Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

Աղօթք հանդերձ «մարտնչելով»՝զՏէր աղաչեսցուք։ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան

Աղօթքն է, որ մեզ կը մղէ համարձակապէս գործելու, աշխատելու եւ ջանք թափելու վտանգաւոր ու վնասակար ո'րեւէ իրավիճակի մը դիմաց, իսկ պատերազմի պարագային, անվախօրէն մարտնչելու եւ ի հարկէ յաղթանակ տանելու՝ «զի Աստուած ընդ մեզ է»:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան սահմաններուն տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւններէն յետոյ, ողջ հայութիւնը կտրականօրէն դատապարտեց Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի սահմանաեզրին վրայ զինուորներուն եւ խաղաղ բնակչութեան դէմ գործուած բոլոր ներխուժումնրը:

Առաջին օրէն ի վեր, մեր միտքերն ու յատկապէս մեր աղօթքները ուղղուած էին հայկական բանակի, Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի մէջ գտնուող մեր բոլոր հայրենակիցներուն, Աստուծմէ հայցելով, որ խաղաղութիւնը վերականգնի եւ բռնութիւնը դադրի:

Աղօթքի կը դիմենք, որովհետեւ անիկա կ'օժանդակէ մեզի յաղթահարելու կեանքի պատահարներն ու դժուարութիւնները:

Օր մր, լրագրողներէն մէկը, ծաղրելի կը նկատէր քահանայի մը իր հաւատացեալներուն ուղղած կոչը՝ աղօթելու, մինչ փոթորիկը կը մօտենար իրենց քաղաքին: Լրագրողին համաձայն, երբ վտանգն անմիջական է, աղօթելու փոխարէն՝ պատրաստուելու էր՝ դիմագրաւելու համար սպառնալիքը:

Այդ լրագրողը իրականութեան մէջ կ'անգիտանար, թէ ի'նչ է աղօթքը:

Աղօթքը կախարդական բանաձեւ մը չէ', որ կը թելադրէ մեզի նստելու եւ սպասելու Աստուծոյ հրաշքի կատարումին: Մինչ աղօթողները կը յուսան, որ փոթորիկը փոխէ իր ուղղութիւնը եւ անվնաս անցնի իրենց քաղաքէն, աղօթքը իրենց կ'օգնէ լաւ պատրաստուելու՝ հնարաւորինս խուսափելու փոթորիկ կործանարար հետեւանքներէն: Փոթորիկն անցնելէ յետոյ, աղօթքը ոյժ եւ

համարձակութիւն կու տայ աղէտեալներուն վերականգնելու վնասը եւ վերադառնալու բնականոն կեանքի:

Ա'յս է աղօթքին նպատակը:

Սոյն պարագան կը վերաբերի մեր կեանքի բոլոր կարեւոր եղելութիւններուն. աշխատանքի կորուստ, հիւանդութիւն, ալեւորութիւն, պատերազմի հետեւանքներ...:

Աղօթքը կը կ'օժանդակէ դիմագրաւելու կեանքի իրադարձութիւնները՝ հաւատալով, որ ամենադժուար ժամանակներուն մէջ ի'սկ Աստուած մեզի հետ է:

Եթէ, օրինակի համար, մէկը աղօթէ ձերբազատուելու համար ծխելու մոլութենէն, բուժուելու թմրամոլութենէն կամ լուծելու ընտանեկան խնդիր մը, այդ անձը չի' կրնար հրաշք ակնկալել: Այս պարագային է, որ աղօթքը կ'աջակցի անոր իր առնելիք որոշումին մէջ՝ Տիրոջ օգնութեամբ յաղթահարելու իր առջեւ ծառացած ամէն մոլութիւն:

Աղօթքն է, որ մեզ կը մղէ համարձակապէս գործելու, աշխատելու եւ ջանք թափելու վտանգաւոր ու վնասակար ո'րեւէ իրավիճակի մը դիմաց, իսկ պատերազմի պարագային, անվախօրէն մարտնչելու եւ ի հարկէ յաղթանակ տանելու՝ «զի Աստուած ընդ մեզ է»:

