Որոնել

Հայաստանի անկախութենէն 29 տարիներ ետք Հայաստանի անկախութենէն 29 տարիներ ետք 

Հայաստանի անկախութենէն 29 տարիներ ետք։ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան։

“Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ան է մեծը„։ Մատթ․ 18․1-5, Մար․9, Ղուկ․9 էջ 233

 

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսպիսին էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի պատասխանը աշակերտներուն այն հարցումին թէ․ “Ո՞վ է մեր մէջ մեծը”։ “Պիտի խոնարհուիս, որպէսզի բարձրանաս”, կ’ըսէ Աւետարանը մէկ այլ տեղ։ Արդարեւ մեծամտութեան ու գոռոզութեան այս ժամանակաշրջանին կարեւոր է պահպանել Սուրբ Գրային այս ճշմարտութիւնը, որպէսզի տարերային այս խառնիճաղանճի մէջ չի կորսնցնենք մեր մարդկային կերպարանքը, որով պիտի փորձենք ներկայանալ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի վերջին դատաստանի օրը։

“Չկայ մեծ մը, որ պիտի չի խոնարհուի եւ չկայ փոքր մը, որ պիտի չի բարձրանայ”։ Սոյն Ճշմարտութիւնը ազգերու եւ ժողովուրդներու վրայ տարածուելով կը տեսնենք, որ նոյնպէս չկան փոքր կամ մեծ ազգեր, այլ կան Աստուծոյ նուիրեալ ժողովուրդներ, որոնք փոքրաթիւ ու տկար ըլլալով հանդերձ սիրելի են իրենց Տիրոջ կողմէ, որովհետեւ բազում, բազմաթիւ փորձութիւններու ենթարկուելով հանդերձ մնացին հաստատ ու անխախտ իրենց հաւատքին ու հաւատարմութեան մէջ, որուն շնորհիւ Տէրը զիրենք վերընձիւղեց իրենց պապենական հողերուն վրայ, որպէս մոխիրներէն յառնող փիւնիկ, որ յաւերժ ու մշտանորոգ կենդանի օրկանիզմ է։

Այսպէս պատահեցաւ 29 տարիներ առաջ մեր ազգին, երբ հարիւրամեակներու երազուած անկախ պետականութիւնը եօթանասուն տարիներ ընդհատուելէ ետք 1991-ին կրկին Տիրոջ կամօք եւ օրհնութեամբ առյաւէտ վերականգնեցաւ։

Ազգերն ու ժողովուրդները իրենց ենթագիտակցութեամբ յաճախ ձգտած են ըլլալ ազատ ու անկախ։ Նուիրական այս բնազդը Աստուած մարդու մէջ դրոշմած է իր ծննդեան առաջին իսկ օրէն։

Այս գաղափարը հոգեհարազատ է յատկապէս մեր ազգին, որ հազարամեակներու խորքէն գալով, հազարամեակներու փորձով թրծուած, անոր լաւագոյն կրողն է։ Ակնհայտ ճշմարտութիւն է, որ բազում դարեր այլ տէրութիւններու հպատակած եւ պետականութենէն զուրկ ենթակայի կարգավիճակով գոյատեւած, բայց ո՛չ ստրուկի, միեւնոյնն է, մնացած ենք անկախութեան գաղափարի կրողները, զայն անթեղուած պահելով մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։

Արտաքնապէս զուտ աշխարհագրական տարածք թուացող հայրենիք երեւոյթը, խորքին մէջ այն շատ աւելի լայն, համապարփակ ու տարողունակ հասկացողութիւն է, որ իւրաքանչիւր ազգ իր ներքին ու արտաքին կշռոյթը կը ստանայ եւ կը դառնայ գոյատեւելու ու արարելու ունակ կենսունակ հաւաքականութիւն։ Ժողովուրդները այստեղ է, որ տոհմային ու ցեղային տարտղնուած այլազան խմբաւորումներէն կը վերածուին մէկ ամբողջական հաւաքականութեան դառնալով ազգ․ ուստի առանց հայրենիքի ազգերը դատապարտուած են անէացման եւ ուծացման։

29 տարիներ կը բաժնեն մեզ վերանկախացման այդ երանելի օրէն, երբ Թորգոմայ գահը վերադարձաւ իր իսկական տէրերուն։ Հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ թիավարելով իր մակոյկը՝ ի վերջոյ հասցուց խաղաղ եւ ապահով ափ, ուր զինք կը սպասէր 21 Սեպտեմբեր 1991 թուի հանրաքուէն։ Յայնժամ միակամ հայը՝ ի տես աշխարհին, որու հանրային կարծիքի լուսարձակները սեւեռած էր մեր երկրի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին վրայ՝ միահամուռ ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ քուէարկեց յօգուտ դարեր շարունակ փայփայած իր երազանքին՝ անկախութեանը, եւ այդ բարեբաստիկ օրը վճռորոշ եւ ճակատագրական անկիւնադարձ մը եղաւ հայոց արդի պետութեան կերտման հոլովոյթին մէջ։

