Որոնել

Այսօր եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէի տօնը:

Ֆրանչիսկեան լեհ քահանան իր մահկանացուն կնքեց Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրին մէջ 1941 թուականի օգոստոսի 14-ին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ողջոյն քեզ Մարիամ» ասոնք եղան խօսքերը զոր Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէն արտասանեց Աուշվիցի մէջ 14 օգոստոս 1941-ին նախ քան իր հոգին  աւանդեր առ Հայր։ Անոր կեանքի վերջին հանգրուանը եղաւ իսկական գողգոթայ՝ զոր ան կիսեց այլ բանտարկեալներու հետ Աուշվիցի համակեդրոնացման վայրին մէջ։

Հայր Մասսիմիլիանօ Քոլպէ ծնած է Լեհաստան։ Աւազանի անունով Ռայմոնտօ, Լեոփոլի քաղաքին մէջ յաճախելէ  ետք  ֆրանչիսկեաններուն դպրոցը, 1910-ին, կ՛անդամակցի Փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան ընդունելով Մասսիմիլիանօ անունը եւ նոյն տարուան 28 ապրիլին կ՛ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։

Սուրբ Մասսիմիլիանօ Քոլպէ եղած է հիմնադիրը «Անարատ Յղութեան Պահակազօրք» անուամբ, Մարեմեան կրօնական շարժումին, ունենալով իբրեւ նպատակ փրկել հոգիները եւ դարձի բերել բարի կամք ունեցող մարդիկ: Ան եղած է նաեւ հիմնադիրը «Տիրամօր քաղաք» անուամբ կեդրոններուն, Լեհաստանէն սկսեալ մինչեւ Ճափոն:

1939 թուականին, Նացիներու Լեհաստան ներխուժումէն ետք, Հայր Քոլպէ ու անոր եղբայրակիցները կը ձերբակալուին ու կ՝աքսորուին Աուշվից,  ուր հրէաներու հետ միասին կ՝ենթարկուին ծանր աշխատանքներուն: Աուշվիցի մէջ Հայր Քոլպէ կը շարունակէ իր քահանայական առաքելութիւնը, քաջալերելով բանտարկեալները չվհատելու եւ կառչած մնալու իրենց հաւատքին:

Հայր Մասսիմիլիանօ Քոլպէ  նահատակուած է իր կեանքը մատուցելով Ֆրանչիսչէք Կայոնիսչէք անունով ընտանիքի հօր մը կեանքին փոխարէն, փրկելով անոր կեանքը։

Հայր Մասսիմիլիանօ Քոլպէ Սուրբ հռչակուեցաւ 10 հոկտեմբեր 1982-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2020, 11:24