Որոնել

Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին 

Կիրակի 10 Մարտ 2020 – 5-րդ Կիրակի Յինանց Տօն Երեւման Սրբոյ Խաչին (Յովհաննէս Է. 14-23)

Այսօրուայ աւետարանին մէջ' Յիսուս կու տայ փաստը իր վարդապետութեան ճշմարտութեան. ան պարզապէս կը յայտնէ թէ ինք իր անձնական փառքը չէ որ կը փնտռէ այլ կը փնտռէ փառքը Հօր Աստուծոյ, որ զինք աշխարհ ղրկած է եւ որ արարիչն է բոլոր արարածներուն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ով որ ինքիր փառքը կը փնտռէ` չի կրնար համոզիչ ըլլալ

Ահա վաղուընէ սկսեալ' պետութիւնը թոյլ կու տայ կամաց կամաց դուրս գալու տուներէն եւ մեր առօրեայ գործերով զբաղելու: Սակայն ուշադիր, տակաւին վերջնական յաղթանակ չի տարուեցաւ մեր աներեւոյթ թշնամիին’ քորոնավիրուսին դէմ. տակաւին ան դաւադրաբար կը սպասէ նոր պատերազմ մը մղելու մարդկութեան դէմ. ուստի միշտ զգոյշ ըլլանք ամէն տեղ եւ ամէն գործունէութեան մէջ:

Այսօրուայ աւետարանին մէջ' Յիսուս կու տայ փաստը իր վարդապետութեան ճշմարտութեան. ան պարզապէս կը յայտնէ թէ ինք իր անձնական փառքը չէ որ կը փնտռէ սիրոյ այս պատգամը հաղորդելով եւ անոր կից` բազմաթիւ հրաշքներ կատարելով, այլ կը փնտռէ փառքը Հօր Աստուծոյ, որ զինք աշխարհ ղրկած է եւ որ արարիչն է բոլոր արարածներուն։

Ամէն մարդ կը սիրէ պարծենալ իր գործերով. Բնական է որ հպարտանք զգանք մեր յաջողութիւններուն համար։ Այս աշխարհի վրայ դրուած ենք իւրաքանչիւրս պաշտօն մը կամ դեր մը կատարելու համար. Եւ որքան ուրախ կ՛ըլլանք երբ ի վերջոյ կ՛իրակա-նացնենք մեր ծրագրած բոլոր գործերը։ Ամէն անձ գոհունակութիւն կը զգայ երբ ամէն ինչ յաջող կ՛ընթանայ եւ օրուայ մը վերջը` կրնայ հանգիստ քուն մը քաշել, ապահով ըլլալով թէ իր պարտականութիւնը լաւագոյն կերպով կատարած է։ Նոյնը կը զգայ ամէն ընտանիքի հայր եւ մայր, որոնք ունին ծանր հոգն ու պատասխանատւութիւնը լաւագոյն կերպով կրթելու եւ դաստիարակելու իրենց զաւակները։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ յարմարագոյն կերպը յայտնելու մեր գոհունակութիւնը եւ միեւնոյն ատեն օգտակար նպատակի մը ծառայած ըլլալու: Ան կը կայանայ ամէն գործ Աստուծոյ փառքին համար կատարելուն մէջ։ Արդէն ինչ բարեմասնութիւն որ ունինք` ստացած ենք Արարիչէն, մեր խելքն ու կամքը, մեր բոլոր յատկութիւններն ու բարեմասնութիւնները աստուածատուր պարգեւներ են, որոնց համար յարատեւ շնորհակալութիւն յայտնելու ենք Տիրոջ եւ փառք ընծայելու իրեն։

Գործաւոր մը գործ մը կ'աշխատի որպէսզի իր օրապահիկը ապահովէ, դրամ շահի ու կարենայ հանգիստ ապրիլ եւ ընտանիքը ապրեցնել։ Ուրիշ գործաւոր մը միեւնոյն գործը կը կատարէ, նպատակ ունենալով սակայն իրականացնել գլուխ գործոց մը։ Իսկ երրորդ գործաւոր մը որ գիտէ թէ շէնքը որ կը շինուի պիտի ըլլայ եկեղեցի մը, կ՛աշխատի որպէսզի Աստուծոյ փառքը լաւագոյն կերպով երեւի յաջս բոլոր մարդկութեան եւ մանաւանդ անոնց որոնք պիտի գան մտնեն Աստուծոյ այս տունը, իրեն այօթելու համար։ Երեքն ալ նոյն գործը կը կատարեն, բայց երրորդին նպատակը վսեմագոյն է, որովհետեւ գերագոյն իրականութիւնն է եւ լաւագոյն կերպը պաշտամունք մատուցանելու Աստուծոյ. կատարել ամէն գործ Տիրոջ մեծագոյն փառքին համար։

Յիսուս Աստուած է, եւ իր Հօր նոյն բնութիւնն ունի. Հակառակ ասոր չուզեց երբեք պարծենալ ինք իր անձով այլ ամէն ինչ վերագրեց իր Հօր, որ զինք աշխարհ ղրկեց իրագործելու իր ի յաւիտենից կանխամտածուած ծրագիրը մարդկութեան ի նպաստ։

Մենք եւս, սիրելի հաւատացեալներ, ամէն գործի մէջ տեսնենք Աստուծոյ ծրագիրը, որպէսզի նոյնիսկ երբ այդ գործը իրականացնենք մեր անձնական ջանքերով, արժանիքն ու պատիւը միշտ վերագրենք Աստուծոյ, որ մեզ ստեղծած է, մեզի խոնարհաբար միայն վերապահելով գոհունակութիւնը աշխատելու Աստուծոյ փառքին համար. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2020, 08:03