Որոնել

Գերապայծառ Փիցապալլա Գերապայծառ Փիցապալլա 

Գերապայծառ Փիցապալլա. «Պատնէշներն ու ձախողութիւնները յաղթահարելու համար վստահութեան կարիքը կայ։»

Վստահութեան վերականգնումը տեղի չ՝ունենար մէկ օրուան մէջ, ժամանակի կարիքը ունի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ հոկտեմբեր 25ին, Պաղեստինի Տիրամօր տօնն է։ Այս առթիւ «Մեծն Վարդապետութեան Սուրբ Գերեզման ուխտի, Հռոմի « Ռովերէ» անուան կեդրոնատեղիէն ներս, հոկետմբեր 23ին, տեղի ունեցաւ առցանց դասախօսութիւն, ունենալով որպէս նիւթ, «Սուրբ Երկիրն ու Միջին Արեւելքը. այժմէականութիւն եւ հնարաւոր հեռանկարներ։» Նախաձեռնութեամբ՝ վերոնշեալ ուխտին։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի, Լատինաց առաքելական կառավարիչ,Գերապայծառ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա լրագրողներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Պաղեստինի մէջ քաղաքական ներկայ կացութեան։
Ան նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներուն նախագահ, Թրամփի միջնորդութեամբ, Իսրայէլի եւ Միացեալ Թագաւորութիւններու միջեւ կնքուած համաձայնանութիւնը առաւել եւս կղզիացուց պաղեստինցիները։ Իսրայէլի եւ Պաղեստինի հարցը երկար ժամանակէ ի վեր չգտնուիր միջազգային հանրային օրակարգին վրայ։» ըսաւ Գերապայծառ Փիցապալլա ու աւելցուց «Պաղեստինի ժողովուրդին համար, մինչեւ որ գտնուի յստակ եւ արժանավայել լուծում, Միջին արեւելքի մէջ կայունութիւն պիտի չհաստատուի։»

Սուրբ Երկրի լատինաց առաքելական կառավարիչը հաստատեց, որ Թուրքիան, Միացեալ Թագաւորութիւնները, Արաբական Սաուտիան եւ Իրանը խոշոր խաղացողները են։ Կան նաեւ Ռուսիան ,Միացեալ Նահանգներն ու Չինաստանը։Մինչ՝ Լիբանանը, Սուրիան նոյնիսկ Իրաքը յայտնաբերուած են որպէս պատերազմի դաշտ։ Իսկ Եւրոպան այնքան, որ մխրճուած իր ներքին խնդիրներու մէջ մոռցած է միջազգային օրակարգը։ Ըսաւ Ան։

Գերապայծառ Փիցապալլա խօսելով ապա Իսրայէլի եւ Պաղեստին հարցին լուծման մասին, նշեց, թէ կարիքը կայ երկու ժողովուրդներու միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու։ Բաժանող պատնէշը նշան է հեռանկարներու  պակասութեան։ Կարիքը կայ ժեսթերու, որոնք կը վերականգնեն վստահութիւնը ու այս մէկը տեղի չ՝ունենար այսօր՝ կամ վաղը։ Պէտք է վերստին սկսիլ մեկնելով անցեալին դասերէն, ձախողութիւններէն։ ըսաւ Սուրբ Երկրի լատինաց առաքելական կառավարիչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 10:15