Որոնել

Քրիստոնեաներու դէմ հալածանք Քրիստոնեաներու դէմ հալածանք 

Կարմիր նոյեմբեր ի յիշատակ հալածուած քրիստոնեաներուն։

#RedWeek համաշխարհային նախաձեռնութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 -25 նոյեմբերին նպատակ ունենալով բարձր պահել ուշադրութիւնը քրիստոնեաներու դէմ մղուած հալածանքներուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարմիր նման արեան գոյնին անոնց որոնք հալածուած են ու սպաննուած իրենց քրիստոնեայ հաւատքին համար։ Այս է Աւստրալիայի մէջ նոյեմբեր ամսուայ գոյնը, ընտրուած Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Աւստրալիական ազգային բաժանմունքի կողմէ, որուն ընթացքին որոշուած է ամբողջ ամիս մը նուիրել աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու ի զօրակցութիւն եւ ի մօտիկութիւն։

Կարմիր Նոյեմբեր ծրագիրը պիտի իրականացուի յատկապէս դպրոցներուն մէջ ու ժողովրդապետութիւններուն մէջ։  25 Նոյեմբերին ապա Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն  բարեսիրական քահանայապետական հիմնարկի Աւստրալիական բաժանմունքը պիտի աջակցի «կարմիր չորեքշաբթի» միջազգային ձեռնարկին, որուն առթիւ ամէն տարի աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ կարմիրով կը լուսաւորուին կարեւոր կրօնական եւ քաղաքական շէնքերու եւ կոթողներու ճակատներու։ Աւստրալիայի բոլոր աթոռանիստ եկեղեցիներն ու ժողովրդապետութիւնները այդ օր հրաւիրուած են կարմիրով լուսաւորել իրենց կառոյցները։

Յիշեցնենք թէ Տառապող  Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական հաստատութեան համաշխարհային #RedWeek  բնաբանով արշաւը պիտի կայանայ 18 – 25 նոյեմբեր 2020-ին։ Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առած է 2015-ին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ։ Այս տարի սոյն ձեռնարկը պիտի մեկնարկէ Աւստրիայէն Վիեննայի Սուրբ Ստեփանոս Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ   18 նոյեմբերին մատուցուած Սուրբ Պատարագով։ Մինչ եզրափակիչ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մեծն Պրիթանիայի մէջ ուր 25 նոյեմբերին նախատեսուած է «Ազատել բանտարկեալները» տեղեկագիրի ներկայացում, կեդրոնացած իրենց հաւատքին համար բանտարկուած քրիստոնեաներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2020, 10:24