Որոնել

Սուրիոյ աւերակները Սուրիոյ աւերակները 

Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն հաստատութիւն.«Սուրիոյ Քրիստոնեայ հասարակութիւնը կարիքը ունի յաւելեալ օգնութիւններու»:

Քահանայապետական հաստատութիւնը արդէն մշակած է աւելի քան 50 մարդասիրական ծրագիներ Սուրիոյ բնակչութեան համար։ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան եղբայրները յաւելեալ օգնութիւն կը խնդրեն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը կը շարունակէ թիկունք կանգնիլ Սուրիոյ բնակչութեան, Սուրիոյ մէջ գործող միսիոնարներու եւ տեղական եկեղեցիներու միջոցաւ։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրիոյ Քնայէ եւ Եաքուպիէ գիւղերու մէջ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան երկու եղբայրներ, 40 ամեայ հայր Լուայ Պշարադ եւ 67 ամեայ հայր Հաննա Ժալլուֆ կը շարունակեն հովուական ծառայութիւն մատուցանել աւելի աւելի քան 300 ընտանիքներուն, անխտիր անոնց դաւանանքային կամ ազգային պատկանելիութենէն։

Ֆրանչիսկեան երկու եղբայրներուն կողքին է «օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը, որ վերջերս Իտլիպի բնակչութեան  համար մշակած է տարբեր բարեսիրական ծրագիրներ։

Սուրիոյ մէջ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան, Սուրբ Պօղոս մարզի պահակ, Հայր Ֆիրաս Լութֆին, «օգնութիւն տառապող եկեղեցւոյ» հաստատութեան հաղորդած է որ  Քնայէի եւ Եուքուպիյէ գիւղերը կարիքը ունին յաւելեալ այլ նիւթական օգնութեան, որովհետեւ այդ շրջանի բնակչութիւնը այլեւս անկարող է իրենց բերքը քաղելու, տրուած ըլլալով որ քրիստոնեայ հասարակութեան հողերը բռնագրուած կամ բերքը վաճառուած է։ Արդարեւ՝ ըսած է Ֆրանչիսկեաններու պահակը, Քնայէի եւ Եաքուպիէյի գիւղերը կարիքը ունին մարդասիրական յաւելեալ օգնութիւններու։

Հայր Ֆիրաս Լութֆիի փոխանցմամբ Իտլիպի երկու գիւղերուն մէջ գերակշռուած է իսլամական խալիֆայութիւնը, կիրարկուած  է «շարիաթի» օրէնքը, կանայք հարկադրուած են լաչակ կրելու իսկ քրիստոնէական խորհրդանիշները ոչնչացուած են ։հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն Ֆրանչիսկեան միաբանութեան միսիոնարները հոն մնացին այն համոզումով, որ  պէտք չէ լքել այդ վայրերը։ ըսած է հայր Լուֆթի ու աւելցուցած Քնայէ եւ Եուաքուպէի գիւղերուն մէջ իրենց վանքերուն մէջ այժմ հիւրընկալուած են տասնեակ ընտանիքներ, անկախ անոնց կրօնական եւ ազգային պատկանելիութենէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2020, 10:22