Որոնել

Ափրիկէ, մշակոյթ, աւանդութիւն Ափրիկէ, մշակոյթ, աւանդութիւն 

Եւրոպայի եւ Ափրիկէի եպիսկոպոսներու միասնական յայտարարութիւնը ի տես Եւրոպայի եւ Ափրիկէի 6-րդ վեհաժողովին։

Ափրիկէն եւ Եւրոպան միացած, մարդու պաշտպանութեան եւ արժանապատւութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ի տես Եւրոպական միութեան եւ Ափրիկէի միութեան քաղաքական պատասխանատուներուն, Քորոնա ժահրի համաճարակի հարցերու մասին  գումարելիք 6-րդ վեհաժողովին,  Եւրոպայի եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասերուն խորհուրդը եւ Ափրիկէի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու ժողովը հանդէս եկան միասնական յայտարարութեամբ մը՝ երկու միութիւններուն միջեւ սերտ գործակցութեան ապագային վերաբերեալ։

Ունկնդրէ լուրը

Միասնական յայտարարութեան մէջ վերոնշեալ երկու ցամաքամասերու եպիսկոպոսներու նախագահները  իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են համաճարակի թիրախ բոլոր ընտանիքներուն, հասարակութիւններուն եւ անձերուն համար։
Եպիսկոպոսները  ապա Եւրոպայի եւ Ափրիկէի քաղաքական իշխանութիւնները քաջալերած են որ իրենց վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները կեդրոնացնեն  մարդկային արժանապատւութեան սկզբունքներուն, պատասխանատուութեան եւ զօրակցութեան վրայ յատուկէն ուշադրութիւն ցուցաբերելով աղքատներուն, բնապահպանութեան՝ ընդհանուր բարիքին համար։

Միասնական յայտարարութեան մէջ համոզմունք յայտնած են որ Ափիկէն եւ Եւրոպան պիտի կարենան թափ տալ բազմակողմանի գործակցութեան։

Մեկնաբանելով ապա  Եւրոպայի եւ Ափրիկէի համատեղ ներդրման մեկնարկի մասին ՝ Կարդինալ . Հոլերիխը յիշեցուցած է Եւրոպայի և Ափրիկէի հասարակաց արմատներն ու աշխարհագրական հարևանութիւնը շեշտելով «Եւրոպայի պատասխանատուութիւնը ՝ հարևաններու հետ խաղաղութիւն  ու բարգաւաճում կիսելու համար»:

«Արդարութիւնը  պէտք է ծաղկի  և խաղաղութիւնը յաւերժ  բարգաւաճի » միասնական  յայտարարութեան  մէջ,  առաջարկուած է  կարգ մը քաղաքական յանձնարարականներ  հայող  միջպետական ​​քաղաքական և տնտեսական յարաբերութիւններուն վերափոխման , հաստատելու  համար հաւասար եւ պատասխանատու գործակցութիւն քաղաքացիներուն բարիքին ի նպաստ։

Այս առնչութեամբ  եւրոպայի  և ափրիկէին՛ եպիսկոպոսները խնդրած են հաստատել գործընկերային յարաբերութիւններ ՝ մարդու համապարփակ զարգացման, բնապահպանութեան , խաղաղութեան, եւ մարդու անվտանգութեան զարգացման ի նպաստ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2020, 11:56