Որոնել

«Lourdes United» խորագիր ձեռնրակով  «Lourdes United» խորագիր ձեռնրակով  

Լուրտի Սրբավայր. «Lourdes United» խորագիր ձեռնարկով աշխարհը հերակապով կը մասնակցի՝ «յոյսի եւ հաղորդութեան նշան» Տիրամօր ուխտագնացութեան։

«Աննախադէպ ձեռնարկ մըն է յոյսի եւ հաղորդութեան նշան» ըսած է այս առթիւ Սրբավայրի Ռէկտոր գերապայծառ Օլիվիէ Ռիպատօ Տիւման։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Պատմութեան մէջ առաջին անգման ըլլալով Լուրտի Սրբավայրը՝ 16 Յուլիսին, Սուրբ Կոյս Մարիամին Պերնատէթ Սուպիրույի վերջին երեւումին տարեդարձին առթիւ, պիտի դառնայ «օն լայն» ուխտագնացութեան վայր, ուր հերակապով պիտի համախմբուին աշխարհի տարբեր երկիներէ միլիոնաւոր հաւատացեալներ, մասնակցելով 15 ժամ տեւող ուղիղ եթերով սփռուած արարողութիւններուն, թափօրներուն, վարդարանի ջերմեռանդութեան եւ 10 տարբեր լեզուներով արտասանուած այլ աղօթքներուն։

Տիրամօր 18րդ երեւումը յիշատակող տարեդարձին առթիւ, առաւօտեան ժամը 7-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 10, հաւատացեալները կարող են ուղիղ եթերով հետեւել ու մասնակցիլ  ուխտագնացութեան, ուր նախատեսուած են տարբեր արարողութիւններ եւ աղօթքի պահեր, ինչպէս նաեւ խորհրդածութիւններ եւ եղբայրութեան ու զօրակցութեան վկայութիւններ։

«Lourdes United ձեռնարկը նշան է յոյսի եւ հաղորդութեան, յոյս՝ որովհետեւ «ցաւերն ու դժուարութիւնները վերջին խօսքը չունին եւ հաւատացեալները համախմբուած աղօթքի մէջ, Տիրամօր կը յանձնեն իրենց անձկութիւնները եւ այս մէկը յոյսի արարք է։  Ձեռնարկը ապա հաղորդութեան նշան է՝ որովհետեւ բոլորս իրարու միացած ենք, տարբեր երկիրներէ, տարբեր իրավիճակի մէջ գտնուող անձեր, միասին աղօթելու համար, ու այս մէկը առիթ է ստեղծելու այն ընկերային կապը, որ այսօրուայ ընկերութեան մէջ շատ անգամ կը պակսի» նշած է Սրբավայրի Ռէկտոր՝ գերապայծառ Օլիվիէ Ռիպատօ Տիւման, որ ապա աւելցուցած է թէ Լուրտը եզակի վայր մըն է ուր տեղի ունեցաւ հանդիպումը Պերնատէթի եւ Տիրամօր միջեւ։

Սովորաբար, ամէն տարի, Լուրտի Սրբավայրը կ՛այցելեն 3 միլիոնէ աւելի հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ, որոնցմով կը զբաղին մօտաւորապէս 100 000 կամաւորներ։

Մարտ ամիսէն սկսեալ Սրբավայրը փակ մնացած էր համաճարակի արտակարգ իրավիճակի ստեղծումէն ետք, որուն բերումով ջնջուեցան նաեւ բոլոր ուխտագնացութիւնները։ Թէեւ այժմ ուխտավայրը վերաբացուած  է,  սակայն արտակարգ դրութիւններու բերումով կարող չէ մեծ թիւով հաւատացեալներ ընկալել։

Հակառակ համաճարակին ստեղծած արտակարգ իրավիճակին Սրբավայրի մէջ աղօթքները երբեք չի դադրեցան եւ 17 մարտէն մինչեւ օրս կը շարունակուին ամէնօրեայ հերթականութեամբ։

«Թէեւ Սրբավայրը դատարկ է, սակայն անոր մէջ ապրող քահանաներս երբեք մենք մեզ միայնակ չի զգացինք, որովհետեւ գիտակից էինք թէ ընկերային ցանցերու միջոցաւ մեզի հետ աղօթքի կը մասնակցին միլիոնաւոր հաւատացեալներ։ Այնպէս ինչպէս կը պատահի այսօր՝ այս ուխտագնացութեամբ» հաստատած է միշտ Սրբավայրի Ռէկտոր գերապայծառ Տիւման։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2020, 08:50