Որոնել

Կարդինալ Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ Կարդինալ Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ 

Քաղդէացիներու Պատրիարք կարդինալ Ռաֆայէլ Լ. Սաքոյի հարցազրոյցը Վատիկան Նիւզ-ի հետ։

«Երկրի միասնութիւնը, ազգային զօրակցութիւնը թանկ են, եւ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհականներ պէտք է աշխատին զայն կառուցանելու։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քաղդէացիներու Պատրիարք, կարդինալ Լ. Ռաֆայէլ  Սաքօ, Վատիկան նիւզ-ի հետ ունեցած հարազրոյցի մը ընթացքին  անդրադառնալով Իրաքի քաղաքական իրավիճավին յայտնած է  թէ վերջին վեց ամիսներուն Իրաքը անցուցած էր քաղաքական ճգնաժամ, որուն հետեւանքով վարչապետ Ապտուլ Մահտի հրաժարած էր։ Վերջապէս խորհրդարանը ընտրած է 53-ամեայ լրագրող եւ ղեկավար Իրաքի գաղտնի սպասարկութիւններու Մուսթաֆա ալ-Գատիմին իբր նոր վարչապետ։ Վստահութիւն տրուած է նաեւ 15 նախարարներու։ Սակայն պէտք է տակաւին լրացուին նաւթային բաժնի եւ արտաքին գործերու առանցքային դիրքերը։

Ունկնդրէ լուրը

Իրաքի համար ծանր ձմեռն մըն էր, որուն հետեւած էր քորոնայի համաճարակը որ երկրին մէջ ցարդ խլած է 102 կեանքեր, մինչ վարակուածներու թիւը կը հասնի 3000ի։ Փետրուար ամսոյն, նախագահ Պարհամ Սալիհ իբր վարչապետ նշանակած էր Մուհամմատ Ալլաուին, որ սակայն չէր կրցած ձեռք բերել շիա իսլամներու եւ անոնց առընչուած զինեալներու աջակցութիւնը։ Մարտ ամսոյն պաշտօնը տրուած էր Ատնան Զուրֆիի, որ նոյնպէս չէր հանգած որեւէ արդիւնքի։ Եւ վերջապէս պաշտօնը կը յանձնուէր ալ-Գատիմիի, որ թուիթով յատարարած է. «Իմ կառավարութեանս առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Իրաքի ապահովութիւնը, ինքնիշխանութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը։»

Պատրիարք Սաքօ ըսած է, «Իրաքի համար նոր հանգրուանի մը սկիզբի մէջն ենք», այս նոր կառավարութիւնը «մեզի բոլորիս համար յոյս մըն է»։ Մէկ շաբաթ առաջ Պատրիարքը կոչ ուղղած էր ազգային նոր գործադիր մարմնին, նշելով որ քաղաքական գործիչները ըլլան «ազնուութիւն, հայրենասիրութիւն, արդարութիւն եւ նուիրում», հեռու՝ «անձնական հաւակնութիւններէ» եւ որոնք գիտնան, թէ պէտք է ամէն ջանք գործադրել «վերակենդանացնելու երկիրը եւ նուիրուիլ անոր զաւակներու ծառայութեան»։ «Սա երազանք մըն է, սակայն յոյս ունինք որ կ՚իրականանայ»։

Պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօ՞ք այդ երազանքի յոյսը տակաւին կենդանի է, Պատրիարք Սաքօ պատասխանած է դրական կերպով, ընդգծելով, թէ ալ-Գատիմի «ազնիւ մարդ մըն է, որ չէ կապուած որեւէ քաղաքական կուսակցութեան», եւ որուն հետ ինք միշտ լաւ երկխօսութեան մէջ եղած է։

Ներկայիս ալ-Գատիմիի կառավարութեան մէջ ոչ մէկ քրիստոնեայ կայ։ Հակառակ ասոր քրիստոնեաներու դերը Իրաքի մէջ կը մնայ էական եւ արժէքաւոր։ Պատրիարք Սաքօ կ՚աւելցնէ, թէ «Իրաքի շատ մը քաղաքացիներ մեզի կու գան խօսելու, մեզմէ կը խնդրեն տեսութիւն մը եւ կը գնահատեն մեր դիրքերը»։ «Երկրի միասնութիւնը, ազգային զօրակցութիւնը թանկ են, եւ նաեւ քրիստոնեայ աշխարհականներ պէտք է աշխատին զայն կառուցանելու։ Պէտք է ընդունինք, որ կաշառակերութիւնը գոյութիւն ունի նաեւ մեր համայնքին մէջ, սակայն մեր պարտականութիւնը պէտք չէ նուազի այդ պատճառով»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2020, 06:50