Որոնել

Խոր Վիրա Խոր Վիրա 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (ԺԴ)։

Այսօր պիտի անդրադառնանք Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին՝ Զատկական տօնի առնչութեամբ առնուած Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պաշտօնական կեցուածքին:

Ժդ. Հաղորդաշար

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր պիտի անդրադառնանք Նիկիոյ Ա. Տիեզերական Ժողովի ընթացքին՝ Զատկական տօնի առնչութեամբ առնուած Ընդհանրական Եկեղեցւոյ պաշտօնական կեցուածքին:

Զատկի Յարութեան տօնախմբութեան ճշգրիտ թուականը յաճախ քննարկման հարց դարձած է եկեղեցիներու միջեւ: Ինչպէս գիտենք, Զատիկը շարժական թուական ունի: Զատիկի շարժականութեան պատճառը՝ հրեաներուն «պասէք» տօնն էր, զոր անոնք Նիսան (Ապրիլ) ամսուան լիալուսնին կը տօնէին: Յիսուսի Յարութիւնը ըստ աւանդութեան պատահեցաւ գարնան գիշերահաւասարին (21 Մարտին) յաջորդող Կիրակին: Այսպէս տնօրինած էին առաջին դարերու Եկեղեցւոյ Հայրերը որ, եթէ լուսնին լրումը Մարտ 21-էն առաջ պատահի, այն ատեն Զատիկը տօնուելու է Ապրիլ ամսուայ լուսնի լրման յաջորդող Կիրակին: Աւելի՛ն, եթէ լուսնի լրումը Ուրբաթ, Շաբաթ կամ Կիրակի պատահի, Զատիկը տօնուելու է յաջորդող Կիրակին:

552 թուին, երբ Յուստինիանոս Կայսեր ժամանակ՝ Անդրէաս Բիւզանդացիի կազմած 200 տարուայ տոմարական ցուցակը իր աւարտին հասաւ, Եկեղեցիներուն մէջ Զատիկը տօնելու ճշգրիտ թուականին նկատմամբ՝ տարիներ շարունակ շփոթութիւն ստեղծուեցաւ, որովհետեւ նոր տոմար մը չկար որուն վրայ անոնք հիմնուէին:  

Այսպէս, 561 թուին, Անդրէասեան շրջանին լրանալէն ինը տարի ետք, Էաս Աղեքսանդրացիի նախագահութեամբ,  աշխարհի զանազան կողմերէ հաւաքուած 36 գիտնականներու և տոմարագէտներու ժողով մը գումարուեցաւ Եգիպտոսի մայրաքաղաք Աղէքսանդրիոյ մէջ, որ ժամանակին առաջնակարգ դիրք ունէր: Այդ ընթացքին կը քննարկուի միասնական տոմար որդեգրելու և գործածելու խնդիրը, և կ'որոշուի կիրառել Էաս Աղէքսանդրիացիի կազմած հինգհարիւրեակը կամ Էասեան շրջանը, որ է 532 տարիներու շրջան մը, ուր Զատկուան տօնը հերթականութեամբ կը նշուէր ամէն տարի:

ԺԶ. դարու 80-ական թուականներուն, Գրիգոր ԺԳ. Հռոմայ Քահանայապետի օրօք, հմուտ մասնագէտներու, գիտնականներու, ժամանակի յայտնի աստղագէտներու և մաթեմատիկոսներու հետազօտութեանց իբրեւ արդիւնք, ի յայտ կու գայ որ Յուլեան տարին, փաստօրէն արեգակնային տարիէն ետ մնացած էր մօտ 10 օրով: Այսինքն՝ Յուլեան տոմարով արեգակնային տարուայ տեւողութիւնը այնքան ալ ճիշդ չէր. աստղագիտական ճիշդ հաշուումներու համաձայն, ան պակաս է 11 րոպէ և 14 վայրկեան, որ 128 տարիներու ընթացքին կլոր թիւով մէկ օր կը կազմէր: Արդարեւ, 325 թուէն մինչեւ 1582 թուի ժամանակաշրջանին, գարնան գիշերահաւասարի սխալը կուտակուած և դարձած էր մօտ 10 օր: Այնպէս որ գարնանային գիշերահաւասարը փոխանակ Մարտ 21-ին հանդիպելու, հանդիպած էր Մարտ 11-ին և Զատիկը սխալ էր:   

Ահա այդ պատճառաւ՝ Գրիգոր ԺԳ. Պապի նախաձեռնութեամբ՝ նոր տոմար պատրաստուեցաւ, որ կոչուեցաւ «Գրիգորեան» կամ նոր տոմար:  Լատին Եկեղեցւոյ գործածած Պատարագամատոյցի (lectionnaire) աւարտին՝ կը գտնենք Զատկական տօնի ցուցակը, որ կը հասնի մինչեւ 2050 թուական:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 06:38