Որոնել

Թեզէի համամիութենական հասարակութիւն Թեզէի համամիութենական հասարակութիւն 

Ֆրանսա. 20 օգոստոսին Թեզէի հասարակութիւնը կը նշէ հիմնադրութեան 80 ամեակը։

16 Օգոստոսին կը յիշատակուի նեաւ եղբայր Ռոժէի մահուան 15 տարելիցը ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

20 օգոստոս 1940-ին Ռոժէ Շուլց, զուիցերացի 25 ամեայ երիտասարդ Քալվինիստ Հովիւ կը ժամանէ Թեզէ քաղաք ու քիչ ժամանակ ետք կը սկսի իր մօտ հիւրընկալել թշուառութեան մէջ գտնուող կարիքաւոր անձեր, սկիզբ տալով Թեզէի հասարակութեան։

80 տարիներ ետք հասարակութիւնը իր մէջ կը համախմբէ աշխարհի երեսուն երկիրներէ կաթողիկէներ եւ բողոքականներ իրականացնելով հասարակութեան հիմնադիրի երազը՝ այսինքն՝ «դառնալ հաղորդութեան արբանեակ, ու հաշտութեան թթխմոր մարդկային ընտանիքին մէջ»։

«Երիտասարդ տարիքէս, միշտ կռահումը ունեցած եմ թէ հասարակական կեանք մը կարող է ըլլալ նշան՝ թէ Աստուած սէր է ու միայն սէր։ Եւ ասոր համար կամաց կամաց իմ մէջս աճեցաւ համոզումը՝ թէ անհրաժեշտ էր ստեղծել  հասարակութիւն մը, իրենց կեանքը նուիրելու պատրաստ մարդոցմով որոնք կը ջանան իրար հասկնալ ու մշտապէս հրաշութիւնը փնտռել։ Հասարակութիւն մը, ուր սրտի բարութիւնը եւ պարզութիւնը հանդիսանային ամէն ինչի կեդրոն»։ ըսած էր Եղբայր Ռոժէ։

Վերոնշեալ յոբելեանի առթիւ Թեզէի մէջ պիտի կազմակերպուին յատուկ ձեռնարկներ, որոնց շարքին «միշտ ուղեւորութեան մէջ, երբեք արմատախիլ չեղած» ձեռնարկը որ քորոնաժահրի բերումով տեղի պիտի ունենայ առցանց՝ 18էն 20 օգոստոս 2020-ին եւ որ կը նախատեսէ աղօթքի եւ համամիութենական անարարողութիւններ, Սուրբ Գիրքի խորհրդածութիւն, եւ բանախօսութիւններ։ Նախատեսուած է նաեւ Թեզէի հասարակութեան ներկայ մեծաւոր՝ Եղբայր Ալուայի միջամտութիւնը։

Ձեռնարկին կը մասնակցին 18էն  35 տարեկան երիտասարդներ։

Այս առթիւ արժանի է յիշել թէ յառաջիկայ 16 Օգոստոսին կը յիշատակուի նեաւ եղբայր Ռոժէի մահուան  15 տարելիցը ։ Ան 16 օգոստոս 2015-ին Հաշտութեան Եկեղեցւոյ մէջ սպաննուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին Լումինիթա Սոլքան անունով 36 տարեկան մտային հիւանդութենէն տառապող ռումանացի կնոջ մը ձեռքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2020, 13:07