Որոնել

Աթէնքի Նէոս Քոսմոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ Աթէնքի Նէոս Քոսմոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ 

Աթէնքի Նէոս Քոսմոսի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ Պէյրութի աղէտի զոհերուն համար

Սրտառուչ էր Գերպ. Առաջնորդի պատգամը, որ յիշեց օգոստոս 4ի աղէտի զոհերը։ Գերապայծառը, դեսպանատան ներկայացուցիչներու միջոցաւ Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին յայտնեց իր եւ իր հօտի զօրակցութեան հաւաստիքը։

Լիբանանը իր հազարամեայ պատմութեամբ ստէպ յատուկ տեղ մը գրաւած է Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ։ Վերջին դարերուն երկիրը հիւրընկալած է հայազգիներ եւ նոյնիսկ եկեղեցական հաստատութիւններ, ինչպէս Անտոնեան եւ Զմմառեան Միաբանութիւնները՝ սկսեալ ԺԷ. դարէն։ Յատկապէս ցեղասպանութեան յաջորդող տարիներուն Լիբանանը լայն բանալով իր դռները բիւրաւոր հայերու համար դարձած է երկրորդ հայրենիք մը, որոնք Հայ Կաթողիկէ, Առաքելական եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու հովանիին տակ, իրենց հոգեւոր կառոյցներով, դպրոցներով, մշակութային, մարզական, քաղաքական եւ տնտեսական կազմակերպութիւններով վայելած են հիւրընկալ երկրին բարիքները։

Ունկնդրէ լուրը

Համաշխարհային պատերազմին յաջորդող տարիներուն դէպի Հայաստան ներգաղթը, ապա Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, պատճառ դարձան երկրի հայ գաղութի նօսրացումին։ Թէեւ մօտ երեսուն տարիներ առաջ կ՚աւարտէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, սակայն քաղաքական վիճակը կը մնար լարուած եւ տնտեսութիւնը վատթար։ Վերջին մօտ մէկ ու կէս տարիներու քաղաքական եւ տնտեսական վերիվայրումները, որոնք տխուր գագաթնակէտ մը ունեցան օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի մէջ եղած պայթումով որ առաւել եւս սրեց լարուածութեան աստիճանը, օրէ օր ծանրացուցին ժողովուրդին վիճակը։ Լիբանանը տուաւ բազմաթիւ զոհեր, սուգի եւ թախիծի մէջ թողլով անոնց ընտանիքները։ Շատեր կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ իրենց ապրուստի աղբիւրը։ Մեծ վնասներու ենթարկուեցան նաեւ հոգեւոր, մշակութային եւ դաստիարակչական կառոյցները, եւ կաշկանդուեցաւ անոնց առաքելութեան թափը։

Աշխարհի ամէն կողմէ կը հասնին օգնող ձեռքեր եւ օգնութիւններ. Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Արցախը, հայ եկեղեցական եւ ազգային կազմակերպութիւնները կը փութան ամոքել մեր ժողովուրդի ցաւը, փորձելով հասնիլ անոր նիւթական կարիքներուն, տալ մխիթարութիւն եւ ներշնչել յոյս։

Աշխարհի ամէն կողմ մատուցուեցան եւ կը մատուցուին աղօթքներ եւ Սուրբ Պատարագներ յիշեալ աղէտի զոհերուն համար՝ հայցելով Աստուծոյ ողորմածութիւնը զոհերուն համար, եւ օգնութիւնն ու մխիթարութեան Ս. Հոգին՝ տառապող ժողովուրդին համար, որ կրկին անգամ կը բարձրանայ Գողգոթա, սակայն միշտ աննկուն՝ յարութեան յոյսով։ Զոհերու հոգւոյն հանգիստին եւ Լիբանանի ժողովուրդի մխիթարութեան եւ երկրի խաղաղութեան համար Աթէնքի Նէոս Քոսմոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթ, սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Ս. Պատարագ մատուցանեց Յունաստանի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերպ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան։

Սուրբ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մէջ Լիբանանի դեսպանութենէն Տիկին Ռանիա Ապտալլա եւ Տիար Անտրէ Խազզում։ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ Արքեպիսկոպոս Սաւիօ Հօն Թաի-Ֆաի, Աթէնքի Լատին Եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոս Սեւասթիանօս Րոսսոլաթօս, Յունաստանի յունածէս կաթողիկէներու Եպիսկոպոս Գերպ. Էմմանուէլ Նին եւ Verbo Incarnato հոգեւոր ընտանիքի մայրապետներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ Հայ Կաթողիկէ համայնքի հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ Աթէնք գտնուող լիբանանցի ինչպէս նաեւ սուրիացի, իրաքցի եւ եգիպտացի հաւատացեալներ։

