Որոնել

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք , Բարթողիմէոս Ա Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք , Բարթողիմէոս Ա 

Կոստանդնուպոլսոյ Բարթողոմէոս Տիեզերական պատրիարքին հարցազրոյցը Ֆրանչիսկոս Պապին “Fratelli tutti” շրջաբերականի վերաբերեալ։

Ինչպէս բոլոր մարդ էակները Աստուծոյ ստեղծագործութիւնն է այսպէս բոլորս ներգրաւուած ենք Փրկագործութեան ծրագիրին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարք , Բարթողիմէոս Ա Հռոմ այցելութեան ծիրէն ներս հարցազրոյց ունեցաւ «Վատիկան Նիւզ»ի հետ, Ֆրանչիսկոս Պապին Fratelli tutti” շրջաբերականի վերաբերեալ։

Ունկնդրէ լուրը

Խօսելով Պապին շրջաբերականի մասին, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզրական Պատրիարքը նշեց որ «Մենք լիովին համաձայն ենք Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէր-մարտհրաւէրին հետ, որ է հրաժարիլ  անտարբերութենէն, որ կը ղեկավարէ մեր բնապահապնողական, քաղաքական, տնտեսական կեանքը՝ իբրեւ միութիւն կեդրոնացած ինքնիր վրայ , հրաւէր է նեաւ երազեու մեր աշխարհը ,որպէս  մարդկային ընտանիքի մը միութիւն։ Ըսաւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական պատրիարքը ու աւեցուց «Մեր սպասումները լիովին բաւարարուեցան, այս շատ հետաքրքիր շրջաբերականը վերլուծելէն ետք։ Շրջաբերականը պարզապէս նախորդ  շրջաբերականներուն կամ ֆրանչիսկոս Պապին այլ փաստաթուղթերուն ամփոփումբը չէ, , այլ  ամբողջ ընկերային վարդապետութեան պսակն ու ուրախ աւարտն է։ ըսաւ  Պատրիարքը ընդգծելով որ «Իր սուր մարդկայնական, ընկերային եւ հոգեւոր իմաստով,  ֆրանչիսկոս Պապ կը բնորոշէ եւ կ՝անուանէ ժամանակից աշխարհի ստուերները։

Բարթողոմէոս Ա պատրիարքը նկատել տուաւ, որ Ժամանակակից տնտեսական տագնապը չէ նուազեցուցած աղքատներուն եւ հարուստներու միջեւ տարբերութիւնը։ Փոխարէնը, առաջնահերթ համարած է շահոյթը՝ դիւրաբեկներուն պաշտպանելու հաշւոյն, եւ նպաստած է բնապահպանական խնդիրներու սրման։ Իսկ քաղաքականութիւնը դարձած է տնտեսութեան ծառան։ Մարդու իրաւունքները եւ միջազգային իրաւունքը մշակուած եւ ծառայած են արդարութեան, ազատութեան եւ խաղաղութեան հետ կապ չունեցող նպատակներուն։  Պատրիարքը նշեց թէ փախստականներու խնդիրը,  ահաբեկչութիւնը, պետութեան բռնութիւնը, մարդկային արժանապատուութեան նուաստացումը, ստրկութեան նոր ձեւերը, քովիտ 19 համաճարակը  քաղաքականութիւնը դրած է նոր պատասխանատուութեան առջեւ։

Բարթողիմէոս Պատրիարքը նկատել տուաւ ,որ եկեղեցւոյ կեանքի առաջարկն է դառնալ դէպի մէկ անհրաժեշտ բան , եւ դա սէրն է, բացութիւնը ուրիշին նկատմամբ ու անձերու զօրակցութեան մշակոյթը։ Բնապահպանողական տագնապին դիմաց կանչուած ենք յարգելու արարչագործութիւնը, պարզութիւնն ու գիտակցութիւնը մեր պատասխանատուութեան՝ յանձնելու յաջորդ սերունդին բնական միջավայրը ։ Եւ Այս խնդիրներ լուծելու մեր ջանքերը անփոխարինելի են, այն գիտակցութեամբ թէ, Ան որ կը գործ է մեր միջոցաւ, մարդոց բարեկամ՝ Աստուածն է։

Բարթողիմէոս Պատրիարքը ապա յայտնեց  որ «Նորածին եկեղեցւոյ քրիստոնեաները իրենց միջեւ եղբայրներ կը կոչեն։ Այս հոգեւոր եւ Քրիստոսակեդրոն եղբայրութիւնը աւելի խորունկ է քան բնական հարազատութիւնը։ Քրիստոնեաներուն համար՝ եղբայրները ոչ միայն եկեղեցւոյ անդամներն են, այլ համայն ժողովուրդները։ Աստուծոյ խօսքը որդեգրեց մարդկային բնութիւնը եւ իրեն միացուց։ Ինչպէս  բոլոր մարդ էակները Աստուծոյ ստեղծագործութիւն է այսպէս բոլորս ներգրաւուած ենք փրկագործութեան ծրագիրին մէջ։ ըսաւ Բարթողիմէոս Ա Պատրիարքը։

Ինչ կը հայի Frattelli tutti շրջաբերականի մէջ Պապին կողմէ պատերզամներու, մահապատիժի դատապարտումներուն  մասին, Բարթողիմէոս Ա Պատրիարքը  նշեց, թէ այդ նիւթը քննարկուած է  Ուղղափառ եկեղեցւոյ սուրբ սինոդի ինթացքին՝  Յունսիս 2016։ին։ Ան ապա նկատել տուաւ, որ Քրիստոսի ըկեղեցին կը դատապարտէ պատերազմը ու զայն կը նկատէ չարիքին ու մեղքին արդիւնքը։ Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ շրթններէն պէտք է բխի, ոչ երբեք պատերազմ։ Իսկ մահապատիժի նկատմամբ հասարակութեան մը կեցուացքը ցուցանիչն է, անոր մշակութային կողմնորոշումին եւ մարդու արժանապատուութեան նկատումին։ Ըսաւ  Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք , Բարթողիմէոս Ա։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 12:00