200 քրիստոնեայ ընտանիք վերադարձան Իրաքի Նինւէ նահանգ։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ֆիտես» լրատու գործակալութեան համաձայն աւելի քան 200 ընտանիք պատրաստ են Նինւէ նահանգ վերադառնալու։Այդ ընտանիքներէն 90 ընտանիք մտադիր են Մոսուլ վերադառնալ, տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ ապահով կացութիւն հաստատուելէ ետք։
Յայտնենք, թէ 2014-ին, Նինւէ նահանգի քրիստոնաները իրենց բնակարանները լքեցին, Նինւէ նահանգի երկրորդ քաղաք՝ Մոսուլը ծայրայեղ մահմետական խմբաւորումներուն տիրապետութեան տակ անցնելէ ետք։
Փախուստ տուած ապա այլուր գաղթած ընտանիքներու մեծամասնութիւնը ապաստան գտան Քուրտիստանի ինքնավար Էրպիլ քաղաքին մէջ։
2017 սեպտեմբերին,Մոսուլ քաղաքը ազատագրուելէ ետք, շուրջ 1400 Քրիստոնեաներ վերադարձան իրենց բնակարանները։Տասնեակ ընտանիքներուն Մոսուլ քաղաք վերադառնալու լուրը մխիթարիչ նշան է, նոյնիսկ եթէ չվերադարձողներուն թիւը բարձր է։ Այս մասին նշուած է ֆիտես Լրատու գործակալութեան հրապարակած հաղորդութեան մէջ ուր աւեցուած է նաեւ, որ այդ ընտանիքներու մեծամասնութիւնը նպատակ չունին իրենց լքած բնակարանները վերադառնալու, շատերը անոնցմէ վերջնականօրէն Էրպիլ քաղաք հաստատուած են եւ շատեր արտասահմանի մէջ կը գտնուին։