Որոնել

Սուրբ Երկրէն առնուած լուսանկար Սուրբ Երկրէն առնուած լուսանկար 

Սուրբ Երկրի վաստակաւոր եկեղեցապետերուն միասնական կոչը՝ խաղաղութեան ի սպաս։

Այս կոչը կը գրենք որպէս Արաբ, Պաղեստինցի Քրիստոնեաներ։ Նշուած է միասնական յայտարարութեան մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Երկրի վաստկաւոր եկեղեցապետեր՝ Լատին եկեղեցւոյ երբեմնի պատրիարք, Գերերջանիակ Միշէ Սապահ, Լուտերական եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ վաստակաւոր եպիսկոպոսներ հրապարակեցին միասնական յայտարարութիւն մը խնդրելով, որ վերջ դրուին Պաղեստինի ու Իսրայէլի միջեւ հակամարտութիւնները նկատել տալով, որ հակամարտութեան աւարտը՝ հիմնական քայլ է, Սուրբ երկրին մէջ խաղաղութեան մէջ եւ վերջանէս բազմաթիւ ազգեր Պաղեստինն ու Իսրայէլը կը ճանչնան, որպէս երկու պետութիններ։

Ունկնդրէ լուրը

Միասնական յայտարարութեան մէջ Սուրբ Երկրի վաստկաւոր համայնքապետերը զգուշացուած են, որ համաճարակի ճգնաժամին օրերուն, պէտք չէ որ անտեսուի Սուրբ երկրի խաղաղութեան հրատապ նպատակը, ոչ միայն Սուրբ Երկրի բնակչութեան համար, այլեւ միջազգային ընտանիքին համար, անոնք ապա կոչ ուղղած են  եկեղեցիներուն, պետութիւններուն, բարի կամք ունեցող մարդոց, ամէն ջանք թափելու՝ վերջն դնելու համար Սուրբ Երկիրի մէջ ողբերգական կացութեան։

«Այս կոչը կը գրենք իբրեւ Քրիստոնեայ Արաբ Պաղեստինցիներ, որ հոս կ՝ապրին Պենտեկոստէէն ի վեր եւ լիարժէք մաս կը կազմեն այս հասարակութեան։Բոլորս կը կիսենք տիեզերական համաճարակի ցաւը եւ Աստուծմէ կը հայցենք որ ողորմի ու ամոքէ բոլորին վիշտերը, սակայն  միաժամանակ մտահոգ ենք ժողովուրդի ցաւ պատճառող Սուրբ Երկրի հիւանդութեան գծով։ նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Սուրբ Երկիր Լատիններուն երբեմնի պատրիարքը, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացին անդրադառնալով վերոնշեալ միասնական յայտարարութեան նշեց, թէ Սուրբ Երկրի մէջ կարելի է խաղաղութիւն կերտել եւ այդ հարցը կը կայանայ հասկնալու մէջ  թէ ինչու Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը այդ ուղղութեամբ որոշում չկայացներ։ Եօթանասուն տարիներէ ի վեր կը խօսուի երկու պետութիւններու մասին։ ըսած է Սապպահ Պատրիարքը աւելցնելով, որ «Աստուած աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու Աստուածն է, Ան սէր է  բոլորին համար՝ նաեւ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ժողովուրդներու համար։ Մեր առաքելութիւն կը կայանայ համերաշխութիւն կերտելու մէջ. օգնեցէք մեզի զայն իրականացնելու համար։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/06/2020, 10:05