Որոնել

Քորոնաժահր. Տառապող Եկեղեցւոյ  օգնութիւն հիմնարկը օգնութեան կը հասնի  Սուրիացի Քրիստոնեայ ընտանիքներուն։ Քորոնաժահր. Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը օգնութեան կը հասնի Սուրիացի Քրիստոնեայ ընտանիքներուն։  

Քորոնաժահր. Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկը օգնութեան կը հասնի աւելի 20 հազար Սուրիացի Քրիստոնեայ ընտանիքներուն։

Օժանդակութեան ծրագրի ընդհանուր արժէքը կը գերազանցէ կէս միլիոն եւրօն ու կը ներառէ եօթը յատուկ ծրագիրներ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը Քորոնա ժահրի բերումով ստեղծուած համաշխարհային տագնապին եւ անոր ժխտական հետեւանքներուն ի տես, որոշած է օգնութեան հասնիլ Սուրիոյ մէջ ապրող 20.550 քրիստոնեայ ընտանիքներուն, ըլլան անոնք կաթողիկէ, օրթոտոքս կամ բողոքական, որոնք կը գտնուին ու կը դիմագրաւեն ծանր ու բարդ իրավիճակ մը։

Օժանդակութեան ծրագիրին ընդհանուր արժէքը կը գերազանցէ կէս միլիոն եւրօն ու կը ներառէ եօթը յատուկ ծրագիրներ, որոնցմէ պիտի օգտուին այն ընտանիքները, որոնք կը բնակին պատերազմի թիրախ շըջաններուն մէջ, որոնց շարքին 6.190 ընտանիք Հալէպէն, 7.680 ընտանիք Հոմս քաղաքէն եւ 400 ընտանիք Հասսաքէի եւ Քամիշլիէի քաղաքներէն։

Իւրաքանչիւր ընտանիքին պիտի երաշխաւորուի 25 եւրօ գումար որ պիտի ծառայէ սննդեղէնի ու քորոնավիրուսէն պաշտպանուելու համար առողջապահական հիմնական պարագաներու գնումին համար։

«Մի գուցէ թուի որ գումարը մեծ բան չէ, սակայն ան սուրիացի միջին ընտանիքի մը ամսուայ եկամուտի 50 տոկոսն է» յայտարարած է այս առթիւ Թոմաս Հէյն Կելտեմը՝ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն հիմնարկի գործադիր նախագահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2020, 06:36