Որոնել

Խոր Վիրապ Խոր Վիրապ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Ի)։

Այսօրուան հաղորդաշարը շարունակութիւնն է մեր նախորդ նիւթին, երբ անդրադարձանք Տէրունի տօներու դասաւորման. Այսօր պիտի անդրադառնանք Սրբոց Յիշատակութեան:

Ի. Հաղորդաշար

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուան հաղորդաշարը շարունակութիւնն է մեր նախորդ նիւթին, երբ անդրադարձանք Տէրունի տօներու դասաւորման. Այսօր պիտի անդրադառնանք Սրբոց Յիշատակութեան:

Եկեղեցւոյ պաշտամունքի մաս կը կազմեն նաեւ Սրբոց յիշատակութիւնները: Հայ Եկեղեցին ըլլալով Ընդհանրական Եկեղեցւոյ մէկ անդամը՝ առաջին դարերէն մինչեւ Քաղկեդոնի Տիեզերական ժողովը, բոլոր սուրբերը իր Տօնացոյցին մէջ ընդունած է. որոնցմէ են՝ Ս. Աթանագինէս, Ս. Իգնատիոս Անտիոքացին, Սուրբ Կուսանք Թեկղիա և Վառվառիա, Ս. Սարգիս Զօրավար, Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետը, Ս. Անտոն Անապատական և ուրիշներ: 451 թուէն ետք, հայ եկեղեցին ներառած է միա՛յն հայազգի սուրբեր:  

Սրբոց Տօները նուիրուած են թէ՛ Աստուածաշունչի մէջ յիշուած Հայրերուն՝ մարգարէներուն, նահապետներուն և նախահայրերուն և թէ՛ Եկեղեցւոյ առաջին վկաներուն, մարտիրոսներուն և Ս. Հայրերուն: Մինչ առաջինները Աստուածաշունչի մէջ յիշատակուած են և սրբագործուած, վերջինները՝ Եկեղեցւոյ կողմէ հռչակուած (կանոնականացուած) սուրբերն են: Առաջին դարերուն, Առաքեալները յատուկ կանոն սահմանեցին, ըստ որում՝ շաբաթ օրը յիշատակն է սուրբերուն, և հետեւաբար սուրբ Պատարագ պէտք է մատուցուի: Դ. դարէն ետք՝ երբ Եկեղեցւոյ կողմէ ընդունուած սուրբերուն և մարտիրոսներուն քանակը բազմացաւ, անոնք սկսան յիշուիլ Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերը: Այս պատճառաւ, յաճախ, բազմաթիւ սուրբեր միասնաբար կը տօնուին: Հայ ծէսին յատուկ է երբե՛ք սուրբի տօն չկատարել Պահոց՝ Չորեքշաբթի, Ուրբաթ, Կիրակի և Տէրունական միւս օրերը. բացի շատ հազուագիւտ պարագաներէ:

Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ սուրբերու տօները հարիւր քսաներկու օրերու մէջ տեղադրուած են: Աստուածաշունչի Հին և Նոր Կտակարաններէն 89 սուրբեր կը յիշատակուին, իսկ մնացեալները Եկեղեցւոյ առաջին հինգ դարերու մարտիրոսներն ու վկաներն են. ներառեալ առաջին երեք Տիեզերական Ժողովներու Հայրերը, որոնք Եկեղեցւոյ ուղղափառ հաւատքը հաստատեցին ու Նիկիական Հաւատոյ Հանգանակը բանաձեւեցին: Հայ Եկեղեցին անոնց վրայ աւելցուց Ս. Թադէոս և Բարդողէմիոս Առաքեալները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու իր շառաւիղէն եկած Եկեղեցւոյ Հայրապետներն ու այլ հայազգի սուրբեր, Ա. դարէն մինչեւ ԺԵ. դար, որոնց վարքը արձանագրուած է «Յայսմաւուրքին մէջ»։

Սուրբերու տօները կարելի է դասաւորել հետեւեալ կարգով. Նահապետներու, Մարգարէներու, Առաքելոց եւ Աշակերտաց Քրիստոսի, Սուրբ Հայրերու, Հայրապետներու, Մարտիրոսներու, Խոստովանողներու, Եպիսկոպոսներու, Վարդապետներու, միանձնուհիներու, Ճգնաւորներու, Թագաւորներու, Իշխաններու և Զօրականներու տօներ:

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական օրացոյցին մէջ կը յիշուին նաեւ Հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ առնչուած անկիւնադարձային դէպքեր. ինչպէս՝ Հայոց քրիստոնէութեան դարձը, Մեսրոպեան տառերու գիւտը, Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը և Վարդանանց հերոսամարտը: Հայ Եկեղեցւոյ յիշատակած հայազգի սուրբերն են՝ Սանդուխտ կոյս, Ոսկեանք, Սուքիասեանք, Հռիփսիմեանց կոյսեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Տրդատ թագաւոր, Աշխէն թագուհի, Խոսրովիդուխտ, Արիստակէս եւ Վրթանէս Հայրապետներ, Ներսէս Մեծ, Ս. Սահակ ու Մեսրոպ եւ անոնց թարգմանիչ վարդապետներն ու աշակերտները՝ Եղիշէ, Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ, Վարդանանք, Վահան Գողթնացի, Յովհաննէս 0ձնեցի, Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի, Յովհաննէս Որոտնեցի, Գրիգոր Տաթեւացի եւ Մովսէս Տաթեւացի։ Հայ Եկեղեցին ԺԵ  դարէն ետք ապրած սուրբերու յիշատակը նշելու համար սահմանած է «Ամենայն սրբոց տօն»-ը, որուն ընթացքին կը յիշատակուին բոլոր հին ու նոր, յայտնի ու անյայտ սուրբերը: Հայ Առաքելական Եկեղեցին 2015 թուին, 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակները սուրբերու դասին բարձրացուց Էջմիածնի մէջ, Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին առթիւ: Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցին յատուկ կանոնագրութիւն և ատեան ունի երանացման ու սրբադասման համար, որուն կը հետեւի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2020, 08:06