաւանաբանական հակամարտութիւններու յաղթահարումի գործին: Կազմակերպութեան անդամ  են շուրջ երեսուն եկեղեցիներ և եկեղեցական համայնքներ, որոնք կը ներկայացնեն   կաթողիկէ, ուղղափառ , արևելեան ուղղափառ (ներառեալ Հայ առաքելական եկեղեցին) և աւետարանական հաւատացեալները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2020, 07:30