Որոնել

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. 

Հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը. Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի շաբաթական հաղորդաշարը։

Ծէս բառը կը նշանակէ կարգ, կանոն, սովորութիւն: Ծէսին համազօր ունինք քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ գործածուած արարողութիւն բառը: Այսպէս ծէս կը նշանակէ աստուածպաշտութիւն, արարողութիւններու շարք և պաշտամունքի եղանակ կամ ձեւ:

Սիրելի ունկնդիրներ, Վատիկանի ռատիօժամէն  այսօրուընէ սկսեալ ձեզի պիտի ներկայացնենք, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի միաբան՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեանի պատրաստած հաղորդաշարը, որ կ'ընդգրկէ հայ եկեղեցւոյ ծէսը և ծիսակարգը: Սկսելով ծէս բառի բացատրութեամբ, հասնելով մինչեւ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսական կարգի կազմաւորումը պատմութեան ընթացքին:

Ունկնդրէ լուրը

Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան

Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր վանքէն կ'ողջունեմ ձեզ սիրելի ունկնդիրներ: Իմ ողջոյնի խօսքս կուղղեմ Վատիկանի հայկական ռատիօժամի տնօրէնութեան, որ գաղափարը յղացած է հայ եկեղեցւոյ ծէսին մասին հաղորդաշար ներկայացնել:

Այսպէս՝ իմ հաղորդաշարի առաջին նիւթը պիտի ըլլայ ներկայացնել ձեզի հայ  եկեղեցւոյ կեանքին հետ կապուած ծէսն ու ծիսական գիտելիքները:

Ծէս բառը կը նշանակէ կարգ, կանոն, սովորութիւն: Ծէսին համազօր ունինք քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ Հայրերուն կողմէ գործածուած արարողութիւն բառը: Այսպէս ծէս կը նշանակէ աստուածպաշտութիւն, արարողութիւններու շարք և պաշտամունքի եղանակ կամ ձեւ:

Եկեղեցին իր պաշտամունքը կը կատարէ, պատարագ կը մատուցանէ, ժամասացութիւն կ'ընէ, երեխայ կը մկրտէ, տօնախմբութիւններ կը կատարէ ծիսական կարգին համաձայն:

Անյիշատակ ժամանակներէն և հնադարեան շրջաններէն իսկ, ծէսն ու ծիսական արարողութիւնները մարդու կողմէ անմիջական միջոցներ եղած են հաւատքի արտայայտութեան:

Հաւատքի այս արտայայտութիւնները յաճախ կարեւոր մասը կազմած են բոլոր կրօններու. եւ ժողովուրդներ անտեսանելի աստուծոյ փառքը երգած են և զԱստուած փառաբանած են տեսանելի արարողութիւններով: Ուրեմն ծէսն ու ծիսակատարութիւնը զԱստուած պաշտելու հիմնական այն միջոցներն են, որ հաւատացեալը ներ հայեցողական խորասուզումով՝ աղօթքով, երգեցողութեամբ, մոմավառութեամբ և խնկարկութեամբ, Աստուծոյ ինքզինք դէմ յանդիման գտնուած է:

Ծէսը նաեւ կ'արտայայտէ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական մտածողութիւնը ու դաւանաբանական կեցուածքը քրիստոնէական հաւատքին առնչուած հարցերու և երեւոյթներու նկատմամբ:

Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին մասնակցութեամբ, հաւատացեալը թէ՛ իր քրիստոնէական հաւատքը կ'ապրի և թէ՛ ինքզինք անբաժան մասը կը նկատէ Եկեղեցւոյ համայնական կեանքին: Այս պատճառով՝ հին դարերէն սկսեալ ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը բերած է ծիսական արարողութիւններուն և հետեւաբար ծէսը իւրայատուկ դերակատարութիւն ունեցած է քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան ու տարածման մէջ:

Ս. Պատարագը ծիսակատարութեան հանդիսաւորումն է. Պատարագը կոչուած է նաեւ Գոհութեան Խորհուրդ. Ան Եկեղեցւոյ Խորհուրդներուն գագաթնակէտն ու ամենանուիրականն է: Ամենասրբազան արարողութիւնը, որովհետեւ անոր կեդրոնն ալ Ս. Հաղորդութիւնն է:  Ծիսակատարման մէջ կարեւոր տեղ ունի Աւետարանը, քարոզը, սաղմոսները, աղօթքները, շարականներն ու մեղեդիները:

Եկեղեցւոյ ծէսի կամ Աստուածապաշտութեան արարողակարգի հիմնական բաղկացուցիչ մասերն են. Ս. Խորհուրդները, ժամերգութիւնները, տօները և հոգեւոր, բարեպաշտական արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ մատաղ օրհնէք, տնօրհնէք:

Հայ Եկեղեցին քրիստոնեայ այլ եկեղեցիներու նման ունի ծիսական բազմազան արարողութիւններ և ազգային աւանդութիւններ, որոնք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի օրով յունական և ասորական խորք ունէին, սակայն  Ե. դարուն, Ս. Սահակի և Մեսրոպի և անոնց աշակերտներուն կողմէ հայերէնի թարգմանուեցան, տալով անոնց յաւելեալ հայկական դրոշմ: Ի դէպ՝ հետագայ դարերուն անոնք ճոխացան և բազմացան շնորհիւ հայ վարդապետներուն: Հայ Եկեղեցւոյ գործածած ծիսական մատեաններն են՝ Աւետարանը, Ժամագիրքը կամ Աղօթամատոյց, Խորհրդատետրը կամ Պատարագամատոյցը, Շարակնոցը, Ճաշոցը, Յայսմաւուրք, Գանձարան, Տօնացոյց և Մաշտոց: Չորս Աւետարանները ծիսական գիրքեր չեն, սակայն ժամանակի ընթացքին հայ եկեղեցւոյ ծիսական արարողութիւններուն մէկ կարեւոր մասը հանդիսացած են:

Ծէսի կամ Աստուածապաշտութեան արարողակարգի հիմնական բաղկացուցիչ մասերն են. Խորհուրդները, ժամերգութիւնները, տօները և հոգեւոր, բարեպաշտական արարողութիւնները:

Հայ Եկեղեցւոյ գործածած ծիսական մատեաններն են՝ Աւետարանը, Ժամագիրքը կամ Աղօթամատոյց, Խորհրդատետրը կամ Պատարագամատոյցը, Շարակնոցը, Ճաշոցը, Յայսմաւուրք, Գանձարան, Տօնացոյց և Մաշտոց: Չորս Աւետարանները ծիսական գիրքեր չեն, բայց ընթերցուածներու դասաւորումով ծիսականացած են:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2020, 06:57