Որոնել

Հալէպ. Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի գոյամարտի նահատակ հերոսներուն յիշատակի օրուան առիթով Հալէպ. Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի գոյամարտի նահատակ հերոսներուն յիշատակի օրուան առիթով 

Հալէպ. Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի գոյամարտի նահատակ հերոսներուն յիշատակի օրուան առիթով

Ս. Պատարագի ներկայ էին Հ. Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Հ.Հ. Մարդասիրական առաքելութեան խմբակէն բանակայիններ Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Անարատ Յղութեան Միաբանութեամբ Քոյրեր եկեղեցական Ազգային բարեսիրական հայրենակցական մշակութային մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմութիւն հաւատացեալներու։

Կիրակի 22 Նոյեմբեր 2020 առաւօտեան ժամը 10֊ին Արհի. Պետրոս Արք. Միրիաթեան Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Պատարագ մատուցեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ առընթերակայութեամբ Գերպ. Հայկ Վրդ. Մակարեանի եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Տէր Սարգիսեանի։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ Ալեմշահ երգչախումբը Ղեկ. Տիկ. Մարգարիտ Խաչատրեան֊ Պէնտակի։

Ս. Պատարագի ներկայ էին Հ. Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Հ.Հ. Մարդասիրական առաքելութեան խմբակէն բանակայիններ Սուրիոյ Խորհրդարանի հայ երեսփոխաններ Անարատ Յղութեան Միաբանութեամբ Քոյրեր եկեղեցական Ազգային բարեսիրական հայրենակցական մշակութային մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմութիւն հաւատացեալներու։

Արհի. Գերապայծառ Տէրը Պատարագի ընթացքին տուաւ յաւուր պատշաճի քարոզ մը բնաբան առնելով Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած հետեւեալ համարը. " ՄԻ'ՎԱԽՆԱՔ ԱՆՈՆՑՄԷ` ՈՐՈՆՔ ԿԸ ՍՊԱՆՆԵՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԲԱՅՑ ԱՆԿԱՐՈՂ ԵՆ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ՀՈԳԻՆ..." Մտե. 10/28։ Արհի. Գերապայծառ Տէրը շեշտը դրաւ հաւատքի եւ հոգիի վրայ ըսելով որ "թշնամին կրնայ սպաննել մարմինը հայուն բայց չի կրնար անոր հոգին սպաննել. որովհետեւ հայը սպառազինուած է հաւատքով եւ օժտուած արի ու վեհանձն հոգիով։ Քրիստոսի օծուն խօսքերը եղած են պատգամ ու կեանքի յարացոյց հայուն համար. Հոգիի արիութեան ամէնէն գեղեցիկ յատկանիշներն են սէրէն ու նուիրումը եւ այս առաքինութիւններով օժտուած անհատներ միայն կրնան գոյատեւել որովհետեւ անոնց համար մահ չկայ"։ Այս առաքինութիւններով օժտուած հայահալած մեր երեք երիտասարդները ՅԱՐՈՒԹԸ ՅԱԿՈԲԸ ԵՒ ՄՈՍԻԿԸ (որոնք Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն պաշտպանեցին մեր եկեղեցիները հայկական թաղերն ու մեր ազգային կառոյցները) ականջ տալով Հողի Կանչին մեկնեցան Արցախ ու միացան հայոց բանակին պաշտպանելու մեր հայրենի հողը մեր սրբութիւնները մեր Շուշին մեր վանքերն ու խաչքարերը եւ իրենց կեանքը նուիրեցին յանուն հայրենիքի սիրոյն միանալով Եռաբլուրի Նահատակ ընկեր հերոսներուն։

Գերապայծառ Տէրը իր խօսքը փակելով ըսաւ. "Սիրելի հայորդիներ այսօր անոնց յիշատակի օրն է հաւաքուած ենք աղօթելու խունկ ծխելու մոմ վառելու անոնց յիշատակին։ Հաւաքուած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու եւ փաստելու արար աշխարհի թէ Հայու հոգին կենդանի է"։ Այո Հոգին է կարեւորը Հոգին է որ հայը կը զօրացնէ. իր մէջ ազգային պատկանելիութեան իր հայրենիքին իրաւատիրութեան զգացումները արեւու ճառագայթներուն պէս կը յստակացնէ. այս զգացումներով սպառազինուած մեր նահատակ հերոսները կուրծք տուին թշնամիին յարձակումներուն Արցախի հողը ներկելով իրենց կարմիր արիւնով։

Պատարագի աւարտին թափօրով Գերապայծառ Տէրը վարդապետները դպիրներն ու բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Յուշակոթող ուր լսելի եղաւ Հ.Կ.Միութեան Շեփորախումբի կողմէ Սուրիական եւ Հայաստանի քայլերգերը ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում եւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն։

Փառք Աստուծոյ եւ պատիւ մեր Ազգին որ ծնունդ կու տայ նման հերոսներու։

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան։ 

Հալէպ. Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի գոյամարտի նահատակ հերոսներուն յիշատակի օրուան առիթով
Հալէպ. Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն Արցախի գոյամարտի նահատակ հերոսներուն յիշատակի օրուան առիթով

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2020, 11:15