Որոնել

Քանդուած Եկեղեցի մը Քանդուած Եկեղեցի մը 

Միացեալ Նահանգներու մէջ Եկեղեցին հաւատացեալներէն կը խնդրէ աղօթել եւ սատարել կրօնի ազատութեան։

«Կրօններու դէմ խտրականութիւնը ու յատկապէս կաթողիկէ քրիստոնեաներու դէմ խրատականութիւնը, համայն աշխարհի մէջ աճ կ՛արձանագրէ, նոյնիսկ եթէ աւելի բարդ ու պակաս բռնի ձեւերով»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կրօնի ազատութեան իրաւունքը իր հիմքը կը գտնէ նոյնինքն մարդ անհատի արժանապատւութեան մէջ։ Կրօնի ազատութիւնը մարդկային այն իրաւունքն է  որ կ՛երաշխաւորէ բոլոր միւս իրաւունքները։ Խաղաղութիւնը, եւ ստեղծագործ համակեցութիւնը կարելի են միայն եթէ լիապէս յարգուի կրօնական ազատութիւնը»։ Այսպէս արտայայտուած է Մայէմիի Արքեպիսկոպոս եւ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսանան համահաւաք դասի Կրօնի Ազատութեան յանձնախումբի նախագահը՝ Գերապայծառ Ոիենսքի, Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կայքէջին վրայ հրապարակած մէկ յայտարարութեան մը մէջ, ուր նաեւ կոչ կ՛ուղղուի հաւատացեալներուն՝ մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու մէջ նշուող Կրօնի Ազատութեան Շաբաթուան որ  սկիզբ առաւ երէկ՝ 22 Յունիսին։

Սուրբ Պետրոս եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին օրը՝ Յառաջիկայ 29 յունիսին աւարտող վերոնշեալ շաբաթուան կեդրոնական նիւթն է «Բոլորի բարիքին համար», որուն առընչութեամբ Գերապայծառ Ուենսքին կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ աղօթելու եւ սատարելու կրօնական ազատութեան հաստատման, դիտել տալով՝ որ «կրօններու դէմ խտրականութիւնը ու յատկապէս կաթողիկէ քրիստոնեաներու դէմ խրատականութիւնը, համայն աշխարհի մէջ աճ կ՛արձանագրէ, նոյնիսկ եթէ աւելի բարդ ու պակաս բռնի ձեւերով»։

«Այնպէս ինչպէս խօսքի ազատութիւնէն կախեալ է ոչ միայն գաղափար արտայայտելու իրաւունքը, այլեւ թոյլ տալու՝ որ գոյութիւն ունենան ազատ մամուլ, համալսարաններ, գրադարաններ ու քաղաքական եւ քաղաքացիական ընկերակցութիւններ, այնպէս նաեւ կրօնի ազատութիւնը պէտք է, բոլորի բարիքին ի նպաստ, պարունակէ բոլոր այն հաստատութիւնները, որոնք կը սատարեն անհատի կրօնի ազատ ապրումին» հաստատուած է միշտ Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսներուն հրապարակած վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2020, 09:41