Որոնել

Սուրբ Հոգի Սուրբ Հոգի 

Աշխարհը եւ ճշմարտութիւնը

Եկեղեցին իր ուսուցումով եւ դաստիարակութեամբ հաստատ քայլերով ամէն վայրկեան կը յիշեցնէ բոլորիս Աստուծոյ եւ մերձաւորին սէրը որոնք մեզի երջանկութեան կը տանին:

«Բայց երբ Մխիթարիչը գայ, զոր պիտի առաքեմ ձեզի Հօրս քովէն, ճշմարտութեան Հոգին որ կը բխի Հօրմէն, ինք պիտի վկայէ ինծի: Բայց դուք ալ պիտի վկայէք որովհետեւ սկիզբէն իսկ դուք հետս էք»  (Յովհ 15, 26-27)

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Սուրբ Հոգին կը վկայէ ճշմարտութիւնը որ Յիսուս Քրիստոս յանձնեց իր աշակերտներուն եւ վկայելու ճշմար-տութեան առաքելութիւնը: Իրենց խոստացաւ ղրկելու Սուրբ Հոգւոյն ճշմարտութիւնը որ-պէս զի իրեց կարգին սորվեցնեն այն ճըշ-մարտութիւնը որ ստացան Սուրբ Հոգիէն: Այս խօսքերը լսելու ու քարոզելու միմիայն աշա-կերտներուն չէ տրուած, այլ մեզի ալ որպէս նոր քրիստոնեաներ որոնցմէ կը խնդրուի հաւատալ, ապրիլ եւ վկայել այս ճշմարտութիւնը:

Այս շրջանին որ է Եկեղեցւոյ շրջանը Սուրբ Հոգին կը շարունակէ ճշմարտութեան մասին խօսելու որպէսզի Յիսուսի խօսքերը կարենան հասնիլ ամէն տեղ եւ ամէն ժամ, մանաւանդ անոնց որոնք ֆիզիքապէս չկրցան ոչ տեսնել Յիսուսը եւ ոչ ալ լսել իր խօսքերը: Արդեօք Սուրբ Հոգին կը հասց՞նէ այս պատգամը՝ անշուշտ Եկեղեցւոյ միջոցաւ: Սուրբ Եկեղեց-ւոյն միջոցաւ ճշմարտութեան հոգին կը շա-րունակէ վկայել ճշմարտութիւնը, եւ այդպէս կը շարունակէ դարերէ ի վեր այսինքն 2020 տարիներէ ի վեր առանց տկարութեան կամ դադարի:

Այս ճշմարտութիւնը հալածանքի ենթար-կուեցաւ եւ ասոր համար առաքեալները այս ճշմարտութիւնը քարոզելու եւ վկայելու ժա-մանակ հալածանքի ենթարկուեցան: Շատեր չեն ուզեր այս ճշմարտութեան մասին խօսիլ եւ ոչ ոք կը սիրէ ընդունիլ թէ սխալի մէջ կը գտնուի: Խոնարհ մարդը կը ճանչնայ իր սխալները եւ կը ջանայ միշտ զայն փոխել, բայց անոնք որոնք ոչ Հայրը եւ ոչ ալ զիս կը ճանչնան, կ'ըսէ Յիսուս, երբեք իրաւունք չունին ապրելու խոնարհութիւնեը, եւ անոնք կը նմանին այդ հալածող անձերուն որոնք Եկեղեցւոյ սուրբ մարդիկը կը հալածէին որովհետեւ հպարտութիւնը զիրենք թունաւո-րեց սպաննելու համար մեծագոյն առաքեալ-ները...

Հոս է հարցումը որ ինծի կ'ուղղուի. ար-դե՞օք կապուած կը մնամ Յիսուսի խօսքերուն եւ այն ճշմարտութեան որ Եկեղեցին կ'ուսու-ցանէ մինչեւ ո՞ւր:

Այսօր Եկեղեցին տակաւին կը շարունակէ վկայելու ճշմարտութիւնը եւ կը շարունակէ նաեւ հալածուելու: Մինչեւ այսօր մարդիկ կ'անգիտանան իրենց գործած սխալը, նախ-ընտրելով քննադատել ճշմարտութեան պատ-գամը քան զայն լսելու եւ դարձի գալու:

Քանիներ կը հակառակին այսօր Եկեղեցւոյ ուսուցումին, այն ինչ որ կը յայի մաքրութեան եւ մաքուր ապրելու հասարակութեան մէջ, եւ մանաւանդ սիրոյ գործադրութեան մէջ:

Կեանքին մէջ մաքուր ապրելու պայմանն է որ պէտք ենք ապրիլ առաջին պատուիրանը,  այսինքն պէտք է սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ սակայն քա-նիներ կ'ուզեն անգիտանալ այս վսեմ պատ-ւիրանը: Չգործադրելով այս պատուիրանը մարդս հասաւ այս գէշ որոշումները առնլելու ինչպէս ընտանեկան բաժանումը, անձնաս-պաննութիւնը եւ սէռային բոլոր ծանր մեղ-քերը:

Եկեղեցին իր ուսուցումով եւ դաստիա-րակութեամբ հաստատ քայլերով ամէն վար-կեան կը յիշեցնէ բոլորիս Աստուծոյ եւ մերձաւորին սէրը որոնք մեզի երջանկութեան կը տանին:

Ո՜վ Տէր, կ'ուզեմ ապրիլ կու կամքդ ինչպէս որ Դուն կը փափաքիս: Մաքրէ՛ կուրութիւնս եւ հպարտութիւնս որոնք զիս կ'արգիլեն ճշմարտութիւնը տեսնելու: Կ'աղօթեմ անոնց համար որոնք կը հալածուին եւ մանաւանդ Քու Եկեղեցիդ պաշտպանելու համար: Օգնէ ինծի որ իսկական սէրը ապրիմ եւ օգմնեմ ուրիշներուն որ Քու ճշմարտութիւնդ ճամչ-նան: Օգնէ ինծի որ կարենամ քու յաղթանակդ գրաւեմ ճշմարտութեամբ եւ ոչ բռնութեամբ կամ սաստկութեամբ: Ամէն:

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/08/2020, 08:57