Որոնել

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ 

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ Բ. ԿԻՐԱԿԻ ՎԱՐԴԱՎԱՌԷՆ ԵՏՔ (02 – 09 Օգոստոս 2020)

Կիրակի 9 Օգոստոսը, Բ. Կիրակին զկնի վարդավառի՝ բարեկենդան է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման ։ Նոյն օրը կը յիշատակուի Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութեան տարեդարձը, որուն առթիւ կը կատարուի՝ կարգ մաղթանաց վասն հայրապետի։
Ունկնդրէ լուրը

Վարդավառի երկրորդ կիրակին կը կարդանք «ամուսնութեան մասին Քրիստոսի պատգամը Սուրբ Աւետարանին մէջ».  Ինչ որ Աստուած միացուց – կ՛ըսէ Յիսուս – մարդ թող չբաժնէ։ Ահա գլխաւոր օրէնքը ամուսնութեան։

Յիսուս Քրիստոս եկաւ վերահաստատելու օրէնքը որ մարդկութեան սկիզբէն ի վեր դրուած էր ստեղծող Աստուծոյ կողմէ. Այդ օրէնքը կարելի չէ խախտել եւ ինչ որ պատահական կերպով թոյլատրուած էր Հրեայ ժողովուրդին`Մովսէսի արտօնութեամբ, այժմ պարտի վերադառնալ  իր նախկին կարգաւորութեան։

Քրիստոս կը խօսի նաեւ անոնց մասին որոնք կամաւորապէս կը զրկուին ամուսնութենէն իրենք զիրենք բոլորովին նուիրելու համար Տիրոջ ծառայութեան։

Այս շաբթուայ տօները եւս կ՛ընդելուզեն հին եւ նոր կտակարանները, մարգարէներն ու նահատակները։ Տրուած ըլլալով որ հայ ծէսին մէջ շատ են այն օրերը ուր սուրբի տօն չի կատարուիր, զոր օրինակ` չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, ասոր համար է որ յաճախ շատ մը սուրբերու տօները նոյն օրուան մէջ կը հանդիպին։

Երկուշաբթի` կը տօնենք երկու սուրբ իշխաններ, Սահակ եւ Յովսէփ, Կարին քաղաքէն։ Իրենց հայրը արաբ եւ մահմետական իշխանազուն մըն էր, որ ամուսնացած էր հայ քրիստոնեայ կնոջ մը հետ. Իրենց բուն անուններն էին Իսհաք եւ Եուսուֆ, սակայն իրենց հայրը ազատամիտ էր եւ թոյլ տուաւ որ մայրերնին զիրենք մկրտել տայ եւ մեծցնէ որպէս քրիստոնեայ։  Հետագային սակայն երբ երիտասարդ եղան եւ գիտ-ցըւեցաւ իրենց հօր պարագան, կանչուեցան իսլամական դատարան եւ պար-տադրուեցաւ իրենց ուրանալ քրիստոնէութիւնը. Անդրդուելի մնացին անոնք եւ ի վերջոյ գլխատուեցան 808 թուականին։

Երեքշաբթի կը տօնենք 12 փոքր մարգարէները, որոնց գրութիւնները կու գան փակելու Հին Կտակարանը։ Մէջերնէն ամէնահինը Յովնանն է – մօտ 900 տարի Ք.Ա., ապա` կու գան, Ը. դարուն Ք.Ա.` Ովսէ, Ամովս, Միքէ եւ Յովէլ մարգարէները. Նշանաւոր է Միքէի մարգարէութիւնը թէ Փրկիչը պիտի ծնի Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ։ Ք.Ա. Է. դարու մարգարէներ են Նաում, Ամբակում եւ Սոփոնիա։ Զ. դարուն Ք.Ա. կան Ապտիաս, Անգէ եւ Զաքարիա, որոնք արդէն Երուսաղէմի տաճարի վերաշինութեան մասին կը խօսին։ Ի վերջոյ կու գայ Մաղաքիա Ք.Ա. Ե. դարուն։

Հինգշաբթի տօնն է Սեբաստիացի Աթանագինէս եպիսկոպոսին, որ եղբայրն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տիկնոջ` Մարիամի։ Ան կարգուեցաւ Սեբաստիոյ հայրապետին կողմէ` եպիսկոպոս Պիտաքտոնի եւ բազմաթիւ հրաշքներով դարձի բերաւ շատ մը հեթանոսներ. Տակաւին Դիոկղետիանոս կայսր էր Հռոմի եւ հրաման տուաւ սպաննել սուրբը ինչպէս նաեւ իր աշակերտները, որոնք նահատակուեցան Կեսարիոյ մէջ. Հետագային` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ խնդրեց Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ Հայրապետէն իր նահատակ աներձագին մարմինը, եւ անոր աճիւնները Հայաստան բերաւ։ Ան կարգուած է պաշտպան սուրբը որսի ու որսորդներուն։

Շաբաթ՝, տօնն է Եփեսոսի Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն, որոնք 431 թուին հաւաքուեցան այդ քաղաքը յայտարարելու համար Մարիամի Աստուածամայր ըլլալը, ընդէմ Նեստորի՝ Կ.Պոլսոյ պատրիարքին, որ մերժելով այդ տիտղոսը տալ Մարիամի, կը զատէր Յիսուսի մէջ Աստուածը` մարդէն, ինչ որ մեծ հերետիկոսութիւն մըն էր նորակազմ Եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի 9 Օգոստոսը, Բ. Կիրակին զկնի վարդավառի՝ բարեկենդան է Ս. Աստուածածնի Վերափոխման ։ Նոյն օրը կը յիշատակուի Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Պատրիարքին գահակալութեան տարեդարձը, որուն առթիւ կը կատարուի՝ կարգ  մաղթանաց վասն հայրապետի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2020, 06:16