Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց փտածութեան դէմ պայքարին եւ բարեկարգումներ կատարելու առումով համագործակցութեան։
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ հաստատեց, որ կառավարութիւնը երկփեղկումի մթնոլորտէն պէտք է ձերբազատի:
«Կոչ կ՛ուղղենք փտածութեան դէմ պայքարին եւ բարեկարգումներ կատարելու առումով համագործակցելու, սկսեալ ելեկտրականութեան ոլորտի բարելաւումէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը վերահաստատեց իր այն կեցուածքը, թէ Լիբանան պէտք է ըլլայ Արեւելքը Արեւմուտքին կապող կամուրջը` տնտեսական եւ մշակութային իմաստով:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին ընդունեց նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռիֆի յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին կողմէ չէզոքութեան յայտարարութիւնը իրենց պահանջն է: «Մեր գոյութիւնը վտանգի ենթակայ է, իսկ լուծումը չէզոքութիւնն է», հաստատեց Ռիֆի:
Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ Լիբանանի պաշտպանութեան միակ միջոցը չէզոքութիւնն է:
Քաղուած «Ազդակ» էն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