Որոնել

Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի  

Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը մեկուսացման ժամանակ գաղտնի աշխատած է հիւանդանոցի մէջ

«Մեկուսացում յայտարարուելէն ի վեր Ճասթըն արք. Ուելպը կամաւոր աշխատած է «Սէյնթ Թամըս» հիւանդանոցին մէջ` աղօթելով հիւանդներուն եւ մահացածներուն համար», յայտնած է լաւատեղեակ աղբիւրը:

Անկլիքան եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ, Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպի Բրիտանիոյ մէջ յայտարարուած մեկուսացման դրութեան ժամանակ գաղտնի աշխատած է Լոնտոնի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Այս մասին կը գրէ «Էքսփրես»-ը:

Ունկնդրէ լուրը

64 տարեկան հոգեւորականը յատուկ դասընթացքներ առած է անհատական պաշտպանութեան միջոցները ճիշդ կրելու եւ վարակուած մարդոց հետ հաղորդակցելու համար:

Այնուհետեւ ան կամաւոր աշխատանքի անցած է իր նստավայրէն ոչ հեռու եղող Թեմզ գետի հարաւային ափին վրայ գտնուող «Սէյնթ Թամըս» հիւանդանոցին մէջ, ուր մէկ շաբաթ բուժում ստացած է նաեւ «Քորոնա» ժահրով վարակուած Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսընը: Կը նշուի, որ արքեպիսկոպոսը հիւանդանոցին մէջ վարչապետի հետ հաղորդակցութիւն չէ ունեցած:

«Մեկուսացում յայտարարուելէն ի վեր Ճասթըն արք. Ուելպը կամաւոր աշխատած է «Սէյնթ Թամըս» հիւանդանոցին մէջ` աղօթելով հիւանդներուն եւ մահացածներուն համար», յայտնած է լաւատեղեակ աղբիւրը:

Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պատճառով Բրիտանիոյ եկեղեցիները փակուած էին մարտի կէսերուն: Տաճարներուն մէջ ժամերգութիւնները կը նախատեսուի վերսկսիլ միայն յուլիսին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/05/2020, 08:40