Որոնել

Խոր Վիրապ  Խոր Վիրապ  

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԻԴ)։

Այսօր պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ Ժամագիրքի կարգաւորման:

ԻԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ

Այսօր պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ Ժամագիրքի կարգաւորման:

Հայ Եկեղեցւոյ Ժամագիրքը կ'ընդգրկէ եօթը ժամերգութիւններ.  Գիշերային, Առաւօտեան, Արեւագալի, Ճաշու (Երրորդ, Վեցերորդ և Իններորդ ժամու աղօթքներ), յետոյ Երեկոյեան, Խաղաղական, Հանգստեան ժամերգութիւնները. այնպէս ինչպէս Աստուածաշունչի մէջ, Դաւիթ մարգարէն Տիրոջ խօսքը ուղղելով, կ'ըսէ. «Եօթն անգամ յաւուր օրհնեցից զքեզ վասն իրաւանց և արդարութեան քոյ» (Սղմ ՃԺԹ 164):

Մատենագրական յիշատակութեանց համաձայն՝ Հայոց Եկեղեցին անցեալին՝ ամէն օր եօթը ժամերգութիւն կը կատարէր վանքերու և մենաստաններու մէջ, ուղիղ իրենց ժամուն: Ներկայիս ամէն օր առաւօտուն Գիշերային և Առաւօտեան ժամերգութիւնները միասին կը կատարուին, և Երեկոյեան ժամերգութիւնը՝ երեկոյեան:

Առաքելական կանոնին մէջ, որ շարադրուած է Դ. դարու վերջերը, աղօթքի վեց ժամեր կը յիշուին. «Աղօթս արարէք յԱռաւօտուն, յԵրրորդ ժամուն, ի Վեցերորդին, յԻններորդին, յԵրեկոյի և ի Հաւախօսի»:

Ս. Եփրեմ Ասորին և Ս. Յովհան Ոսկեբերանը եւս նոյնը կը հաստատեն: Ս. Բարսեղ Կեսարացին և Ս. Եփրեմ Ասորին կը յիշեն թէ ասորական մենաստաններուն մէջ Երրորդ, Վեցերորդ և Իններորդ ժամու աղօթքներն առանձնապէս կը կատարէին՝ և ոչ թէ վանաբնակ բոլոր հասարակութեան ներկայութեամբ: Այլ Քրիստոնէական վանքեր ալ կային, ուր կը հետեւէին Դաւիթ մարգարէի յիշատակած «եօթն անգամուն» աղօթքին: Եկեղեցւոյ Հայրերէն՝ Կասիանոս (415-417) իր կանոններուն մէջ կը թուէր այդչափ ժամեր, ծանօթ վեցերուն վրայ աւելցնելով Արեւագալը, զոր կը կոչէ «Նոր պաշտօն», հաստատուած Դ. դարուն վերջերը, ի Պաղեստին, լրացնելու համար Դաւթեան թիւը: Եթէ Ճաշու ժամերգութեան երեք ժամերը առանձին նկատի առնենք՝ ինը հասարակաց աղօթք կ'ունենանք. ինը դաս հրեշտակներու օրինակով, որոնք անդադար զԱստուած կը փառաբանեն: Ս. Գրիգոր Տաթեւացին ակնարկելով ժամերգութեանց կ'ըսէ. «Մենք ալ երկնային հրեշտակներու նմանելով՝ կ'աղօթենք օրն ինն անգամ»:

Այսօր, ժամանակի և պայմաններու բերումով՝ թէ վանքերու մէջ և թէ ժողովրդապետութիւններու մէջ, այս աւանդութիւնները յաւուր պատշաճի փոփոխութեանց ենթարկուած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 06:33