Սրտառուչ էր Գերպ. Առաջնորդի պատգամը, որ յիշեց օգոստոս 4ի աղէտի զոհերը։ Գերապայծառը, դեսպանատան ներկայացուցիչներու միջոցաւ Լիբանանին եւ լիբանանցի ժողովուրդին յայտնեց իր եւ իր հօտի զօրակցութեան հաւաստիքը։

Քարոզէն ետք Գերպ. Պեզազեան կատարեց հետեւեալ աղօթքը Լիբանանի խաղաղութեան եւ բարօրութեան համար։

«Շնորհէ՛ մեզի, ո՛վ Տէր, ըլլալու ճշմարիտ վկաներ, ընթանալու համար աշխարհի մութ ու վտանգաւոր ճամբուն վրայ։

Դու՛ն ես մեր ոյժը եւ խարիսխը՝ դժուարութիւններու մէջ ։

Ո՛վ Տէր, քեզի՛ կու գանք տխուր ու խորտակուած սրտերով, ահրելի աղէտէն ետք որուն ենթարկուեցաւ սիրացեալ Պէյրութ քաղաքը։

Դու՛ն ըսիր մեզի. «Ես եկայ իմ խաղաղութիւնս տալու ձեզի»։ Տու՛ր Լիբանանին քու ճշմարիտ խաղաղութիւնդ։

Ո՛վ Տէր, քեզի՛ կ՚աղօթենք ու կը նուիրենք բոլոր մեր սիրելիներու հոգիները որոնք մեզմէ բաժնուեցան այդ ահրելի օրը, պարուրէ զիրենք քու սիրովդ եւ շնորհէ իրենց ծնողներուն մխիթարութիւն։ Բուժէ՛ վիրաւորները որպէս զի խաղաղութեամբ վերադառնան իրենց հարազատներուն։

Ո՛վ Տէր, օգնէ՛ որ ըլլանք միջնորդներ խաղաղութեան՝ այս դաժան օրերուն մէջ, որ կ՚ապրի Լիբանանի ժողովուրդը։

Տու՛ր իմաստութեանդ լոյսի ճառագայթը, որպէս զի ուրիշներուն համար կարենանք ըլլալ նշան սփոփանքի ու յոյսի։

Ո՛վ Տէր, արեւելքի մէջ քրիստոնեաները լոյս են եւ աղ, օգնէ իրենց որպէս զի յաղթահարեն ամէն դժուարութիւն որ իրենց արգելք կը հանդիսանայ մնալու իրենց սեփական հողին վրայ եւ շարունակեն ըլլալ հաշտութեան վկաներ։

Ո՛վ Սուրբ Կոյս մարիամ, Մայր Աստուծոյ, օգնէ բոլոր զոհերու մայրերուն, որպէս զի կարենան տոկալ այս դժուարութեան մէջ, եւ զիրենք մխիրթարէ իւրաքանչիւր սիրելիին համար որ իրենցմէ բաժնուեցաւ։

Դու՛ն եղիր յոյսը անհետ կորսուածներուն եւ իրենց ծնողներուն, ժողովէ Լիբանանի զաւակները քու սիրոյդ մէջ եւ առաջնորդէ դէպի ուղիղ ճամբան, որովհետեւ մօրմէն զատ ուրիշ ոչ մէկը կարողութիւնը ունի հաւաքելու վէճի մէջ գտնուող զաւակները։

Ո՛վ Տէր, Դուն կենսատու ես եւ Տէրն ես յարութեան։ ահաւասիկ միասնաբար  Քեզի կ՚աղօթենք սրտանց ու հաւատքով, շնորհէ բոլոր լիբանանցիներուն պէտք եղած շնորհքները որպէս զի վերստին ըլլան կերտողներ Նոր Պէյրութի եւ վկաներ յարութեան. Ամէն։»

Աղօթքի աւարտին, Գերպ. Առաջնորդը Լիբանանի դրօշին վրայ զետեղեց Սուրբ Վարդարանը, նշելու համար թէ Լիբանանը կը մնայ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի պաշտպանութեան տակ։

Արարողութենէն ետք մտերմիկ ընդունելութեան մը ընթացքին, ներկաները առիթ ունեցան շփուելու Լիբանանի դեսպանատան ներկայացուցիչներուն հետ յայտնելով անոնց ցաւակցութիւններ Լիբանանի զոհերուն համար եւ մաղթելով երկրին խաղաղութիւն եւ բարօրութիւն։

Ռ.Ս

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2020, 09:37