Որոնել

Տիրամօր սրբապատկեր Տիրամօր սրբապատկեր 

«Ո՞վ է Սուրբ Կոյսը մեզի համար։» Արհ. Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը։

Եկեղեցին այս օրերուն կը նշէ Հոգեգալստեան տօնը, ուր Մարիամ ներկայ է սրտին մէջ այն մարդոց որոնք կը սպասէին նոր առաքելութեան։ Մարիամ մեզի կը յիշեցնէ Կանայի մէջ ունեցած դերը, որով ան շեշտելով խնդրեց աշակերտներէն եւ քաջալերեց զանոնք որպէսզի քաջութիւնը ունենան ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ քարոզելու Յարութեան, Համբարձման եւ Հոգեգալստեան առաքելութեան նոր շրջանը։

Շատերուն համար՝ Սուրբ Կոյսը շատ սիրալիր ու քաղցրաբարոյ օրիորդ մը կամ աննման տիկին մըն է, որովհետեւ նախ եւ առաջ ինչպէս կը սիրէ կոչել ժողովուրդը՝ մեզմէ է, մեր հողէն, եւ մեր անուշաբոյր հողմէն՝ որ բարի եղած է, ապա որովհետեւ Աստուած ստեղծեց զինք՝ ունենալու համար մաքրամաքուր,  լուսափայլ եւ սուրբ կոյս մը՝ որուն ձեռքերուն մէջ պիտի դնէր համայն մարդկութիւնը։  Ան համակ սէր է եւ մարդկայնութիւն. Կին մը՝ որ երբեք չի  նմանիր միւս կիներուն եւ ոչ ալ աշխարհ պիտի ունենայ ուրիշ մը իրեն նման։

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին օրէն ան գիտցաւ իր գեղեցկութեամբ եւ արժանապատուութեամբ բացուիլ Աստուծոյ խորհուրդին եւ  մտածելով ու խոկալով  Աստուծոյ հոգիի մասին՝ գիտցաւ ընդունիլ անկարելին եւ ամենագաղտնի ապագան։

Մինչեւ այսօր, Աւետման խորհուրդը շատ մը աստուածաբաններուն համար կը մնայ անհասկնալի արարք մը, որով աղջնակ մը կրցաւ հասկնալ եւ ընդունիլ Աստուծոյ կամքը,  անոր մէջ տեսնելով իր աստուածամայրութիւնը։ Այս համեստ աղջիկը ճանչցուած էր իր ընկերուհիներէն եւ դրացիներէն, սակայն ոչ ոք կը սպասէր իրմէ այն «ԱՅՈ»ն որ յեղաշրջեց հին եւ նոր կտակարանին մարդկութիւնը։

Ինծի եւ ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ համար կարեւոր կը մնայ Սուրբ Կոյսին դերը յետ Յարութեան, երբ իր որդւոյն խաչին  ստորոտին կանգնած կը սպասէր յարութեան ուրախութեան։

 «Երանի անոնց որոնք առանց տեսնելու կը հաւատան» (Յովհ. 20, 29)։

Եկեղեցին այս օրերուն կը նշէ Հոգեգալստեան տօնը, ուր  Մարիամ ներկայ է սրտին մէջ այն մարդոց որոնք կը սպասէին նոր առաքելութեան։ Մարիամ մեզի կը յիշեցնէ Կանայի մէջ ունեցած դերը,  որով ան շեշտելով խնդրեց  աշակերտներէն եւ քաջալերեց  զանոնք որպէսզի քաջութիւնը ունենան ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ քարոզելու Յարութեան, Համբարձման եւ Հոգեգալստեան առաքելութեան նոր շրջանը։

Սուրբ Կոյսը դարձաւ այն հոգեւոր ղեկավարը որ կը տեսնէ, կը նախատեսէ եւ պէտք եղածը կու տայ։ Ան եղաւ այն իսկական մայրը եւ հովուապետը որ կ’ընդունի նոր հաւատացեալները, ուշադրութեամբ ու համբերութեամբ մտիկ ընելով զանոնք, որովհետեւ բաժնեկից պիտի ըլլան մեր նոր հաւատքին,  նոր ուրախութիւններուն եւ յոգնութիւններուն։  Տեւապէս պէտք ունինք Իրեն, որպէսզի մխիթարէ մեզ, ուղղէ ու սրբագրէ…։ Ինքն է «Դուռն Երկնից»։

Եկեղեցին մեզի կ’ուսուցանէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքները եւ խորհուրդները՝ ուրախութեան, տրտմութեան, փառաբանութեան եւ Լոյսի, որպէսզի անոնց ընդմէջէն ապրինք  իր կեանքը, մեզի սորվեցնէ Յիսուսի սիրոյ արուեստը, եւ այս կերպով երբ աղօթենք մեր ամենօրեայ աղօթքները՝ մեր առջեւ կը բացուին զանազան գոյները եւ  վայելքը մեր հոգեւոր կեանքին։ Անոնց ընդմէջէն կը տեսնենք  իր կեանքին պայծառափայլ ձեւերը՝ որոնք դրոշմուած են Աստուծմէ իրեն տրուած սիրով որ է մեծագոյն շնորհքը։

Սուրբ Կոյսը յատկանշող այս գեղեցիկ պատկերներէն վեր առնենք հետեւեալ մի քանի օրինակները։

Սուրբ Կոյսը օրինակ է սրբակենցաղ կիներուն՝ որոնք պատրաստ են ընդունելու կեանքը իր գեղեցկութեամբ,  իր դառն եւ ուրախ կողմերով։

Սուրբ Կոյսը օրինակ է Աստուածային կամքին հնազանդութեան։ Յիշենք թէ մեր կեանքին մէջ քանի՜ անգամներ փորձած ենք  Աստուծոյ կամքը մերժել մեր դժուարահաճ մտածողութեան եւ հաւատքի տկարութեան պատճառով։

Սուրբ Կոյսը օրինակ է  աղօթասէր հաւատացեալին, որովհետեւ  Ան Սբ. Հոգիին ներշնչումով ապրեցաւ  ըլլալու համար «Հարսը Երկնից»։  Մեզմէ կը խնդրուի մտնել իր հոգեւոր դպրոցը, բանալ մեր սրտերը Աստուծոյ արքայութեան եւ իրեն նման ըլլալ «Առաւօտ Լուսոյ»  մը  մարդկային խաւարին մէջ։

Սուրբ Կոյսը իր որդւոյն պէս եղաւ  կապը  երկինքի եւ երկրի միջեւ։ Խնդրելու ենք իրմէ Նոր Յոյսի շնորհքը Նոր Եկեղեցւոյ մէջ մտնելու եւ ծառայելու։

Եւ վերջապէս մեր տան դռները բանանք Սուրբ Կոյսին առջեւ, առնենք զինք մեր տունէն ներս, ապրինք իր հետ,  այնպէս ինչպէս ըրաւ Յովհաննէս առաքեալը՝ ապրելու համար Սբ. Երրորդութեան միութիւնը։

Ամէն։

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 09:06