Որոնել

Ախթամարի եկեղեցին Ախթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԹ)։

Այսօր, մեր հաղորդաշարին ընթացքին՝ պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական տարուան մէջ Զատկի շարժականութեան հետ առնչուող գլխաւոր տօներու դասաւորման:

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր, մեր հաղորդաշարին ընթացքին՝ պիտի  անդրադառնանք  Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական տարուան մէջ Զատկի շարժականութեան հետ առնչուող գլխաւոր տօներու դասաւորման:

Վատիկանի Բ. Ժողովի համաձայն՝ «Ծիսական կամ Եկեղեցական Տարին կը կազմուի Քրիստոսի կեանքի զանազան  դրուագներու յիշատակութիւններով»: Ծիսական տարուան ընթացքին, ի պատուի են Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս և Ս. Կոյս Մարիամ: Քրիստոս կը մեծարուի և կ'երկրպագուի մանաւանդ սուրբ խաչի և յարութեան խորհուրդներուն մէջ: Բոլոր կիրակիները նուիրուած են Յարուցեալ Յիսուսի, բացի մի քանի կիրակիներէ, որոնց ընթացքին կը մեծարուին աստուածային այլ խորհուրդներ կամ Տիրամայրը: Ս. Խաչը յաճախ կը տօնուի և հաւատացեալներուն յարգանքին առարկայ է, Ս. Միւռոնով օծումէ ետք:

Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական տարին կը սկսի Բուն Բարեկենդանին, հիմք ունենալով Զատկի թուականը: Հայ Եկեղեցւոյ տօներուն մեծագոյն մասը շարժական են, այսինքն՝ տարուէ տարի իրենց ամսաթիւերը կը փոխուին: Այպէս՝ ամէն տարի Վարդավառը Զատիկէն հարիւր օր յետոյ կու գայ. Զոր օրինակ՝ 2019-ին, Զատիկը Կիրակի 21 Ապրիլին էր, Վարդավառը Կիրակի 28 Յուլիսին կը զուգադիպէր. իսկ 2020-ին, Զատիկը Կիրակի 12 Ապրիլին է. Վարդավառը Կիրակի 19 Յուլիսին կ'իյնայ: Անշարժ տօներ ալ կան, որոնք քիչ են և կը տօնուին առանց կախում ունենալու Զատիկի թուականէն: Հայ Տօնացոյցին անշարժ վեց տօներն են. Աստուածայայտնութիւն, Տեառնընդառաջ, Աւետում, Ծնունդ Աստուածածնի, Ընծայումն Կուսին ի տաճարն և Անարատ Յղութիւն:

Հայ Եկեղեցական տարին կը յատկանշուի իր հինգ տաղաւար տօներով. անոնք են՝ Աստուածայայտնութիւն, Ս. Զատիկ, Վարդավառ, Վերափոխում և Խաչվերաց. ասոնք ունին նախատօնակ, շաբաթապահք, նաւակատիք, մեռելոց և ութօրէք:

Մեր Հայրերը Հայ Եկեղեցւոյ արարողութիւնները կարգ ու կանոնով կատարելու և հաւատացեալներուն մատչելի դարձնելու համար, տարուայ օրերը բաժնած են երեք խումբի՝ որոնք Տէրունի, Սուրբերու նուիրուած և Պահոց օրեր կը կոչուին:

Տէրունի կամ Տնօրինական կը կոչուին այն տօները, որոնք Քրիստոսի կեանքի փրկչագործ առաքելութեան այլազան հանգրուաններ կը ներկայացնեն. ինչպէս՝ Տեառնընդառաջ, Ծաղկազարդ, Համբարձում և Հոգեգալուստ (Պենտեկոստէ). Տիրամօր կեանքին առնչուած տօները բազմաթիւ են և կը կոչուին տէրունական, ինչպէս նաեւ՝ Ս. Խաչին և Եկեղեցւոյ:  

Զատկական տօնին շարժական ըլլալուն պատճառաւ՝ ծիսական տարուան հինգ տաղաւար տօներու միջեւ գտնուող ժամանակաշրջանը հինգ միջոցներու կը բաժնուի, որոնք ամէն տարի փոփոխութեան կ'ենթարկուին, այսինքն՝ կ'երկարին կամ կը նուազին: Այս միջոցներու կարճութիւնը և երկարութիւնը ինչպէս ըսինք՝ Զատկի տեղաշարժէն կախում կ'ունենան: Այդ փոփոխութեանց ամենակարճ միջոցը վեց օր կ'ըլլայ, իսկ ամենաերկար շրջանը 41 օր, 35 օրերու տարբերութեամբ: Այնպէս որ որքան Առաջաւորքը Աստուածայայտնութեան տօնին կը մօտենայ, այնչափ Վարդավառը Վերափոխումէն կը հեռանայ:  

1. Վերափոխումն Օգոստոս 15-ին մերձաւորագոյն կիրակին կը տօնուի, այսինքն՝ Օգոստոս 12-էն 18 օրերուն մէջ հանդիպող կիրակին:

2. Խաչվերացը Սեպտեմբեր 14-ի մերձաւորագոյն կիրակին կ'իյնայ, այսինքն՝ 11-էն 17 օրերուն մէջ հանդիպող կիրակին:

3. Յիսնակաց բարեկենդանը նոյեմբեր 18-ի մերձաւորագոյն կիրակին, այսինքն՝ 15-էն 21 օրերուն մէջ հանդիպող կիրակին:

4. Վարդավառէն մինչեւ Բուն Բարեկենդան 28 եօթնեակներ կան:

Վարդավառէն մինչեւ Վերափոխում՝ ամենակարճ շրջանը երկու շաբաթ կ'ըլլայ, իսկ երկարագոյնը՝ եօթը շաբաթ, որոնցմէ մէկը շաբաթապահք կ'ըլլայ:

Վերափոխումէն մինչեւ Խաչ՝ չորսէն հինգ շաբաթ են, որոնցմէ մին շաբաթապահք է: 

Վարագայ Խաչէն մինչեւ Յիսնակաց բարեկենդանը եօթը ութը շաբաթ է:

Այս միջոցներու միտք բանին այն է որ՝ փոխադարձաբար մէկէն աւելցած սրբոց տօները միւսին կը փոխադրուին: Իսկ տարուայ բոլոր մնացած օրերը եօթնեկական դրութեամբ կարգի կը դրուին:

Ինչպէս այս հաղորդաշարին մէջ անդրադարձանք Զատկի շարժականութեան հետ առնչուած տէրունի տօներու կարգաւորման. յաջորդիւ պիտի անդրադառնանք նաեւ Սրբոց յիշատակութեան և պահոց օրերուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/09/2020, 07:53