Որոնել

Սուրբ Սահակ Սուրբ Սահակ 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Թ)։

Ս. Սահակ և Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն աշակերտներ կը հաւաքեն՝ շուրջ հարիւր սաներ, որոնք խմբուելով անոնց շուրջ կը կազմեն թարգմանչաց այն սերունդը, որ ստեղծեց մեր պատմութեան Ոսկեդարը:

9-րդ Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Սահակի և Մաշտոցի առաջին մտահոգութիւնը կ'ըլլայ՝ Հայ Եկեղեցւոյ ընծայել հայերէն լեզուով պաշտամունքի մատեաններ, որոնք ծիսական կարգադրութիւններն էին, որպէսզի նուազի օտար լեզուներու ազդեցութիւնը մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Աստուածաշունչ մատեանի թարգմանութիւնը որ սկսած գիրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, իր աւարտին հասաւ 434-ին. միեւնոյն ատեն թարգմանելով արարողական տարբեր մատեաններ յունարէն և ասորերէն բնագիրներէն: Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը այնքան ճշգրիտ  եղաւ, որ այսօր ան կը նկատուի Ս. Գիրքի ամենահարազատ թարգմանութիւններէն մին և օտար գիտնականներուն կողմէ արժանացած է «Թագուհի Թարգմանութեանց» տիտղոսին:

Ս. Սահակ և Ս. Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն աշակերտներ կը հաւաքեն՝ շուրջ հարիւր սաներ, որոնք խմբուելով անոնց շուրջ կը կազմեն թարգմանչաց այն սերունդը, որ ստեղծեց մեր պատմութեան Ոսկեդարը:

Մեսրոպ Մաշտոցի երէց աշակերտներէն՝ Կորիւնը, որ իր վարքը գրած է, կը պատմէ թէ Սահակ Հայրապետը յունարէն լեզուէն հայերէնի թարգմանած է մեծ քանակութեամբ եկեղեցական գիրքեր:

Եկեղեցական գիրք ըսելով կը հասկնանք, եկեղեցւոյ ժամերգութեան և ծիսակատարութիւններու ժամանակ գործածուած գիրքեր. Ժամագիրք, Պատարագամատոյց, Տօնական. ասոնց կողքին նաեւ թարգմանուած են աստուածաբանական և դաւանաբանական գրութիւններ:

Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսը, Մեսրոպ Մաշտոցը և Յովհան Մանդակունի և Գիւտ Կաթողիկոսները գիրերու գիւտի յաջորդող ժամանակաշրջանին՝ ծէսի բովանդակութիւնը հարստացնող շարականներու յօրինման, աղօթքներու խմբագրման և դասաւորման առումով՝  կոթողական աշխատանք տարին:

Այս թարգմանութիւններու ընթացքին՝ Սահակ Պարթեւի, Մեսրոպ Մաշտոցի, Եզնիկ Կողբացիի, Կորիւնի և այլոց միացեալ ուժերով կը յօրինուին հայկական հոգեւոր երգեր, շարականներ և օրհներգեր, ինչպէս նաեւ կը գրուին կանոններ, մեկնութիւններ, սաղմոսներ,  կ'իւրացուին ծէսերը, կը թարգմանուին Պատարագամատոյցը և Մարգարէական օրհնութիւնները և կը հայացուի ժամերգութիւնը. այսպիսով հարստացնելով հայ եկեղեցւոյ քրիստոնէական պաշտամունքը:

Հին պատմագիրներ յստակ չեն յիշեր թէ ինչ կարգադրութիւններ կամ կանոններ հաստատուեցան Ս. Սահակի կողմէ. Թէպէտեւ իրեն կը վերագրուի պատարագամատոյցը, որ հայերէն թարգմանուած առաջին գիրքն էր: Անոր յաջորդած է ձեռնադրութեանց կանոնը 410-ին. աշխարհաթաղը 413-ին, ետքը քահանայաթաղը, հոգեհանգիստը և սերմն օրհնէքը 423-ին:

Ամէն պարագային՝ եկեղեցական կեանքի կարգաւորման համար՝ ծիսարանի գոյութիւնը այնքան անհրաժեշտ էր, որ այդ օրերուն պատրաստուեցան գլխաւոր խորհրդակատարութեանց կանոնները, ինչպէս են՝ մկրտութիւնն ու դրոշմը, նշանն ու պսակը, ձեռնադրութիւններն ու թաղումները: Այսօր այդ կանոնները պարունակող ծիսարանը «Մաշտոց» կը կոչենք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2020, 07:17