Որոնել

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Քահանայապետին կը ներկայացնէ Երանելի Մալոյանին սրբանկարը։ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Քահանայապետին կը ներկայացնէ Երանելի Մալոյանին սրբանկարը։  

Այսօր կը յիշատակուի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի մահուան հինգերորդ տարելիցը։

Երանաշնորհ հայրապետին կը պարտինք 2015-ի ապրիլի 12-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» պազիլիքային մէջ Քահանայապետի գլխաւորութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագը։

25  Յունիս 2015,  75 տարեկանին իր հոգին կ՛աւանդէր առ Հայր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը։

Ունկնդրէ լուրը

Երանաշնորհ Հայրապետը ծնած էր Գահիրէ, 17 Յունուար 1940-ին: Կուսակրօն քահանայ  ձեռնադրուած էր  15 Օգոստոս 1965-ին եւ օգնական  նշանակուած Գերապատիւ Յովհաննէս վրդ. Գասպարեանին, հետագային` Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Կաթողիկոս Պատրիարք: 1968-1990 եղած  էր Գահիրէի արուարձաններէն Հելիոպոլսոյ Սրբուհի  Թերեզա եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:

18 Փետրուար 1990-ին, ամենապատիւ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.ին կողմէ նշանակուած էր Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաքելական վարիչ: 1993-ին մաս կազմած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին եւ  ապա մնայուն սիւնհոդոսին:

7  Հոկտեմբեր 1999-ին Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին կողմէ կ՛ընտրուի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` առնելով Ներսէս Պետրոս ԺԹ. անունը:

Իր 16 տարիներու գահակալութեան ընթացքին, Երջանկայիշատակ Հայրապետը անխոնջ նուիրումով ծառայեց հայ եկեղեցւոյ, ազգին եւ Լիբանանին, եւ գործեց ի խնդիր Հայաստան-Սփիւռք մերձեցումին: Խորապէս մտահոգուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնէութեան ու յատկապէս հայութեան ճակատագիրով: Ան ճիգ ու ջանք չխնայեց ի խնդիր լիբանանեան համայնքներուն միջեւ համագործակցութեան ու համակեցութեան, եղաւ համերաշխութեան ու երկխօսութեան ջատագով մը յատկապէս հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութիւններուն հետ:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ընդառաջելով իր խնդրանքին, 2015-ի ապրիլի 12-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ սուրբ Պատարագ մատուցանեց Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» պազիլիքային մէջ եւ սուրբ Գրիգոր Նարեկացին հռչակեց Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ:

Յընթացս սուրբ պատարագին արտասանած խօսքին մէջ Քահանա յապետը յատուկ կերպով յիշատակեց Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր մէկուկէս միլիոն զոհերը` իբրեւ նահատակներ եւ մեղսակցութիւն նկատեց լռութիւնը այս պատմական իրողութեան մասին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/06/2020, 08:00