Ելից Գիրքին մէջ կը կարդանք. «Ամաղէկն (Իսրայէլի թշնամի զօրք) եկաւ եւ Ռափիդիմի (վայր մը) Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ։ Եւ Մովսէս Յեսուին ըսաւ. Մեզի համար մարդիկ ընտրէ' եւ գնա' Ամաղէկի դէմ պատերազմելու. վաղը, ես բլուրի գագաթը կը կայնիմ [աղօթելու] Աստուծոյ գաւազանը ձեռքիս։ Եւ Յեսուն Մովսէսի ըսածին պէս ըրաւ եւ Ամաղէկի դէմ պատերազմեցաւ. եւ Մովսէս, Ահարոնը եւ Ովր բլուրին գագաթը բարձրացան։ Եւ երբ Մովսէս իր ձեռքերը կը վերցնէր [աղօթելու], Իսրայէլ կը յաղթէր, ու երբ իր ձեռքերը կ'իջեցնէր' Ամաղէկ կը յաղթէր» (Գիրք Ելից 17, 9-11):

Նոյնն էր պարագան Աւարայրի ճակատամարտին ժամանակ: Արդարեւ, Ղեւոնդ Երէց եւ իր քահանայ ուխտակիցները կ'աղօթէին՝ մինչ Վարդան Մամիկոնեան եւ իր ընկերները կը պատերազմէին Պարսիկներուն դէմ:

Մենք կ'աղօթենք, որպէսզի տեղի չտանք յոգնածութեան եւ քաջութիւն ունենանք վճռականօրէն հակադարձելու եւ մարտնչելու:

Աղօթքը ցաւազերծող չէ, որ մեզի մոռցնել կու տայ մեր խնդիրները:

Ընդհակառակը, ատիկա կը սատարէ, որպէսզի անոնց ծանրութեան իրազեկ ըլլանք եւ ոյժ ստանանք համարժէք պատասխաններ որոնելու:

Յաճախ մենք կը վազենք աջ ու ձախ՝ սպառումի եւ արագութեան շարժակներու մէջ ինկած. այլեւս ժամանակ չունինք դադար առնելու՝ դէպի երկինք մեր աչքերը բարձրացնելու համար, բացի սրտի կաթուածի մը պարագայէն: Իրօք, այնքան զբաղած ենք մեր ուսումով, աշխատանքով, մարզանքով, ընկերային զբաղումներով, մարմնամարզանքով, այլեւայլ պարտաւորութիւնններով, որ նոյնիսկ աղօթելու ժամանակ չունինք եւ կը վարանինք մեր Կիրակին զոհելու Սուրբ Պատարագին մասնակցելով:

Աղօթելը ժամանակի կորուստ չէ, անիկա օգտաւէտ միջոց է մեր առօրեայ կեանքի բազմաթիւ գործերը դասաւորելու եւ առաջնահերթութիւնները կողմնորոշելու:

Աղօթքը լաւագոյն միջոցն է որոշակի հաւասարակշռութիւն վերականգնելու, միաժամանակ պահելով կենսական կապ մը Աստուծոյ հետ:

Անիկա կը յիշեցնէ մեզի, որ Տէրը կ'ուղեկցի մեզի կեանքի ճանապարհորդութեան ընթացքին, որպէսզի Իր շնորհքի զօրութեամբ դիմակալենք մեզի հանդիպած դժուարութիւնները:

Աղօթքի բոլոր ձեւերէն գերագոյնն ու ամէնէն արդիւնաւէտը կը մնայ հասարակական աղօթքը՝ Սուրբ Պատարագը, որմէ, աւա՜ղ, ներկայիս զրկուած ենք «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով:

Տիրոջ օրը, մենք կը հաւաքուինք եկեղեցիին մէջ՝ լսելու, թէ Աստուած ի'նչ կ'ուզէ ըսել մեզի եւ Անկէ ոյժ ստանալու, որպէսզի Սուրբ Զոհի աւարտին՝ մեր ընտանիքներուն վերադառնալով՝ ի վիճակի ըլլանք հաւատքով դիմագրաւելու մեզի ներկայացող կեանքի իրադարձութիւնները:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 06:33