Որոնել

Սրբուհի Ռիթայի արձանը Սրբուհի Ռիթայի արձանը 

22 Հոկտեմբերէն սկսեալ ամէն ամիս Քաշիայի մէջ Մարոնիդ ծէսով Սուրբ Պատարագ նուիրուած Լիբանանին։

Այս մէկը պիտի հանդիսանայ միասնական ուղեւորութիւն դէպի Սրբուհի Ռիթայի տօնը՝ 22 մայիս 2021-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք կ՛ուզենք մխիթարութիւնը, մօտիկութիւնը եւ մասնաւորէս Սրբուհի Ռիթային յոյսը տանիլ Լիբանանի ամէն մէկ հաւատացեալի տունը, հասանելի դառնալով նաեւ անոնց՝ որոնք անշարժութեան մատնուած են ու դժուարութեան մէջ կը գտնուին»։  Այս խօսքերով է, որ Հայր Լուչանօ Միքիելլին, Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի Պազիլիքայի մեծաւորը, կը ներկայացնէ «Սրբուհի Ռիթայի հետ աղօթքի մէջ Լիբանանի համար» ձեռնարկը,  որուն ծիրէն ներս 22 հոկտեմբերէն սկսեալ եւ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով ամէն ամիս ու մինչեւ 2021-ի մայիս ամիսը, արաբերէն մարոնիդ ծէսով պատարագ պիտի մատուցուի Սրբուհի Ռիթայի պազիլիքային մէջ։

Ձեռնարկին նպատակն է Սրբուհի Ռիթային ողջագուրումը հասցնել Մայրիներու երկրի հաւատացեալ ժողովուրդին։ Պատարագին կարելի պիտի ըլլալ հետեւիլ Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի մենաստանի «YouTube»ի կայքի միջոցաւ։

Այս մէկը պիտի հանդիսանայ միասնական ուղեւորութիւն դէպի Սրբուհի Ռիթայի տօնը՝  22 մայիս 2021-ին։

Լիբանանցի ժողովուրդի ջերմեռանդութիւնը հանդէպ իտալացի սրբուհիին ներկայացուած է Սարգիս Սարգիս անունով Լիբանանցի բարերարի վեց մեթր բարձրութեամբ Քաշիայի մէջ բարձրացուցած Սրբուհիին արձանով, որուն բացումը կատարուեցաւ 18 հոկտեմբեր 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնը ստանելէ ետք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2020, 08:24