Լոյս տեսաւ համայնքային ևս մէկ հոգևոր թերթ՝ Մեծ Սեպասարի «Սուրբ Փրկիչը»
Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Աստուծոյ կամքով և Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի օրհնութեամբ, Մեծ Սեպասար համայնքի համար սկսած է տպագրուիլ կաթողիկէ հոգևոր պարբերաթերթ, որը կը կրէ գիւղի եկեղեցւոյ անունը՝ «Սուրբ Փրկիչ»:
Փոքրածաւալ թերթը լոյս կը տեսնէ ամենամսեայ կամ երկամսեայ պարբերականութեամբ: Թերթը կազմելու աշխատանքները առ այժմ ստանձնած է գիւղի ժողովրդապետ՝ Տէր Յովսէփ Քհն Գալստեանը, եւ անոր կ՛օգնեն մեծսապասարցիները, որոնք հետաքրքրուած են գիւղի հոգևոր նկարագրի առաւել զարգացումով և հոգևոր աւանդոյթներու պահպանմամբ:
«Թերթը նաև միջոց է՝ Աստծոյ խօսքը, քահանայի ասելիքը հասցնելու համայնքի բնակիչներուն, մանաւանդ, այս օրերուն, երբ տուներ այցելելու հնարաւորութիւն գրեթէ չկայ» նշուած է վերոնշեալ տեղեկատուութեան մէջ :
Թերթը անվճար կը բաժանուի բոլոր բնակիչներուն:
Թերթի տպագրութիւնը կը վայելէ Արհ. Տ. Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի և Հայկական Կարիտաս բարեսիրական կազմակերպութեան հովանաւորութիւնը։
Թերթի էլեկտրոնային PDF տարբերակը կը գտնէք այստեղ՝ Սուրբ Փրկիչ Ա համար
Յաւելեալ Տեղեկութիւններու համար http://armenianchurchco.com/
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