Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր։ Յիսուսի սրբապատկեր։ 

«Անունը Ողորմութիւն է» Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Հայր Աստուած կը փափաքի որ իր եւ այսօրուայ աշակերտները միացած մնան իր անունով, եւ ասոր համար Քրիստոս յաճախ կը կրկնէր.- «Ո՛վ Հայր» անունը, որովհետեւ միշտ միացած էր անոր հետ։

Ո՛վ Տէր եւ Հայր իմ,  առանց քեզ եւ քեզ ուղարկողին չեմ ճանչնար զաւակներդ եւ գիտես որ  չեմ կրնար  միութեամբ ապրիլ քու զաւակներուդ՝ Քրիստոսի անունով իմ եղբայրներուս եւ քոյրերուս հետ եւ ոչ ալ վայելել յաւիտենական կեանքը։  Դիր իմ եւ իմ սրտիս մէջ այդ ճանաչումը որպէսզի սրբուիմ քու ճշմարտութեանդ մէջ, երբեք քու սիրովդ բաժնուելու համար   գէշէն պաշտպանուելով, եւ  քաջաբար կանգնելու համար այս նոր աշխարհի ոխին դիմաց որ կը պայքարի հաւատացեալներուն դէմ։

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ո՛վ Յիսուս, դուն որ խոնարհ եւ փափկալի սիրտ  մը ունիս, իմ սիրտն ալ դարձուր քու սրտիդ նման։ Թող իմ հաւատքս, յոյսս եւ սէրս մի եւ միացած ըլլան որպէսզի ապրիմ քու սուրբ Հաղորդութիւնդ քու ողորմութեանդ հոգիին մէջ։

Յիսուս այսպէս կը խօսէր վերջին ընթրիքի ընթացքին եւ սակայն արդեօք իր աշակերտները ներկա՞յ էին այս  հայրական աղօթքի ընթացքին թէ՞ բացակայ։

Յիսուս միշտ ներկայ էր եւ է՛ մեր մէջ, որովհետեւ կ’ուզէ բոլորիս զգացնել իր Հօր ներկայութիւնը իր աղօթքին ընդմէջէն։ Այսուհանդրձ, հոգեւոր խօսակցութիւնը  որ ունեցաւ իր աշակերտներուն հետ՝ յաւիտենական սիրոյ կը վերաբերէր։ Ան կ’ակնարկէր իր զաւակներուն յաւիտենական կեանքին։ Անոնց կը յիշեցնէր թէ այս կեանքը եւ այս աշխարհը անցողական են։ Յիսուս՝ աւելի գիտակից այս յաւիտենականութեան հեռանկարին, կ’ըսէր.- «Հիմա որ ձեզի պիտի գամ այս աշխարհին վրայ, այսպէս կը խօսիմ որպէսզի իրենց մէջ ուրախութիւն ունենան»։ Յիսուս պիտի մեկնի այս աշխարհէն մահուան ճամբով, ինչպէս նաեւ յարութեան եւ համբարձման եւ Սուրբ Հոգիի գալստեան ճամբով։

Սուրբ Հոգիին միջոցաւ աշակերտները ընդունեցան առաքելութեան շնորհքը։ Անոնք մեզի կտակեցին աստուածային ուրախութիւնը  միշտ հաղորդակից ըլլալու  Եկեղեցւոյ նոր ուսուցումներուն ու խորհուրդներուն՝ մահուան , Սուրբ եւ Անմահ Զոհի ընթացքին, ուր նոր հաւատացեալները նո՛ր հաւատքով եւ նո՛ր շունչով կ’ընդունին Սուրբ Հաղորդութիւնը։ Մեծ է Հաւատքին խորհուրդը։

Հայր Աստուած կը փափաքի որ իր եւ այսօրուայ աշակերտները միացած մնան իր անունով, եւ ասոր համար Քրիստոս յաճախ կը կրկնէր.- «Ո՛վ Հայր» անունը, որովհետեւ միշտ միացած էր անոր հետ։ Ան ասոր փաստը կու տար ներկայանալով որպէս Աստուծոյ կենդանի որդին, ինչպէս նաեւ կու տար անտեսանելի պատկերը Աստուծոյ որպէսզի «Հայր Մեր որ յեկինս ես» անունը սուրբ ըլլայ (Մատթ. 9-10)։ Հոս է քահանայութեան բարեխօսութիւնը ուր Աստուծոյ արքայութիւնը մօտ է մեզի։

Աստուծոյ ողորմութիւնը այս իրոյ եւ միութեան մէջ կը կայանայ։ Ողորմութիւն բառը եբրայերէնով կը նշանակէ «Աստուած կը փրկէ», որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց իր ժողովուրդը որ իր միակ որդին ղրկեց զայն փրկելու եւ բոլորը հաւատան իր անունին եւ ունենան յաւիտենական կեանքը։

Մեր հաղորդութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ ողորմութեան որ մեզի հաղորդուեցաւ Եկեղեցւոյ միջոցաւ։ Այսպէսով եւ Սուրբ Պատարագին միջոցաւ Եստուած մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու սուրբ եւ մխրճուելու հոգեւոր կեանքին մէջ։ Հաղորդուելով Յիսուսի մարմնով՝  կը դառնանք Յիսուսի առաքելութեան ցոլացումը։

Յիսուսի աղօթքը մեզ կը պաշտպանէ չար ոգիներէ,  աշխարհի  ոխէն եւ գէշութենէն  որպէսզի սրբադասուինք եւ սրբադասուի այս աշխարհի ժողովուրդը։ Ասոր պարգեւած ուրախութիւնը պիտի ըլլայ մեր  վկայութիւնը Քրիստոսի Ողորմութեան։

Ո՛վ Յիսուս, ես քեզի կը վստահիմ։ Զօրացո՛ւր հաւատքս՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելով ամէն օր, որովհետեւ ասիկա միակ միջոցն է հետդ մնալու։

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2020, 09:01