Սակայն վերանկախացած Հայաստանի բաբախող սիրտը հանդիսացող Արցախ աշխարհը տակաւին կը մնար խլուած, մեկուսացած մայր հողէն եւ վերամիաւորուելու դիրքերէն հանդէս կու գար։ Ճակատագրական այս պահուն՝ ողջ հայ ժողովուրդը զօրաշարժի ենթարկուեցաւ եւ այս զօրակցութենէն ծնունդ առաւ անառիկ Արցախի ազատագրումն ու անկախ վերամիաւորումը Հայաստանին։

Հայ մարտիկներու արեան գնով կերտուած փառահեղ յաղթանակները, ներշնչման աղբիւր հանդիսացան աշխարհասփիւռ հայուն եւ մասամբ ամոքեցին անոր դարաւոր վէրքերը։ Անկախութիւնը զգաստութեան հրաւիրեց հայուն՝ սթափելով կողմնորոշուելու, թէ ինչ կը կատարուի իր շուրջ եւ իր հետ։ Համաշխարհայնացման մոգականութեան անուան տակ գերտէրութիւններ կը փորձէին իրենց տնտեսական շահերը բարելաւելու միտումով ջլատել, բարոյալքել ազգերուն, անով իսկ տիրանալ անոնց մտքին եւ հոգիին վրայ, զանոնք դատարկելով իրենց էութենէն՝ դարձնելով ստրուկներ, որոնք պատրաստ էին ծառայել իրենց հրամաններուն։ Ճիշտ այս պահուն էր, որ նախախնամութեան միջամտութիւնը վրայ հասնելով՝ սպեղանի դարձաւ եւ մեզ ապաքինեց սպառնացող ախտէն։

Վերանկախացած Հայաստանը հետզհետէ հզօրացաւ իր հետ զօրացնելով Արցախն ու սփիւռքը, այս զօդը ամուր հիմերու վրայ դրուեցաւ, որով ի հարկին մէկը միւսին զօրավիգ կանգնելով է, որ անխախտ կը մնայ սոյն համակարգը։

29 տարիներ կը բաժնեն մեզ վերանկախացման այդ երանելի օրէն։ Ճիշտ է 29 տարիներէ ի վեր Հայաստանը ինքնիշխան ու անկախ պետութիւն է՝ պետական իր բոլոր կառոյցներով եւ յատկութիւններով, սակայն արդեօ՞ք այն մեր պապերուն երազած եւ մեր յաջորդ սերունդներուն ճակատն ի բաց յանձնուելիք երանելի երկիրն է։ Երանելին երեւի քիչ մը չափազանցուած իտէալական արտայայտութիւն է, բայց գէթ մարդու, հայ մարդու արժանավայել բարեկեցիկ կեանքը ապահովելու ունակ կենսունակ երկիր է։ Յոռետեսութեան գիրկը չիյնալու համար պիտի խուսափինք պատասխան տալէ եւ նոյնիսկ պիտի չի մէջբերենք երկրէն արտագաղթողներու սարսափեցնող թիւերը, միայն պիտի նշենք, որ երազները կ’իրականանան, եթէ մարդ ձգտի զանոնք իրականացնել, իսկ այդ ձգտումը մեր ազգը ունի։ Իր պատմութեան ողջ ընթացքին, մեր ազգը ապացոյցներ տուած է․ հարկաւոր է մէկ հատ սրտաբուխ ու իսկական կանչ եւ ազգը ամբողջութեամբ զօրաշարժի պատրաստ է։ Ուստի եկէք ազգովին վերականգնենք եւ շէնցնենք մեր երկիրը, դարձնենք այն տնտեսապէս ուժեղ ու մրցունակ երկիր ատով իսկ ապահովելով մեր բանակի մարտական կարիքները եւ բարձրացնել անոր մարտունակութիւնը, որպէսզի սարսափահար թշնամին այլեւս ոչ միայն չի համարձակի կրկնել Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, այլ նոյնիսկ չի փորձէ մտածել այդ մասին։

Այսօր մենք անկախ պետութիւն ունեցող ազգ ենք․ եւ ազգովին կոչուած ենք տէր դառնալու այդ բոլորին, որ Աստուած մեզի շնորհած է, քանզի միայն պետականութեան զօրացմամբ է, որ ազգն ու եկեղեցին կը ծաղկին ու կը բարգաւաճին, եւ մենք մեր արժանաւոր տեղը կ’ունենանք ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ։

Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2020, 07:37