Որոնել

Այբուբենի Այբուբենի 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը (Ը)։

Հայ Եկեղեցւոյ Ոսկեդարու ծէսի հոլովոյթը

 8-րդ Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյն ձեզ յարգելի ունկնդիրներ.

Այսօր, պիտի անդրադառնանք Հայ Եկեղեցւոյ Ոսկեդարու ծէսի հոլովոյթին:

Մեր պատմութեան Ե. դարը կոչուած է Ոսկեդար: Ս. Մեսրոպ Մաշտոց մեր պատմութեան մեծագոյն հանճարը՝ ականատես եղաւ, որ հայութիւնը տակաւին հայերէն գիր գրականութիւն չունենալով՝ զրկուած էր Ս. Գիրքը ընթերցելու հնարաւորութենէն:

Մաշտոց Հայ ժողովուրդի վերապրումին համար՝ փրկութիւնը կը տեսնէր հայագիր դպրութիւն մը ունենալուն մէջ:

Այդ օրերուն, ինչպէս մեր անցեալի հաղորդումներուն մէջ անդրադարձանք, մեր եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւնները կը կատարուէին յունարէն և ասորերէն լեզուներով: Եկեղեցւոյ քարոզիչներն այդ լեզուներով կը կարդային Աստուածաշունչը, այնուհետեւ բանաւոր կերպով հայերէնի կը թարգմանէին ներկայ հաւատացեալներուն: Սկզբնական շրջանին կային յատուկ թարգմանիչներ, որոնք արարողութիւններու ժամանակ Ս. Գիրքի հատուածները բանաւոր կերպով կը թարգմանէին հայերէն:

Այսպէս 301-էն 405 թ. դար մը ամբողջ՝ հայերու քրիստոնեայ դառնալէն մինչեւ գիրերու գիտը ինկած ժամանակաշրջանը՝ յունարէն և ասորերէն լեզուներով աւանդուած հոգեւոր-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հրահանգներու, ճառերու, կանոններու, աղօթքներու, ծէսերու ու պաշտամունքի վերաբերող նիւթերու՝ բերանացի և գրաւոր թարգմանութեան շրջան մը հանդիսացաւ:

Մաշտոց անընդհատ կը մտածէր Ս. Գիրքը հայերէնի թարգմանել, որու իրականացման համար, կը նուիրուի Հայոց նշանագիրներու (Այբուբենի) ստեղծման: Առաջին հերթին՝ կը դիմէ Հայոց Կաթողիկոսին՝ Ս. Սահակ Պարթեւին և մեծ քաջալերանք կը գտնէ, քանի որ Կաթողիկոսը նոյնպէս մտահոգուած էր այդ հարցով: Անոնց ծրագրին կ'աջակցի նաեւ Հայոց թագաւորը՝ Վռամշապուհ Արշակունին:

Ս. Մեսրոպ, իր հետ առնելով իր աշակերտները, առաջին հերթին կ'երթայ Ասորիք, Միջագետք, Եդեսիա, ուր տեղի կ'ունենայ ամենամեծ հրաշքը, զոր կը վկայէ Մովսէս Խորենացին իր «Հայոց պատմութեան» մէջ. «Մեսրոպն ապաւինեցաւ Աստուծոյն պահքով ու աղօթքով: Եւ Աստուած, որ կը կատարէ իր երկիւղածներուն կամքը, կը լսէ Մեսրոպի աղօթքները և ցոյց կու տայ անոր գիրերը սքանչելի տեսիլքով, և ոչ թէ երազի մէջ քնած ժամանակ, այլ արթուն աչքով իմանալի և աչքի տեսանելիքով զգալի: Մեսրոպը կը տեսնէ, որ աջ ձեռքի դաստակով կը գրուի վէմի վրայ, որ դրուած էր անոր առջեւ: Եւ գիրի փորուածքն այնպէս էր, ինչպէս ձեռքը ձեւ կու տար վէմին վրայ. և գիրերի տարբերութիւններն ու անունները կը ձեւաւորուէին Մեսրոպի մտքին մէջ»:

Հայ նշանագրերու գիւտէն անմիջապէս ետք, Ս. Մեսրոպ առաջին անգամ կը թարգմանէ Սողոմոնի «Առակաց» գիրքի առաջին տողը. «Ճանաչել զիմաստութիւն և զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» (Ճանաչել իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը):

Ս. Սահակի և Ս. Մեսրոպի ջանքերով Հայաստանի մէջ հիմերը կը դրուին հայ առաջին կրթօճախներու, Փոքր Հայքէն մինչեւ Մեծ Հայքի արեւելեան ծայրամասը, ուր կ'ուսուցանեն հայերէն գրաւոր լեզուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/06/2020, 07:32