Կարդինալ Կուալթիերօ Պասեթին վարակուած է Քովիտ 19 ժահրով
Կարդինալին առողջապահական վիճակը հսկողութեան տակ է։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, հոկտեմբեր 31ին, Փերուժայի Սուրբ Կոյս Մարիամ ողորմածութեան » հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Կուաթիերօ Պասեթին, քովիտ 19 ժահրով վարակուած ըլլալուն պատճառով։ Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց Իտալիոյ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի ազգային ընկերային հաղորդամիջոցներու գրասենեակը, որու մէջ նշուած նաեւ որ կարդինալ Պասեթիին առողջապահական իրավիճակը հսկողութեան տակ է։
Իտալիոյ Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի քարտուղար Գերապայծառ Սթէֆանօ Ռուսօ իր մօտիկութիւնը յայտնած է նշելով որ կը շարունակենք մօտիկ գտնուիլ կարդինալ Պասեթիին՝ աղօթքով եւ Աստուծոյ ժողովուրդի գորովով եւ այն վստահութեամբ որ, Տիրոջ մխիթարութիւնն ու աջակցութիւնը անպակաս պիտի ըլլայ՝ այս դժուար պահուն։
31/10/2020, 13:12