Որոնել

Գերապայծառ Փավովեզէ Գերապայծառ Փավովեզէ 

Այսօր կը լրանայ «երկխօսութեան եպիսկոպոս» Գերապայծառ Փավովեզէի Թուրքիոյ մէջ սպանութեան 10րդ տարելիցը։

«Հաշտութեան ու երկխօսութեան մարդ՝ Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէն նման է մանանեխի հատիկին որ հողին մէջ կ՛իյնայ ու շատ պտուղներ կու տայ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

3 Յունիս 2010-ին Գերապայծառ Փատովեզէն դաշունահարուեցաւ իր թուրք վարորդ՝ Մուրաթ Ալթունի ձեռքով, Թուրքիոյ Իսկէնտէրուն քաղաքին մէջ, ուր նահատակ եպիսկոպոսը կը մատուցէր իր առաքելական տեղապահի առաքելութիւնը։ ։

«Հաշտութեան ու երկխօսութեան մարդ՝ Գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէն նման է մանանեխի հատիկին որ հողին մէջ կ՛իյնայ ու շատ պտուղներ կու տայ»։ Այսպէս կ՛արտայայտուէր Միլան Թեմին Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Տիոնիճիի Թեթթամացցին  Միլանի «Տումօ»-ին մէջ 14 Յունիս 2010-ին կայացած  գերապայծառ Լուիճի Փատովեզէի յուղարկաւորութեան արարողութեան առթիւ։

Այսօր կը լրանայ երկխօսութեան եպիսկոպոս Գերապայծառ Փավովեզէի Թուրքիոյ մէջ սպանութեան 10րդ տարելիցը։  Եւ անոր մահն ու կեանքը տուին պտուղներ։ Անոր վկայութիւնը արդարեւ դարձաւ կենդանի պարգեւ՝ համայն Թուրքիոյ քրիստոնեաներուն համար ու անոր խաղաղութեան, միջկրօնական երկխօսութեան եւ խաղաղ համակեցութեան ի սպասս յանձնառումը՝ կը մնան բոլորին համար բարոյական եւ հոգեւոր ժառանգութիւն։

Գերապայծառ Փատովեզէն լաւապէս գիտակից էր՝ որ իր առաքելութիւնը զերծ պիտի չըլլար վտանգէ։  2005-ին Ան գրած էր «Քրիստոնէական հինաւուրց ժառանգութեամբ բազմաթիւ երկիրներուն մէջ ոչ մէկը այդքան նահատակներ ունեցած է Թուրքիոյ նման։ Հողը՝ որուն վրայ կը քալենք, լուացուած է բազմաթիւ մարտիրոսներու արիւնով, որոնք ընտրեցին մեռնիլ Քրիստոսին համար։ Սակայն Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեայ ըլլալը պարգեւ մըն է, որ կը պատկանի այդ երկրի եկեղեցւոյ որ ժառանգորդն է քրիստոնեայ առաջին եկեղեցիին»։

Իսկ 2006-ին Հայր Անտրէա Սանթորոյի Տրապիզոնի մէջ սպանութեան մասին արտայայտուելով, Ան հաստատած էր՝ թէ «Ան որ կը մտածէր թէ քահանայ մը սպանելով այս հողէն պիտի ջնջէր քրիստոնէական ներկայութիւնը, չի գիտեր որ մարտիրոսները քրիստոնէութեան ուժն են։ Աղօթենք անոր երիտասարդ մարդասպանին համար։ Ներումի զօրութիւն ու մեր աղօթքին ուժը օգնէ անոր՝ որպէսզի հասկնայ՝ թէ սէրը աւելի հզօր է մահէն։

30 Մայիս 2010-ին արտասանած վերջին քարոզին մէջ գերապայծառ Փատովեզէ հաստատած էր՝  «Թուրքիոյ մէջ կը սորվինք ընդունիլ տարբերութիւնը, սակայն կարեւոր  է նաեւ մենք մեզ ընդունիլ տալ։ Այս ուղղութեամբ միակ ճանապարհը մտերմութեան եւ բարեկամութեան ճանապարհն է…ես միշտ համոզուած եմ, որ երկխօսութիւնը գաղափարներու փոխանակում ըլլալէ առաջ, պէտք է ըլլայ հանդիպում՝ ընդմէջ մարդոց, որոնք մտքէն անդին ունին նաեւ սիրտ մը։ Եթէ երկխօսութիւնը չի ներգրաւեր նաեւ սիրտը ապարդիւն է»։

10 տարիներ անցան այդ օրէն եւ Գերապայծառ Փատովեզէի յիշատակն ու ուսուցումները կը մնան այժմէական։ Ապանութեան 10րդ տարելիցին առթիւ նախատեսուած յիշատակումի  արարողութիւնները, համաճարակի բերումով յետաձգուեցան եկող տարուայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2020, 09:27