Որոնել

Երուսաղեմի Լատիններուն առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Փիցապալլա Երուսաղեմի Լատիններուն առաքելական կառավարիչ գերապայծառ Փիցապալլա 

Երուսաղեմի Լատիններուն առաքելական կառավարիչի կոչը . հազարաւոր դպրոցականներ վտանգուած են։

Առանց նիւթական օգնութեան, Երուսաղեմի եւ Յորդանանի մէջ լատիններուն պատիրարքութեան բազմաթիւ վարժարաններու դռները փակ պիտի մնան։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յորդանանի եւ Պաղեստինի մէջ Լատիններուն Պատրիարքութեան պատկան 32 դպրոցներ յաճախող  12 հազար աշակերտներու ընտանիքներ ծանր նիւթական տագնապի մատնուած են պսակաձեւ ժահրի քայքայիչ հետեւանքներուն պատճառով։

Ունկնդրէ լուրը

Կարիքը կայ անմիջական օգնութիւններուն՝ խուսափելու համար դպրոցներուն դռներու վերջնական փակումէն  նիւթական տագնապի պատճառաւ։ Այս մասին հաղորդեց Երուսաղեմի Լատիններուն Պատրիարքութեան տեղակալ  եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Ճաչինթօ Պուլոս Մարքուցօ, Վատիկան Նիւզի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։


Երուսաղեմի Լատիններու Պատրիարքութեան կառավարիչը, գերապայծառ Փիերպաթիսթա Փիցապալլա կոչ ըրած է օգնելու համար Պատրիարքութեան դպրոցները յաճախող աշակերտներու  ընտանիքներու, որպէսզի անոնք կարենան դէմ յանդիման գալ իրենց զաւակներուն կրթական պահանջներուն։

«Համաճարակի հետեւանքները ծանր պայմաններ ստեղծեց համայն աշխարհի մէջ։ Պաղեստինի եւ Յորդանանի մէջ հազարաւոր ընտանիքներ՝ անգործութեան պատճառաւ  նիւթական օգնութեան կարիքը ունին՝ յագեցնելու համար իրենց առօրեայ կեանքի պահանջները։  Ըսած է կոչին մէջ երուսաղեմի լատիններու պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 08:45