Որոնել

Սուրբ Հոգիին գալուստը Սուրբ Հոգիին գալուստը 

Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին աղօթքի հսկում հայցելու համար Սուրբ Հոգիին գալուստը։

Շաբաթ 30 մայիսի երեկոյեան 10-ին (Հռոմի Ժամանակացոյցով) CHARIS կաթողիկէ Խարիզմադիկ նորոգումի միջազգային ծառայութիւնը, համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն առաջարկ կը ներկայացնէ, աղօթելու միասին, Տիրոջմէ հայցելու համար նոր Պենտեկոստէ մը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2019-ի Պենտեկոստէի տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնարկ տուած էր կաթողիկէ խարիզմադիկ նորոգումի միջազգային ծառայութեան (CHARIS), որ իւրօրինակ ծառայութիւն է՝ հաստատուած Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Ժողովի կողմէ, կաթողիկէ խարիզմադիկ տարբեր իրողութիւններու միջև խթանելու համար՝ միասնութիւնն ու հաղորդակցութիւնը։

Մէկ տարի անց՝ կը գտնուինք աշխարհի բնակչութեան մեծ մաս մը իրենց տուներուն մէջ մեկուսացուցած ժահրի  մը աննախադէպ տագնապին դիմաց, որ մեծ վնաս հասցուց նաեւ տարբեր երկիրներու տնտեսութեան, փակել տուաւ եկեղեցիները, ծանր եւ սարսափելի հետեւանք ունի աղքատին եւ բնիկ ժողովուրդներուն վրայ…այս մէկը ապա արգելք է իրարու հանդիպելու ֆիզիկապէս, միասին աղօթելու համար, մեր Թեմերէն ներս։ Ժահրը սակայն չի կրնար արգելք ըլլալ աղօթքին, ընդհակառակը ան հրահրեց աղօթքի նոր ձեռնարկներ, որոնց շարքին նաեւ համամիութենական աղօթքներ, համայն աշխարհին մէջ։

Այս ուղղութեամբ է որ 2020-ի Պենտեկոստէի տօնի նախօրեակին՝ շաբաթ 30 մայիսի երեկոյեան 10-ին (Հռոմի Ժամանակացոյցով) CHARIS կաթողիկէ Խարիզմադիկ նորոգումի միջազգային ծառայութիւնը, համայն աշխարհի քրիստոնեաներուն առաջարկ կը ներկայացնէ,  աղօթելու միասին, Փառաբանելու համար Տէրը ու Անորմէ հայցելու նոր Պենտեկոստէ մը, Սուրբ Հոգիին նոր զեղում մը՝ եկեղեցւոյ եւ աշխարհին վրայ։

Աշխարհի 100է աւելի երկիրներէ հազարաւոր հաւատացեալներ  համացանցի միջոցաւ պիտի մասնակցին վերոնշեալ ձեռնարկին։

-----

CHARIS- Միջազգային կայան (Անգլերէն)

Youtube: https://www.youtube.com/channel/UCCMdhi9sRVPgjhHfV9H98GA

Facebook: https://www.facebook.com/charisoffice/

Այլ լեզուներով կայեաններ

Ֆրանսերէն: https://www.youtube.com/watch?v=T0mrPqnthhg

Սպաներէն: https://www.youtube.com/watch?v=Yn_4-NXVWZE

Արաբերէն: NOURSAT https://noursat.tv/tv/noursat/live

Իտալերէն: TV 2000

Լեհերէն: Youtube: https://youtu.be/HzemsNkG28s

Facebook https://www.facebook.com/mezczyzni/live/

Փորթուկալներէն:   Youtube: https://www.youtube.com/channel/UC6V9mqiVuzd-v3ozUfCtZFA

Facebook: https://www.facebook.com/cancaonova/



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2020, 09:17